YouVersion Logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 48

48
ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ ՑԵՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
1«Ցեղերուն անունները ասոնք են։ Հիւսիսի ծայրէն՝ Եթլոնի ճամբուն քով դէպի Եմաթ երթալով՝ մինչեւ Ասար-Ենան, որ Դամասկոսի սահմանն է դէպի հիւսիս մինչեւ Եմաթի քով ու արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմուտք Դանին մէկ բաժին ըլլայ։ 2Դանի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Ասերին մէկ բաժին ըլլայ։ 3Ասերի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Նեփթաղիմին մէկ բաժին ըլլայ։ 4Նեփթաղիմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Մանասէին մէկ բաժին ըլլայ։ 5Մանասէի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Եփրեմին մէկ բաժին ըլլայ։ 6Եփրեմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Ռուբէնին մէկ բաժին ըլլայ։ 7Ռուբէնին սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Յուդային մէկ սաժին ըլլայ։
8«Յուդայի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը պիտի ըլլայ այն ընծան, որ պիտի նուիրէք ու անիկա քսանըհինգ հազար եղէգ լայնութիւն եւ միւս բաժիններէն մէկուն չափ երկայնութիւն պիտի ունենայ, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը եւ սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։ 9Տէրոջը նուիրելու ընծանիդ քսանըհինգ հազար եղէգ լայն պէտք է ըլլայ։ 10Եւ սուրբ ընծան ասոնց ըլլայ, այսինքն քահանաներուն։ Հիւսիսէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ, արեւմուտքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, արեւելքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, հարաւէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ ու Տէրոջը սրբարանը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ 11Այս բաժինը Սադովկի որդիներէն սրբուած քահանաներուն պիտի ըլլայ, որոնք իմ պահպանութիւնս ըրին։ Ու երբ Իսրայէլի որդիները մոլորեցան, անոնք չմոլորեցան, ինչպէս Ղեւտացիները մոլորեցան։ 12Երկրին ընծայէն՝ այս ընծան անոնց համար ամենասուրբ պիտի ըլլայ՝ Ղեւտացիներու սահմանին քով։
13Քահանաներուն սահմանին քով Ղեւտացիներուն բաժինը պէտք է ըլլայ քսանըհինգ հազար եղէգ երկայն ու տասը հազար եղէգ՝ լայն։ Բոլոր երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար ըլլայ։ 14Անկէ պէտք չէ ծախեն ու փոխեն ու երկրին երախայրին ուրիշի վրայ պէտք չէ դարձնեն, վասն զի անիկա Տէրոջը նուիրուած է։
15«Քսանըհինգ հազարին քով լայնութենէն մնացած հինգ հազարը անսուրբ պիտի ըլլայ՝ քաղաքին համար, բնակութեան համար ու արուարձաններուն համար եւ քաղաքը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ 16Անոր չափերը ասոնք ըլլան՝ հիւսիսային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ հարաւային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ արեւելեան կողմը չորս հազար հինգ հարիւր ու արեւմտեան կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ։ 17Եւ քաղաքին արուարձանը դէպի հիւսիս՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի հարաւ՝ երկու հարիւր յիսուն եւ դէպի արեւելք՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի արեւմուտք՝ երկու հարիւր յիսուն եղէգ պէտք է ըլլայ։ 18Եւ սուրբ ընծային քով երկայնութենէն մնացած դէպի արեւելք՝ տասը հազարը ու դէպի արեւմուտք՝ տասը հազարը (որ սուրբ ընծային քով է), անոր բերքը քաղաքին ծառայութիւն ընողներուն կերակուր պիտի ըլլայ։ 19Եւ քաղաքին ծառայութիւնը ընողները Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի ըլլան։
20Բոլոր ընծան քսանըհինգ հազարով քսանըհինգ հազար քառակուսի ըլլալու է՝ սուրբ ընծայ քաղաքին կալուածին հետ։
21«Սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն մնացածը իշխանին պիտի ըլլայ։ Նուիրուած քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւելեան սահմանը ու դէպի արեւմուտք քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւմտեան սահմանը ցեղերուն բաժիններուն քով իշխանին պիտի ըլլայ։ Ասիկա պիտի ըլլայ սուրբ ընծան ու տաճարին սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։ 22Իշխանին բաժինին մէջտեղը եղող Ղեւտացիներուն կալուածէն ու քաղաքին կալուածէն դուրս՝ Յուդայի սահմանին ու Բենիամինի սահմանին մէջտեղը իշխանինը պիտի ըլլայ։
ՈՒՐԻՇ ՑԵՂԵՐՈՒՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ
23«Մնացած ցեղերուն՝ արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Բենիամինին մէկ բաժին ըլլայ։ 24Ու Բենիամինի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Շմաւոնին մէկ բաժին ըլլայ։ 25Եւ Շմաւոնի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Իսաքարին մէկ բաժին ըլլայ։ 26Ու Իսաքարի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Զաբուղոնին մէկ բաժին ըլլայ։ 27Եւ Զաբուղոնի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Գադին մէկ բաժին ըլլայ։ 28Ու Գադի սահմանին քով հարաւային կողմը դէպի հարաւ երկրին սահմանը, Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։ 29«Այս է այն երկիրը, որ Իսրայէլի ցեղերուն վիճակով պիտի բաժնէք ժառանգութեան համար ու անոնց բաժինները ասոնք են», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԴՌՆԵՐԸ
30«Քաղաքին ելքերը ասոնք են. Հիւսիսային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով 31(Ու քաղաքին դռները Իսրայէլի ցեղերուն անուններուն համեմատ պիտի ըլլան). երեք դուռ դէպի հիւսիս. մէկ դուռ Ռուբէնին, մէկ դուռ Յուդային ու մէկ դուռ Ղեւիին 32Եւ արեւելեան կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Յովսէփին, մէկ դուռ Բենիամինին ու մէկ դուռ Դանին 33Եւ հարաւային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով, երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Շմաւոնին, մէկ դուռ Իսաքարին ու մէկ դուռ Զաբուղոնին. 34Արեւմտեան կողմէն ալ չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Գադին, մէկ դուռ Ասերին ու մէկ դուռ Նեփթաղիմին։ 35Բոլոր շրջապատը տասնըութ հազար չափ պիտի ըլլայ ու այն օրէն քաղաքին անունը #48:35 Այսինքն, Տէրը հոն էԵհովաշամա պիտի ըլլայ»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 48: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in