ԾՆՆԴՈՑ 50
50
1Յովսէփ իր հօրը երեսին վրայ ինկաւ ու լացաւ եւ համբուրեց զանիկա։ 2Յովսէփ իր բժիշկ ծառաներուն հրամայեց, որ իր հայրը զմռսեն։ Եւ բժիշկները զմռսեցին Իսրայէլը։ 3Եւ անոր քառասուն օրը լմնցաւ. վասն զի զմռսուածներուն օրերը այսպէս կը լմննային։ Եգիպտացիք անոր համար եօթանասուն օր սուգ ըրին։ 4Երբ անոր սուգին օրերը լմնցան, Յովսէփ խօսեցաւ Փարաւոնին տանը՝ ըսելով. «Եթէ հիմա ձեր առջեւ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ ձեզի, Փարաւոնին ականջին խօսեցէք եւ ըսէք. 5‘Իմ հայրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Ահա ես կը մեռնիմ. իմ գերեզմանիս մէջ, որ ես ինծի համար Քանանի երկրին մէջ փորեցի, զիս հոն թաղես»’ եւ հիմա շնորհք ըրէ, իմ հայրս թաղելու ելլեմ ու նորէն գամ»։ 6Փարաւոն ըսաւ. «Ելիր ու թաղէ քու հայրդ, ինչպէս անիկա քեզի երդում ընել տուաւ»։
7Յովսէփ իր հայրը թաղելու ելաւ եւ Փարաւոնին բոլոր ծառաները, անոր տանը ծերերը ու Եգիպտոսի բոլոր ծերերը անոր հետ ելան։ 8Նաեւ Յովսէփին բոլոր տունը ու անոր եղբայրները եւ անոր հօրը տունը. միայն իրենց ընտանիքները ու իրենց հօտերը եւ իրենց արջառները Գեսեմի մէջ թողուցին։ 9Անոր հետ կառքեր ու ձիաւորներ ելան ու շատ մեծ բանակ մը եղաւ։ 10Եկան Ատադի կալը, որ Յորդանանի անդիի կողմն է. հոն մեծ ու խիստ սաստիկ լացով մը ողբացին եւ իր հօրը համար եօթը օր սուգ ըրաւ։ 11Այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները, երբ տեսան Ատադի կալին մէջ սուգին հանդէսը, ըսին. «Այս մեծ սուգ մը ըլլալու է Եգիպտացիներուն»։ Անոր համար անոր անունը #50:11 Այսինքն, սուգ ԵգիպտացիներուԱբէլմիսրաիմ դրին, որ Յորդանանի անդիի կողմն է։ 12Յակոբին որդիները ըրին անոր՝ ինչպէս պատուիրեր էր։ 13Եւ անոր որդիները Քանանի երկիրը տարին զանիկա ու թաղեցին զանիկա Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ Աբրահամ գերեզմանի կալուածքի համար ծախու առաւ արտին հետ մէկտեղ Քետացի Եփրոնէն։ 14Յովսէփ իր հայրը թաղելէն յետոյ Եգիպտոս դարձաւ, ինք ու իր եղբայրները եւ այն ամէնքը որ իրեն հետ իր հայրը թաղելու ելան։
ՅՈՎՍԷՓ ԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ Կ’ԱՊԱՀՈՎՑՆԷ
15Յովսէփին եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը մեռաւ, ըսին իրենց մէջ. «Գուցէ Յովսէփ ոխ պահելով՝ պիտի հատուցանէ մեզի այն ամէն չարիքը որ ըրինք իրեն»։ 16Ուստի Յովսէփին պատգամաւոր ղրկեցին՝ ըսելով. «Քու հայրդ մեռնելէն առաջ պատուիրեց մեզի ու ըսաւ. «Յովսէփին այսպէս ըսէք. 17‘Հիմա շնորհք ըրէ, քու եղբայրներուդ յանցանքը ու անոնց մեղքը ներէ, վասն զի քեզի չարութիւն ըրին’ եւ հիմա կ’աղաչենք քեզի, քու հօրդ Աստուծոյն ծառաներուն յանցանքը ներէ»։ Եւ Յովսէփ լացաւ, երբ անոնք խօսեցան իրեն։ 18Անոր եղբայրներն ալ գացին եւ անոր առջեւ ինկան ու ըսին. «Ահա մենք քու ծառաներդ ենք»։ 19Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, միթէ ես Աստուծոյ տեղն եմ 20Եւ թէպէտ դուք ինծի դէմ չարութիւն խորհեցաք, բայց Աստուած զայն աղէկի դարձնել խորհեցաւ. այնպէս որ այս օրուան եղածին պէս՝ շատ ժողովուրդ ապրեցնէ։ 21Հիմա մի՛ վախնաք, ես ձեզ ու ձեր ընտանիքները պիտի կերակրեմ»։ Այսպէս մխիթարեց զանոնք #50:21 Եբր., անոնց սրտինքաղցրութեամբ խօսելով։
ՅՈՎՍԷՓԻՆ ՄԱՀԸ
22Յովսէփ Եգիպտոս բնակեցաւ, ինք եւ իր հօրը տունը։ Յովսէփ հարիւր տասը տարի ապրեցաւ։ 23Յովսէփ Եփրեմին որդիները մինչեւ երրորդ սերունդը տեսաւ եւ Մանասէին որդիին Մաքիրի որդիներն ալ Յովսէփին ծունկերուն վրայ ծնան։
24Եւ Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ահա ես կը մեռնիմ ու Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու ձեզ այս երկրէն պիտի հանէ դէպի այն երկիրը, որուն համար ինք երդում ըրաւ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին»։ 25Եւ Յովսէփ Իսրայէլի որդիներուն երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու իմ ոսկորներս ալ ասկէ հանեցէք»։ 26Յովսէփ հարիւր տասը տարեկան ըլլալով մեռաւ ու զմռսեցին զանիկա եւ տապանի մը մէջ դրին Եգիպտոսի մէջ։
Currently Selected:
ԾՆՆԴՈՑ 50: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.