ԵԶԵԿԻԷԼԻ 47
47
ՏԱՃԱՐԷՆ ՀՈՍՈՂ ՀՈՍԱՆՔԸ
1Զիս նորէն տաճարին դրանը ետեւը բերաւ։ Արեւելեան կողմէն տանը սեմին տակէն ջուրեր կ’ելլէին, քանզի տանը երեսը դէպի արեւելք էր ու ջուրերը տանը աջ կողմին տակէն՝ սեղանին հարաւային կողմէն կ’իջնէին։ 2Ապա զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն հանեց եւ առաջնորդեց դէպի արտաքին դուռը, որ արեւելք կը նայէր եւ ջուրը կը հոսէր դէպի հարաւային կողմը։
3Այն մարդը, որ իր ձեռքը լար ունէր, դէպի արեւելք գնաց ու հազար կանգուն չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ գարշապարներս կ’ելլէին։ 4Հազար կանգուն եւս չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ ծունկերս կ’ելլէին։ Հազար կանգուն եւս չափեց ու զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ մէջքս կ’ելլէին։ 5Նորէն հազար կանգուն ալ չափեց, ուր այնպիսի գետ մը եղած էր, ուրկէ չէի կրնար անցնիլ. վասն զի ջուրերը յորդեր էին #47:5 Եբր., լողալու ջուրեր, անանցանելի գետ եղեր էինու այնպիսի գետ մը կազմեր էին, ուրկէ մարդ չէր կրնար անցնիլ՝ առանց լողալու՝ ՝»։
6Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Տեսա՞ր, որդի՛ մարդոյ» եւ զիս տարաւ ու գետին եզերքը պտըտցուց։ 7Երբ կը պտըտէի, տեսայ թէ գետին երկու եզերքը խիստ շատ ծառեր կային։ 8Ինծի ըսաւ. «Այս ջուրերը արեւելեան կողմէն կ’ելլեն ու անապատը կ’իջնեն ու ծովը կ’երթան եւ ծովուն խառնուելով, անոր ջուրերը կը թարմացնեն։ 9Գետը ուր որ երթայ՝ բոլոր կենդանիները պիտի ապրին։ Ձուկերը խիստ շատ պիտի առատանան, քանզի այս ջուրը ուր որ մտնէ՝ կը մաքրէ եւ ուր որ հոսանքը երթայ՝ հոն կեանքը պիտի ապրի։ 10Անոր վրայ Ենգադդիէ մինչեւ Ենեգլայիմ ձկնորսներ պիտի կայնին։ Հոն ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ։ Ձուկերը տեսակ տեսակ պիտի ըլլան։ Մեծ ծովուն ձուկերուն պէս խիստ շատ պիտի շատնան։ 11Բայց անոր տղմալից տեղերն ու ճախինները պիտի չթարմանան, անոնք աղի համար պիտի պահուին։ 12Ու գետին երկու եզերքները ամէն տեսակ պտղաբեր ծառեր պիտի բուսնին, որոնց տերեւը պիտի չթառամի ու պտուղը չհատնի։ Ամէն ամիս նորէն պտուղ պիտի տան, վասն զի անոր ջուրերը սրբարանէն կ’ելլեն եւ անոնց պտուղը կերակուրի համար ու տերեւները բուժարար պիտի ըլլան»։
ԵՐԿՐԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
13Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ասոնք են սահմանները այն երկրին, որ իբր ժառանգութիւն պիտի բաժնէք Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն (Յովսէփը երկու բաժին պիտի ունենայ)։ 14Ամէն մարդ իր եղբօրը պէս պիտի ժառանգէ, վասն զի իմ ձեռքս վերցուցի որ զանիկա ձեր հայրերուն տամ, որը դուք պիտի ժառանգէք։ 15Ահա երկրին սահմանը՝ հիւսիսային կողմը՝ մեծ ծովէն Եթլոնի ճամբան մինչեւ Սեդադ, Եմաթ, 16Բերոթա, Սեբրայիմ (որ Դամասկոսի ու Եմաթի միջեւ կը գտնուի) ու մինչեւ Աւրանի սահմանը եղող Ասեր-Աթթիքոնը։ 17Այսպէս, երկրին սահմանը կ՛երկարի ծովէն մինչեւ Ասար-Ենան, որ Դամասկոսի հիւսիսային սահմանն է, նաեւ Եմաթին սահմանը պիտի ըլլայ։ 18Արեւելեան սահմանը՝ Աւրանի մէջէն ու Դամասկոսի մէջէն եւ Գաղաադի մէջէն ու Յորդանանի քով եղող Իսրայէլի երկրին մէջէն՝ մինչեւ արեւելեան ծովը։ 19Դէպի հարաւային սահմանը՝ Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։ 20Արեւմտեան սահմանը՝ մեծ ծովը պիտի ըլլայ, սահմանէն մինչեւ Եմաթին դէմ։
21Այս երկիրը բաժնեցէք Իսրայէլի ցեղերուն։ 22Զանիկա ժառանգութեան համար վիճակով բաժնեցէք թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ձեր մէջ բնակող ու ձեր մէջ զաւակներ ծնանող օտարականներուն։ Անոնք բնիկներու պէս պիտի ըլլան Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Անոնք ձեզի հետ ժառանգութիւն պիտի առնեն Իսրայէլի ցեղերուն պէս։ 23Այն ցեղին մէջ որ օտարականը պանդխտացած է, անկէ անոր ժառանգութիւն պիտի տաք», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 47: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.