ԾՆՆԴՈՑ 49
49
ՅԱԿՈԲԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ
1Յակոբ կանչեց իր որդիները ու ըսաւ. «Հաւաքուեցէք, որպէս զի ձեր գլխուն գալիքը պատմեմ ձեզի։
2Հաւաքուեցէք ու ականջ տուէք, ո՛վ Յակոբի որդիներ,
Ու ձեր հօրը Իսրայէլին մտիկ ըրէք։
3Ո՛վ Ռուբէն, իմ անդրանիկս,
Իմ ոյժս ու իմ զօրութեանս սկիզբը,
Յարգութեան կատարելութիւնը ու զօրութեան կատարելութիւնը դուն ես։
4Ջուրի պէս եռացիր, առաջին պիտի չըլլաս.
Վասն զի քու հօրդ անկողինը մտար.
Այն ատեն պղծեցիր զանիկա։ (Իմ անկողի՜նս մտաւ։)
5Շմաւոնն ու Ղեւին եղբայրներ են.
Սուրերնին անիրաւութեան գործիքներ են։
6Իմ հոգիս անոնց խորհուրդներուն մէջ թող չմտնէ,
Իմ պատիւս անոնց ժողովին հետ թող չմիանայ.
Վասն զի իրենց բարկութիւնով մարդ սպաննեցին
Եւ իրենց կամապաշտութիւնով ցուլի ջիղ կտրեցին։
7Անիծեա՛լ ըլլայ անոնց բարկութիւնը, վասն զի խիստ էր
Ու անոնց սրտմտութիւնը, վասն զի սաստիկ էր.
Զանոնք Յակոբին մէջ պիտի բաժնեմ
Ու զանոնք Իսրայէլին մէջ պիտի ցրուեմ։
8Ո՛վ Յուդա, քու եղբայրներդ քեզ պիտի գովեն.
Քու ձեռքդ քու թշնամիներուդ պարանոցին վրայ թող ըլլայ.
Քու հօրդ որդիները քեզի երկրպագութիւն թող ընեն։
9Յուդա առիւծի ձագ է.
Որդեա՛կ իմ, կողոպուտէն ելար։
Առիւծի պէս ծունկ կրկնեց, մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ.
Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։
10Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի,
Ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը,
Մինչեւ որ #49:10 Այսինքն, խաղաղը, կամ, որուն կը վայլէ։Սելովը գայ
Ու ժողովուրդները անոր հնազանդին.
11Իր աւանակը որթատունկին պիտի կապէ,
Ու իր էգ իշուն ձագը ամենէն աղէկ որթատունկին։
Իր պատմուճանը գինիով պիտի լուայ
Ու իր հանդերձը խաղողի արիւնով։
12Իր աչքերը գինիէն կարմիր
Ու իր ակռաները կաթէն ճերմակ պիտի ըլլան։
13Զաբուղոնը ծովուն եզերքը պիտի բնակի
Ու անիկա նաւերուն հանգիստը պիտի ըլլայ
Եւ անոր սահմանը մինչեւ Սիդոն պիտի հասնի։
14Իսաքարը ուժեղ էշ մըն է,
Որ գոմերուն մէջտեղ կը պառկի։
15Տեսնելով որ հանգստութիւնը աղէկ էր
Ու երկիրը՝ որ գեղեցիկ էր,
Իր ուսը բեռցնելու խոնարհեցուց
Ու հարկատու ծառայ եղաւ։
16Դանը իր ժողովուրդը պիտի դատէ,
Իսրայէլին ցեղերէն մէկուն պէս։
17Դան ճամբու վրայ օձ մը պիտի ըլլայ
Ու ճամբուն վրայ իժ մը,
Որ ձիուն գարշապարը կը խածնէ,
Այնպէս որ հեծեալը ետեւը կ’իյնայ։
18Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի։
19Գադին՝ գունդ մը վրան պիտի յարձակի։
Բայց վերջապէս ինք պիտի յարձակի։
20Ասերին հացը պարարտ պիտի ըլլայ.
Եւ ինք թագաւորին համադամ կերակուրներ պիտի տայ։
21Նեփթաղիմը գեղեցիկ խօսքեր տուող
Ազատ թողուած եղջերու մըն է։
22Յովսէփը պտղատու ոստ մըն է,
Աղբիւրին քով տնկուած պտղաբեր ոստ մը,
Որուն բողբոջները պատի վրայ կ’ելլեն.
23Աղեղնաւորները վշտացուցին զանիկա
Ու նետաձիգ եղան անոր ու ատեցին զանիկա.
24Բայց անոր աղեղը զօրաւոր մնաց
Եւ իր ձեռքերուն բազուկները ուժովցան,
Յակոբին հզօր Աստուծոյն ձեռքերովը։
Իսրայէլին վէմը եղող հովիւը անկէ է։
25 Ասիկա քու հօրդ Աստուծմէն է. որ քեզի պիտի օգնէ
Եւ Ամենակարողէն, որ քեզ պիտի օրհնէ,
Վերէն երկնքի օրհնութիւններովը,
Ծիծերուն ու արգանդին օրհնութիւններովը։
26Քու հօրդ օրհնութիւնները #49:26 Կամ, մշտնջենաւոր լեռներուն օրհնութիւններէն եւ յաւիտենական բլուրներուն վայելչութենէնիմ նախնիքներուս օրհնութիւններէն
Մինչեւ յաւիտենական բլուրներուն գագաթը՝ ՝ զօրացան.
Յովսէփին գլխուն վրայ պիտի ըլլան
Եւ անոր գագաթին վրայ, որ իր եղբայրներէն գերազանց է։
27Բենիամինը պատառող գայլ պիտի ըլլայ.
Առտուն որսը պիտի ուտէ
Եւ գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ»։
28Ասոնք ամէնքը Իսրայէլին տասներկու ցեղերն են եւ այս է՝ որ անոնց հայրը խօսեցաւ անոնց ու օրհնեց զանոնք։ Ամէն մէկուն օրհնութեանը պէս օրհնեց զանոնք 29Եւ պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Ես իմ ժողովուրդիս պիտի խառնուիմ. իմ հայրերուս հետ այն այրին մէջ թաղեցէք զիս, որ Քետացի Եփրոնին արտին մէջ է. 30Այն այրին մէջ, որ Քանանի երկիրը՝ Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին մէջ է, որ Աբրահամ արտին հետ մէկտեղ գերեզմանի կալուածքի համար Քետացի Եփրոնէն ծախու առաւ։ 31Աբրահամն ու անոր կինը Սառան հոն թաղեցին։ Իսահակն ու անոր կինը Ռեբեկան հոն թաղեցին. ես ալ Լիան հոն թաղեցի։ 32Այն արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն ծախու առնուեցան»։ 33Յակոբ, երբ լմնցուց իր որդիներուն պատուէր տալը, իր ոտքերը անկողնին մէջ հաւաքեց ու հոգին աւանդեց եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։
Currently Selected:
ԾՆՆԴՈՑ 49: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.