YouVersion Logo
Search Icon

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 3

3
ՕՐԷ՞ՆՔ, ԹԷ ՀԱՒԱՏՔ
1Ո՜վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հրապուրեց#3:1 Ոմանք կ’աւելցնեն, ճշմարտութեանը չհնազանդիլ, որոնց աչքերուն առջեւ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջ խաչը ելած նկարագրուեցաւ։ 2Ասիկա միայն կ’ուզեմ ձեզի հարցնել. «Օրէնքին գործերո՞վը դուք Հոգին առիք՝ թէ հաւատքին լսելովը»։ 3Այդչափ անմի՞տ էք. հոգիով սկսաք ու հիմա մարմնո՞վ կը վերջացնէք։ 4Այնչափ դիպուածները պարապ տե՞ղ ձեր վրայէն անցան, (եթէ պարապ ըլլայ ալ)։ 5Ուստի ան որ ձեզի Հոգին բաշխեց եւ ձեր մէջ զօրութիւններ գործեց, օրէնքին գործերո՞վն էր՝ թէ հաւատքին լսելովը։ 6Ինչպէս Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու անոր արդարութիւն սեպուեցաւ։ 7Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ անոնք որ հաւատքէն են՝ անոնք են Աբրահամին որդիները։ 8Գիրքը նախապէս գիտնալով թէ Աստուած հեթանոսները հաւատքով կ’արդարացնէ, կանուխէն աւետիս տուաւ Աբրահամին՝ թէ «Քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»։ 9Ուստի անոնք որ հաւատքէն են, կ’օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամին հետ։ 10Վասն զի անոնք որ օրէնքին գործերէն են, անէծքի տակ են. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ ըլլայ ամէն մարդ՝ որ օրէնքին գրքին բոլոր գրածներուն մէջ չի կենար, որպէս զի զանոնք կատարէ»։ 11Եւ թէ օրէնքով մէ՛կը չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ, այդ յայտնի է. քանզի «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի»։ 12Բայց օրէնքը հաւատքէն չէ, հապա «Ան որ կը կատարէ այն բաները՝ անոնցմով պիտի ապրի»։ 13Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. (վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի».) 14Որպէս զի Աբրահամին օրհնութիւնը հեթանոսներուն վրայ ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով. որպէս զի մենք ալ հոգիին խոստումները առնենք հաւատքով։
ՕՐԷՆՔ ԵՒ ԽՈՍՏՈՒՄ
15Մարդու սովորութեան պէս կը խօսիմ, եղբա՛յրներ. իրաւ որ մարդու մը հաստատած կտակը մէ՛կը չի խափաներ, ո՛չ ալ անոր վրայ ուրիշ բան մը կ’աւելցնէ։ 16Արդ՝ խոստումները Աբրահամին ու անոր սերունդին եղան. քանզի չըսեր. «Եւ քու սերունդներուդ», որպէս թէ շատերու համար, հապա որպէս թէ մէկի համար «Եւ քու սերունդիդ», որ Քրիստոս է։ 17Բայց այս կ’ըսեմ. «Այն կտակը որ նախապէս Աստուծմէ հաստատուեցաւ Քրիստոսով, որով Օրէնքը որ չորս հարիւր երեսուն տարի յետոյ դրուեցաւ, չի կրնար անվաւեր դարձնել խոստումները եւ խափանել։ 18Վասն զի եթէ ժառանգութիւնը օրէնքէն ըլլայ, ուրեմն ա՛լ խոստումէն չըլլար. բայց Աստուած Աբրահամին խոստումով շնորհեց։
ՕՐԷՆՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
19Հապա ինչո՞ւ համար է օրէնքը։ Օրէնքը աւելցաւ յանցանքը յայտնելու համար, (մինչեւ գայ այն սերունդը՝ որուն խոստացուեր էր,) միջնորդի մը ձեռքով՝ հրեշտակներէ տրուած։ 20Բայց միջնորդը մէկի միջնորդ չէ. սակայն Աստուած մէկ է։ 21Ուրեմն օրէնքը հակառա՞կ բան մըն է Աստուծոյ խոստումներուն։ Քա՛ւ լիցի. քանզի եթէ տրուած ըլլար այնպիսի օրէնք մը, որ կարող ըլլար կենդանացնել, այն ատեն իրաւցընէ արդարութիւնը օրէնքէն կ’ըլլար։ 22Բայց գիրքը բոլոր աշխարհը մեղքի տակ կը ցուցնէ, որպէս զի խոստումը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքովը տրուի հաւատացեալներուն։ 23Բայց քանի որ հաւատքը չէր եկած, օրէնքին տակ գոցուած կը պահուէինք, սպասելով այն հաւատքին, որ պիտի յայտնուէր։ 24Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք։ 25Բայց երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք։ 26Վասն զի ամէնքդ ալ Աստուծոյ որդիներ էք, Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով։ 27Քանզի դուք ամէնքդ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստոսը վրանիդ հագաք. 28Այսուհետեւ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ ալ Յոյն. ո՛չ ծառայ կայ, ո՛չ ալ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ. վասն զի դուք ամէնքդ ալ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով։ 29Ապա եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ։

Currently Selected:

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 3: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy