Բայց անոր աղեղը զօրաւոր մնաց
Եւ իր ձեռքերուն բազուկները ուժովցան,
Յակոբին հզօր Աստուծոյն ձեռքերովը։
Իսրայէլին վէմը եղող հովիւը անկէ է։
Ասիկա քու հօրդ Աստուծմէն է. որ քեզի պիտի օգնէ
Եւ Ամենակարողէն, որ քեզ պիտի օրհնէ,
Վերէն երկնքի օրհնութիւններովը,
Ծիծերուն ու արգանդին օրհնութիւններովը։