Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 7

7
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԱԽՃԱՆԸ ՄՕՏ Է
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, մտի՛կ ըրէ.
Տէր Եհովան Իսրայէլի երկրին համար այսպէս կ’ըսէ.
‘Վախճանը, երկրին չորս կողմին վրայ վախճանը հասեր է։
3Հիմա քու վրադ վախճանը կու գայ
Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի ղրկեմ
Եւ քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ
Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։
4Իմ աչքս քեզի պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ.
Հապա քու ճամբաներդ քու վրադ պիտի դնեմ
Եւ քու պղծութիւններդ քու վրադ պիտի ըլլան
Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։
5Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Չարիք մը, ահա չարիք մը կու գայ։
6Վախճանը կու գայ, վախճանը կու գայ։
Քեզի դէմ արթնցաւ, ահա կու գայ։
7Ո՛վ երկրի բնակիչ, կարգը քեզի կու գայ,
Ժամանակը կու գայ, խռովութեան օրը մօտեցաւ
Եւ ո՛չ թէ լեռներուն ցնծութիւնը։
8Հիմա մօտերս իմ սրտմտութիւնս քու վրադ պիտի թափեմ
Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի բորբոքի
Ու քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ
Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։
9Իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ.
Քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի հատուցում պիտի ընեմ,
Քանզի քու պղծութիւններդ քու մէջդ են
Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, որ կը զարնեմ»։
10«Ահա օրը, ահա օրը կու գայ։
Կարգը քեզի հասաւ,
Գաւազանը ծաղկեցաւ, ամբարտաւանութիւնը ընձիւղեցաւ։
11Բռնութիւնը ելաւ ու ամբարշտութեան գաւազան եղաւ։
Անոնցմէ մարդ պիտի չմնայ.
Անոնց բազմութենէն ու ստացուածքէն բան մը պիտի չմնայ,
Անոնց մէջ #7:11 Կամ, սուգվայելչութիւն պիտի չըլլայ»։
12«Ժամանակը եկաւ, օրը մօտեցաւ.
Գնողը թող չուրախանայ ու ծախողը թող չողբայ,
Քանզի բոլոր բազմութեանը վրայ բարկութիւնը կու գայ։
13Վասն զի ծախողը իր ծախածին պիտի չդառնայ,
Թէեւ ողջ ըլլան,
Վասն զի անոր բոլոր բազմութեանը համար եղած տեսիլքը ետ պիտի չդառնայ,
Մարդ իր կեանքին անօրէնութիւնովը պիտի չուժովնայ։
14Փողը հնչեցուցին, ամէն բան պատրաստեցին,
Բայց պատերազմի գացող չկայ.
Վասն զի իմ բարկութիւնս անոր բոլոր բազմութեանը վրայ է»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԻԺ
15Դուրսէն սուր ու ներսէն ժանտախտ ու սով պիտի ըլլայ։
Դաշտը եղողը սուրով պիտի մեռնի,
Սովն ու ժանտախտը պիտի ուտեն քաղաքին մէջ եղողները։
16Անոնցմէ ողջ մնացողները
Լեռները պիտի ապաստանին ու աղաւնիներու պէս պիտի ըլլան։
Ամէնքը պիտի հեծեն, ամէն մէկը իր անօրէնութեանը համար։
17Բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան
Ու ծունկերը ջուրի պէս պիտի հալին։
18Անոնք քուրձեր պիտի հագնին
Ու սոսկումը պիտի ծածկէ զանոնք։
Ամէն երեսի վրայ ամօթ,
Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի ըլլայ։
19Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն,
Անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի։
Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը
Կարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել.
Անով պիտի չկրնան իրենց անձը կշտացնել,
Ո՛չ ալ իրենց փորը լեցնել։
Վասն զի անիկա իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը եղաւ։
20Իրենց զարդերուն փառքը հպարտութեան դարձուցին
Եւ անով իրենց գարշութիւններ, իրենց պղծութիւններուն պատկերներ շինեցին։
Այս պատճառով զանոնք անարգանքի պիտի մատնեմ։
21Զանիկա օտարներուն ձեռքը պիտի տամ, որպէս զի յափշտակեն,
Երկրի ամբարիշտներուն՝ որպէս զի զանիկա կողոպտեն
Ու զանիկա պիտի պղծեն։
22Իմ երեսս անոնցմէ պիտի դարձնեմ,
Իմ գաղտնի տեղս պիտի պղծեն,
Հոն յափշտակողներ պիտի մտնեն,
Զանիկա պիտի պղծեն։
23«Շղթայ մը շինէ,
Վասն զի երկիրը արիւնոտ ոճիրներով լեցուեցաւ
Ու քաղաքը բռնութիւնով լեցուեցաւ։
24Ազգերուն խիստ չարերը պիտի բերեմ,
Որ անոնց տուները ժառանգեն։
Եւ ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ
Ու անոնց սուրբ տեղերը պիտի պղծուին։
25Կործանումը կու գայ։
Խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի։
26Պատուհասի վրայ պատուհաս պիտի գայ,
Գուժի վրայ գոյժ պիտի ըլլայ.
Մարգարէէն տեսիլք պիտի ուզեն,
Քահանայէն՝ օրէնքը ու ծերերէն խորհուրդը պիտի կորսուի։
27Թագաւորը սուգ պիտի բռնէ,
Իշխանը սոսկում պիտի հագնի,
Երկրին ժողովուրդին ձեռքերը վախով պիտի թուլնան.
Անոնց ճամբաներուն համաձայն անոնց հատուցում պիտի ընեմ
Եւ անոնց դատաստաններուն համաձայն զանոնք պիտի դատեմ
Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 7: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in