YouVersion Logo
Search Icon

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4

4
1Բայց այս կ’ըսեմ որչափ ժամանակ որ ժառանգորդը մանուկ է, ծառայէ տարբերութիւն չունի, թէեւ ամենուն տէրն է. 2Հապա խնամակալներու ու հոգաբարձուներու տակ է մինչեւ հօրը որոշած ժամանակը։ 3Նոյնպէս մենք ալ երբ մանուկ էինք, աշխարհի սկզբունքներուն տակ ծառայ էինք։ 4Բայց երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ եղաւ ու օրէնքի տակ մտաւ. 5Որպէս զի օրէնքի տակ եղողները փրկէ եւ որպէս զի մենք որդեգրութիւնը ընդունինք։ 6Որովհետեւ դուք որդիներ էք, Աստուած իր Որդիին Հոգին #4:6 Ոմանք, մերձեր սրտերուն մէջ ղրկեց, որ կ’աղաղակէ «Աբբա՛ Հայր»։ 7Ուստի ա՛լ ծառայ չես, հապա՝ որդի եւ եթէ որդի՝ ա՛լ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսով։
ՊՕՂՈՍԻՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
8Բայց այն ատեն որ չէիք ճանչնար Աստուած, կը ծառայէիք անոնց՝ որոնք ի բնէ աստուածներ չէին։ 9Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, մանաւանդ որ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել։ 10Օրերը կը զանազանէք ու ամիսները եւ ժամանակները ու տարիները։ 11Կը վախնամ թէ գուցէ պարապ տեղ ձեր վրայ աշխատած եմ։
12Ինծի պէս եղէք, վասն զի ես ալ ձեզի պէս եղայ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կ’աղաչեմ. դուք ինծի վնաս մը հասցուցած չէք։ 13Դուք գիտէք թէ առաջին անգամ մարմնիս տկարութիւնովը ձեզի աւետարանը քարոզեցի. բայց իմ մարմնիս վրայ կրած փորձութիւնս 14Չանարգեցիք ու չարհամարհեցիք, հապա Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս զիս ընդունեցիք՝ Քրիստոս Յիսուսին պէս։ 15Ուրեմն ի՞նչ բանի համար էր այն ձեր երանութիւնը. քանզի ես կը վկայեմ ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար, ձեր աչքերը պիտի հանէիք ու ինծի տայիք։ 16Ուստի ձեր թշնամի՞ն եղայ ձեզի ճշմարիտը խօսելուս համար։ 17Անոնք ձեր մասին հոգ կ’ընեն ո՛չ թէ բարիին համար, այլ կ’ուզեն ձեզ արգիլել, որպէս զի իրե՛նց մասին հոգ ընէք։ 18Սակայն աղէկ է ամէն ատեն բարիին նախանձախնդիր ըլլալ, ո՛չ թէ միայն երբ ձեր մէջ ըլլամ։ 19Իմ որդեակներս, ձեզմով նորէն ծննդական ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ Քրիստոս ձեր մէջ ձեւակերպուի։ 20Կ’ուզէի հիմա ձեր մէջ ներկայ ըլլալ ու փոխել իմ ձայնս. վասն զի ես ձեր վրայով տարակուսած եմ։
ՀԱԳԱՐԻՆ ԵՒ ՍԱՌԱՅԻՆ ՕՐԻՆԱԿԸ
21Ըսէ՛ք ինծի, դուք որ օրէնքին տակ կ’ուզէք ըլլալ, օրէնքը չէ՞ք լսեր։ 22Վասն զի գրուած է թէ Աբրահամ երկու որդի ունէր, մէկը՝ աղախինէն ու միւսը՝ ազատ կնոջմէն։ 23Բայց ան որ աղախինէն էր, մարմնի կողմանէ ծնած էր, իսկ ան որ ազատ կնոջմէն՝ խոստումին համեմատ։ 24Այս բաները այլաբանօրէն կը մեկնուին. վասն զի ասոնք են երկու կտակարանները, մէկը Սինա լեռնէն՝ որ ծառայութեան համար կը ծնանի, որ է Հագար. 25Վասն զի Հագար Արաբիոյ մէջ Սինա լեռն է եւ կը համեմատի հիմակուան Երուսաղէմին, որ իր զաւակներով մէկտեղ կը ծառայէ։ 26Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր #4:26 Ոմանք չունինամենուն մայրն է։
27Վասն զի գրուած է. «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան»։ 28Ուստի մենք, եղբայրներ, Իսահակին պէս խոստումի որդիներ ենք։ 29Բայց ինչպէս այն ատեն մարմնի կողմանէ ծնածը կը հալածէր զանիկա որ հոգիին կողմանէ էր, նոյնպէս ալ հիմա։ 30Բայց գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Դուրս հանէ այդ աղախինը ու անոր որդին, վասն զի աղախինին որդին ազատ կնոջը որդիին հետ ժառանգութիւն պիտի չառնէ»։ 31Ուստի, եղբա՛յրներ, մենք աղախինին զաւակները չենք, հապա՝ ազատին։

Currently Selected:

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy