ՈՎՍԵԱՅ 2
2
ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԳՈՄԵՐԸ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
1Ձեր եղբայրներուն #2:1 Այսինքն, իմ ժողովուրդսԱմմի,
Ու ձեր քոյրերուն #2:1 Այսինքն, ողորմեալՐուհամա ըսէք։
2Վիճեցէ՛ք ձեր մօրը հետ, վիճեցէք,
Քանզի անիկա իմ կինս չէ
Ու ես անոր այրը չեմ։
Անիկա իր երեսէն իր պոռնկութիւնները
Ու իր ծիծերուն մէջէն իր շնութիւնները թող վերցնէ,
3Որ չըլլայ թէ զանիկա մերկացնեմ,
Զանիկա իր ծննդեան օրուանը պէս թողում,
Զանիկա անապատի դարձնեմ,
Զանիկա անջուր երկրի պէս ընեմ,
Զանիկա ծարաւով մեռցնեմ։
4Անոր որդիներուն ողորմութիւն պիտի չընեմ,
Քանզի անոնք պոռնկութեան որդիներ են։
5Անոնց մայրը պոռնկութիւն ըրաւ,
Զանոնք յղացողը խայտառակութիւն գործեց։
Վասն զի ըսաւ. «Իմ տարփածուներուս ետեւէն երթամ,
Որոնք իմ հացս ու ջուրս, բուրդս ու քթանս,
Իւղս ու խմելիքներս ինծի կու տան»։
6Անոր համար ահա ես փուշերով ցանկ պիտի քաշեմ #2:6 Եբր., քու ճամբուդանոր ճամբուն՝ ՝
Ու անոր բոլորտիքը պատ պիտի շինեմ,
Որպէս զի իր ճամբաները չկրնայ գտնել։
7Եւ անիկա իր տարփածուներուն ետեւէն պիտի երթայ, բայց անոնց պիտի չհասնի։
Զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չկրնայ գտնել։
Այն ատեն պիտի ըսէ. «Երթամ իմ առաջուան էրկանս,
Քանզի այն ատեն հիմակուընէ աղէկ վիճակի մէջ էի»։
8Եւ մայրդ չգիտցաւ թէ ցորենն ու գինին ու իւղը ես իրեն կու տայի
Եւ իրեն արծաթն ու ոսկին ես կը շատցնէի,
Որոնցմով անոնք Բահաղի Կուռքեր շինեցին։
9Անոր համար պիտի դառնամ ու իմ ցորենս իր եղանակին մէջ
Ու իմ գինիս իր որոշ ժամանակին մէջ պիտի առնեմ
Եւ անոր մերկութիւնը ծածկող բուրդս ու քթանս ետ պիտի առնեմ։
10Հիմա անոր տարփածուներուն առջեւ
Անոր անզգամութիւնը պիտի յայտնեմ։
Մարդ պիտի չգտնուի, որ զանիկա իմ ձեռքէս ազատէ։
11Անոր բոլոր ուրախութիւնը,
Անոր տօները, ամսագլուխներն ու շաբաթները
Եւ բոլոր հանդիսաւոր օրերը պիտի խափանեմ։
12Պիտի աւերեմ անոր որթատունկերն ու թզենիները,
Որոնց համար կ’ըսէր թէ ‘Ասոնք տարփածուներուս ինծի տուած պարգեւներն են’,
Եւ անտառի պիտի դարձնեմ զանոնք
Ու դաշտի գազանները պիտի ուտեն զանոնք։
13Զանիկա պիտի պատժեմ այն օրերուն համար,
Որոնց մէջ անիկա Բահաղիմներուն խունկ կը ծխէր,
Իր օղերովն ու մանեակներովը կը զարդարուէր
Եւ իր տարփածուներուն ետեւէն կ’երթար
Ու զիս մոռցեր էր», կ’ըսէ Տէրը։
ՏԷՐՈՋԸ ՍԷՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
14«Անոր համար ահա ես զանիկա պիտի հրապուրեմ,
Զանիկա անապատը պիտի տանիմ,
Անոր սրտին պէս պիտի խօսիմ։
15Անկէ անոր այգիները
Աքովրի ձորը յոյսի դրան համար անոր պիտի տամ,
Հոն իր մանկութեան օրերուն պէս,
Եգիպտոսի երկրէն ելած օրուանը պէս երգեր պիտի երգէ։
16Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,
Զիս ‘Իմ այրս’ պիտի կոչես,
Ու անգամ մըն ալ զիս ‘Իմ #2:16 Այսինքն, տէրսԲահաղս’ պիտի չկոչես։
17Անոր բերնէն Բահաղամի անունները պիտի ջնջեմ
Ու անոնք անգամ մըն ալ իրենց անուններովը պիտի չյիշուին։
18Անոնց համար այն օրը՝
Դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ
Ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։
Երկրէն աղեղը, սուրն ու պատերազմը պիտի վերցնեմ,
Զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ։
19Քեզ յաւիտեան ինծի պիտի նշանեմ.
Քեզ արդարութիւնով, իրաւունքով,
Ողորմութիւնով ու գթութիւնով ինծի պիտի նշանեմ.
20Այո՛, քեզ ճշմարտութիւնով ինծի պիտի նշանեմ
Ու Տէրը պիտի ճանչնաս։
21Եւ ‘Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, պատասխան պիտի տամ,
Ես երկինքներուն պատասխան պիտի տամ
Ու անոնք երկրին պատասխան պիտի տան
22Ու երկիրը ցորենին, գինիին ու իւղին պատասխան պիտի տայ։
Անոնք #2:22 Այսինքն, Աստուծոյ սերմանածինՅեզրայէլին պատասխան պիտի տան։
23Զանիկա ինծի համար երկրի վրայ պիտի սերմանեմ
Ու «Չողորմեալին» պիտի ողորմիմ
Եւ իմ ժողովուրդս չեղողին՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’, պիտի ըսեմ.
Ան ալ ինծի՝ ‘Իմ Աստուածս ես’, պիտի ըսէ’»։
Currently Selected:
ՈՎՍԵԱՅ 2: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.