Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 6

6
ՏԷՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Իսրայէլի լեռներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ 3Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք’։ Այսպէս կ’ըսէ Եհովան՝ Տէրը լեռներուն, բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն. ‘Ահա ես ձեր վրայ սուր պիտի բերեմ ու ձեր բարձր տեղերը պիտի կործանեմ 4Եւ ձեր սեղանները աւերակ պիտի մնան ու ձեր արեգակի կուռքերը պիտի կոտրտին եւ ձեր մէջէն սպաննուածները ձեր կուռքերուն առջեւ ինկած պիտի ձգեմ։ 5Իսրայէլի որդիներուն դիակները իրենց կուռքերուն առջեւ պիտի դնեմ եւ ձեր ոսկորները ձեր սեղաններուն բոլորտիքը պիտի ցրուեմ։ 6Ձեր բոլոր բնակած տեղերուն մէջ քաղաքները աւերակ պիտի ըլլան ու բարձր տեղերը ամայի պիտի ըլլան. որպէս զի ձեր սեղանները աւերակ ու ամայի ըլլան եւ ձեր կուռքերը կոտրտին ու խափանուին եւ ձեր արեգակի կուռքերը կործանուին ու ձեր գործերը ջնջուին 7Ու ձեր մէջ սպաննուածները պիտի իյնան եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։
8«Բայց երբ դուք երկիրներու մէջ ցրուիք, ձեզմէ սուրէն ազատուածները ազգերուն մէջ իբր մնացորդ պիտի թողում։ 9Ձեր ազատուածները զիս պիտի յիշեն այն ազգերուն մէջ, ուր գերի պիտի քշուին, #6:9 Կամ, երբոր կոտրեմ իրենց շնացող ու ինծմէ խոտորած սիրտը ու իրենց կուռքերուն ետեւէն պոռնկութիւն ընող աչքերըվասն զի իրենց շնացող ու ինծմէ խոտորած սրտովն ու իրենց կուռքերուն ետեւէն պոռնկութիւն ընող աչքերովը տանջուեցայ՝ ՝։ Անոնք իրենց բոլոր պղծութիւններուն եւ ըրած չարութիւններուն պատճառով իրենց անձերէն պիտի զզուին։ 10Ու պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ պարապ տեղ չխօսեցայ՝ թէ այս չարիքը անոնց պիտի ընեմ»։ 11Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ձեռքերդ իրարու զա՛րկ ու ոտքդ գետինը զա՛րկ ու ըսէ՛. ‘Ափսո՜ս Իսրայէլի տանը բոլոր չար պղծութիւններուն համար, վասն զի սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի իյնան։ 12Հեռուն եղողը ժանտախտով պիտի մեռնի ու մօտ եղողը սուրով պիտի իյնայ։ Մնացածը ու #6:12 Կամ, պահուըտածըպաշարման մէջ եղողը՝ ՝ սովով պիտի մեռնի։ Այսպէս իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ։ 13Երբ անոնց սպաննուածները իրենց կուռքերուն մէջտեղ, իրենց սեղաններուն բոլորտիքը, ամէն բարձր բլուրի վրայ, բոլոր լեռներուն գլուխն ու ամէն կանանչ ծառի տակ եւ ամէն տերեւախիտ բեւեկնիի տակ փռուած ըլլան, ուր անոնք իրենց բոլոր կուռքերուն անոյշ հոտ կը մատուցանէին, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 14Այսպէս իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի երկնցնեմ ու երկիրը, այսինքն անոնց բոլոր բնակած տեղերը, Դեբղայի կողմը եղող անապատէն աւելի ամայի ու աւերակ պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 6: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in