ԵԶԵԿԻԷԼԻ 5
5
ԵԶԵԿԻԷԼ ԻՐ ՄԱԶԵՐԸ ԿԸ ԿՏՐԷ
1«Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի սուր դանակ մը եւ սափրիչի ածելի մը ա՛ռ եւ զանոնք գլխուդ վրայէն ու մօրուքիդ վրայէն անցո՛ւր։ Քեզի կշիռք մը ա՛ռ ու մազերդ բաժին բաժին ըրէ։ 2Մէկ երրորդ մասը քաղաքին մէջ կրակով այրէ, երբ պաշարման օրերը լմննան ու մէկ երրորդ մասը ա՛ռ եւ դանակով զա՛րկ անոր բոլորտիքը ու մէկ երրորդ մասը հովին ցրուէ։ Ես անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։ 3Անոնցմէ քիչ թիւով ա՛ռ ու զանոնք քղանցքներուդ մէջ ծրարէ՛։ 4Եւ դարձեալ անոնցմէ առ ու զանոնք կրակը նետէ եւ զանոնք կրակով այրէ. անկէ բոլոր Իսրայէլի տանը կրակ պիտի ելլէ»։
5Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա Երուսաղէմն է. զանիկա ազգերուն մէջ ու իր բոլորտիքը եղող երկիրներուն մէջ դրի։ 6Անիկա իմ #5:6 Կամ, դատաստաններուս՝ ազգերէն ու իմ կանոններուս՝ իր բոլորտիքը եղող երկիրներէն աւելի ամբարշտութեամբ դէմ կեցաւդատաստաններս՝ ազգերէն ու իմ կանոններս՝ իր շուրջի երկիրներէն աւելի ամբարշտութեան փոխեց՝ ՝, իմ դատաստաններս մերժեցին եւ իմ կանոններովս չքալեցին’։ 7Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր շուրջի ազգերէն աւելի #5:7 Կամ, խռովայոյզապստամբ եղաք, իմ կանոններովս չքալեցիք եւ իմ դատաստաններս չգործադրեցիք. ո՛չ ալ ձեր շուրջի հեթանոսներուն սովորութիւններուն համեմատ ըրիք’։ 8Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ե՛ս, ես քեզի դէմ եմ ու ազգերու աչքերուն առջեւ քեզի դէմ արձակուած վճիռները պիտի գործադրեմ։ 9Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար այնպիսի բան մը պիտի ընեմ քու մէջդ, որուն նմանը ո՛չ ըրած եմ, ո՛չ ալ պիտի ընեմ։ 10Անոր համար քու հայրերդ իրենց տղաքը պիտի ուտեն ու տղաքը իրենց հայրերը պիտի ուտեն։ Քեզի դէմ տրուած վճիռները պիտի գործադրեմ ու քու բոլոր վերապրողներդ ամէն հովի պիտի ցրուեմ’։ 11‘Ասոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ դուն քու բոլոր գարշութիւններովդ ու բոլոր պղծութիւններովդ իմ սրբարանս պղծեցիր, ես ալ անշուշտ քեզ պիտի կոտրեմ, իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։ 12Քու մէկ երրորդ մասդ ժանտախտով պիտի մեռնին, կամ քու մէջդ սովով պիտի սպառին, քու մէկ երրորդ մասդ չորս կողմդ սուրով պիտի իյնան ու մէկ երրորդ մասդ ալ ամէն հովի պիտի ցրուեմ ու անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։ 13Այսպէս իմ բարկութիւնս պիտի կատարուի եւ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի իջեցնեմ ու վրէժ պիտի առնեմ։ Երբ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ կատարեմ, պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ իմ նախանձովս խօսեցայ։ 14Ամէն անցնողին աչքերուն առջեւ, քու բոլորտիքդ եղող ազգերուն մէջ աւերման ու անարգութեան պիտի մատնեմ քեզ։ 15Երբ բարկութեամբ եւ սրտմտութեամբ ու սրտմտութեան պատիժներով քու վրադ վճիռները գործադրեմ, այս բանը քու բոլորտիքդ եղող ազգերուն մէջ անարգանք, նախատինք, առակ ու զարմացում պիտի ըլլայ’. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։ 16Անոնց վրայ սովին չար ու ապականիչ նետերը պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ ապականելու համար պիտի ղրկեմ, սովը ձեր վրայ պիտի աւելցնեմ ու ձեզի համար հացին ցուպը պիտի կոտրեմ։ 17Այսպէս ձեր վրայ սով ու չար գազաններ պիտի ղրկեմ, որ քեզ անզաւակ թողուն եւ քու մէջէդ ժանտախտ ու արիւն պիտի անցնի ու քու վրադ սուր պիտի բերեմ’. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 5: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.