ԵԶԵԿԻԷԼԻ 46
46
ԻՇԽԱՆԸ ԵՒ ՏՕՆԵՐԸ
1Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ներքին գաւիթին դէպի արեւելք նայող դուռը գործի վեց օրերը գոց պիտի ըլլան. միայն շաբաթ օրն ու ամսագլխուն պիտի բացուի։ 2Իշխանը այս դրանը դուրսէն սրահին ճամբայէն պիտի մտնէ, դրանը դրանդիքներուն քով պիտի կայնի։ Քահանաները անոր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն։ Անիկա դրանը սեմին վրայ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու ելլէ։ Այն դուռը մնչեւ իրիկուն պիտի չգոցուի։ 3Ու երկրին ժողովուրդը շաբաթ օրերը ու ամսագլուխները Տէրոջը առջեւ այս դրանը մուտքին մէջ երկրպագութիւն պիտի ընեն»։
4Իշխանին շաբաթ օրը Տէրոջը մատուցանելու ողջակէզը վեց անարատ գառ ու մէկ անարատ խոյ ըլլալու է։ 5Եւ խոյին համար իբր հացի ընծայ մէկ արդու ու գառներուն համար իբր հացի ընծայ ձեռքէն եկածը եւ ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ մատուցանելու է։ 6Ու ամսագլխուն՝ արջառներէն մէկ անարատ զուարակ ու վեց գառ ու մէկ խոյ, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։ 7Եւ զուարակին համար մէկ արդու եւ խոյին համար մէկ արդու հացի ընծայ մատուցանելու է ու գառներուն համար՝ ինչ որ ձեռքէն կու գայ եւ ամէն մէկ արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ։
8Երբ իշխանը գայ՝ դրանը սրահին ճամբէն պէտք է մտնէ եւ նոյն ճամբէն ելլէ։ 9Երկրին ժողովուրդը, եթէ հանդիսաւոր օրերու մէջ երկրպագութիւն ընելու համար Տէրոջը առջեւ գան, հիւսիսային դրանը ճամբայէն մտնողը հարաւային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ ու հարաւային դրանը ճամբայէն մտնողը հիւսիսային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ։ Մտած դրանը ճամբայէն թող չդառնան, հապա անոր դիմացի դռնէն ելլեն։ 10Իշխանը անոնց մտած ատենը անոնց հետ թող մտնէ ու անոնց ելած ատենը անոնց հետ թող ելլէ։
11Տօներու մէջ ու հանդիսաւոր օրերու մէջ հացի ընծան ամէն զուարակի համար արդու մը եւ ամէն խոյի համար արդու մը պիտի ըլլայ, իսկ գառներուն համար՝ ձեռքէն եկածը։ Ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ ըլլալու է։ 12Եթէ իշխանը կամաւոր ողջակէզ մը կամ կամաւոր խաղաղութեան զոհ մը Տէրոջը մատուցանելու ըլլայ, դէպի արեւելք նայող դուռը թող բանան։ Անիկա իր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհը պէտք է մատուցանէ՝ ինչպէս շաբաթ օրը կը մատուցանէ ու ապա ելլէ եւ անոր ելլելէն ետքը դուռը պէտք է գոցեն։
ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՈՂՋԱԿԷԶ
13Ամէն օր մէկ տարեկան անարատ գառնուկ մը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանէ 14Եւ անոր հետ ամէն առտու արդուին մէկ վեցերորդ մասը հացի ընծայ մատուցանէ՛ ու հիմէնին մէկ երրորդ մասը իւղ՝ նաշիհին հետ խառնելու համար. ասիկա յաւիտենական կանոնով Տէրոջը մշտնջենաւոր հացի ընծայ պիտի ըլլայ։ 15Գառնուկն ու հացի ընծան ու իւղը ամէն առտու պէտք է մատուցանեն, որպէս մշտնջենական ողջակէզ։
ԻՇԽԱՆԸ ԵՒ ԿԱԼՈՒԱԾԸ
16Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ իշխանը իր որդիներէն մէկուն պարգեւ տայ, այդ անոր որդիներուն ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. անիկա ժառանգական կալուած մը պիտի ըլլայ անոնց։ 17Իսկ երբ ժառանգութենէն իր ծառաներէն մէկուն պարգեւ տայ, այն ատեն անիկա մինչեւ թողութեան տարին անորը պէտք է ըլլայ, բայց ետքը իշխանին պէտք է դառնայ, վասն զի իշխանին ժառանգութիւնը միայն իր որդիներուն պիտի ըլլայ։ 18Իշխանը ժողովուրդին ժառանգութենէն բան մը կտրելու չէ, զանոնք իրենց կալուածէն զրկելով։ Ան իր սեփական կալուածէն տալու է իր որդիներուն ժառանգութիւնը, որպէս զի իր ժողովուրդէն ոեւէ մէկը իր կալուածէն չզրկուի»։
ՏԱՃԱՐԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑՆԵՐԸ
19Ապա զիս դրանը քով եղող մուտքէն քահանաներուն դէպի հիւսիս նայող սուրբ սենեակները տարաւ։ Հոն ետեւէի կողմերը դէպի արեւմուտք տեղ մը կար 20Ու ինծի ըսաւ. «Ասիկա այն տեղն է, ուր քահանաները յանցանքի պատարագին ու մեղքի պատարագին միսը պիտի խաշեն ու հոն հացի ընծան պիտի եփեն, որ չըլլայ թէ դուրսի գաւիթը հանեն ու ժողովուրդը սրբեն»։ 21Յետոյ զիս դուրսի գաւիթը հանեց ու գաւիթին չորս անկիւններէն անցուց։ Գաւիթին ամէն մէկ անկիւնը մէկմէկ գաւիթ կար։ 22Գաւիթին չորս անկիւններուն մէջ քառասուն կանգուն երկայնութեամբ ու երեսուն՝ լայնութեամբ #46:22 Կամ, պզտիկբոլորակաձեւ գոցուած՝ ՝ գաւիթներ կային. չորսին չափը մէկ էր։ 23Անոնց չորսին ալ բոլորտիքը, շէնքերու շարք մը կար ու այն շարքին տակ բոլորակաձեւ կրակարաններ շինուած էին։ 24Ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք խոհանոցներն են, ուր տաճարին պաշտօնեաները ժողովուրդին զոհը պիտի եփեն»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 46: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.