YouVersion Logo
Search Icon

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5

5
ՊԱՀԵՑԷ՛Ք ՁԵՐ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
1Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք։ 2Ահա ես՝ Պօղոսս՝ կ’ըսեմ ձեզի. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ձեզի օգուտ մը չըներ»։ 3Դարձեալ ամէն թլփատուող մարդու կը յայտնեմ թէ պարտական է բոլոր օրէնքները կատարել։ 4Խափանուած էք Քրիստոսէն եւ շնորհքէն ինկած, եթէ օրէնքով կ’արդարանաք։ 5Վասն զի Հոգիով կը սպասենք արդարութեան յոյսին՝ հաւատքով։ 6Վանս զի Քրիստոս Յիսուսին քով ո՛չ թլփատութիւնը բանի մը կարող է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւատքը, որ սիրով կը գործադրուի։ 7Դուք աղէկ կը վազէիք. ո՞վ ձեզ ետ կեցուց՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդիք։ 8Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց։ 9Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։ 10Բայց ես յոյս ունիմ ձեր վրայ Տէրոջմով, որ ուրիշ կերպ բան պիտի չխորհիք։ Ան որ ձեզ կը խռովեցնէ, ինք դատապարտութիւն պիտի կրէ՝ ո՛վ որ ըլլայ։ 11Սակայն, եղբայրներ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ, ալ ինչո՞ւ կը հալածուիմ։ Ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը խափանուած է։ 12Երանի՜ թէ արմատէն կտրուէին անոնք, որ ձեզ կը խռովեցնեն։
13Վասն զի դուք ազատութեան կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմնի ցանկութիւններու պատճառ չըլլայ, հապա սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք։ 14Վասն զի բոլոր օրէնքը այս մէկ խօսքին մէջ կ’ամփոփուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ 15Ապա եթէ իրար խածնէք եւ ուտէք, զգոյշ կեցէք որ չըլլայ թէ իրար սպառէք։
ՀՈԳԻՆ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ
16Միայն թէ այս կ’ըսեմ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։ 17Վասն զի մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որ չըլլայ թէ ինչ որ ուզէք՝ այն ընէք։ 18Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ օրէնքին տակ չէք ըլլար։ 19Արդ մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, 20Կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, 21Չար նայուածքներ, մարդասպաննութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են. զոր հիմակուընէ ես ձեզի կ’ըսեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կ’ըսէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ 22Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, 23Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։ 24Անոնք որ Քրիստոսիններն են՝ իրենց մարմինը խաչը կը հանեն բնական կրքերով ու ցանկութիւններով մէկտեղ։ 25Հոգիով ապրինք, Հոգիին համեմատ քալենք։ 26Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով։

Currently Selected:

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy