YouVersion Logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 45

45
ԵՐԿՐԷՆ ՏԷՐՈՋԸ ԲԱԺԻՆԸ
1Ու երբ երկիրը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնէք, երկրէն քսանըհինգ հազար եղէգ երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ սուրբ ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը. ասիկա իր շուրջի բոլոր սահմաններուն մէջ սուրբ ըլլայ։ 2Ասկէ քառակուսի չափուած՝ հինգ հարիւրով հինգ հարիւր սրբարանին համար պիտի ըլլայ։ Անիկա շուրջը յիսուն կանգուն արուարձան ունենալու է։ 3Այս #45:3 Կամ, չափէնչափով՝ երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար չափէ, որուն մէջ պիտի ըլլայ սրբարանը, այսինքն՝ ամենասուրբ տեղը։ 4Ասիկա Տէրոջը ծառայութեան համար մօտեցող սրբարանի պաշտօնեաներուն, քահանաներուն համար՝ սուրբ պիտի ըլլայ, որպէս զի անոնց՝ տուներու համար տեղ մը սրբարանին համար սուրբ տեղ մը ըլլայ։
5Տանը ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ կալուած պէտք է ունենան, նաեւ՝ քսան սենեակ։
6Եւ հինգ հազար լայնութեամբ ու քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ՝ քաղաքին կալուածը պիտի տաք սրբարանին ընծային հետ. ասիկա բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի պատկանի։
ԻՇԽԱՆԻՆ ԿԱԼՈՒԱԾԸ
7Իշխանին կալուածը՝ սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, սուրբ ընծային եւ քաղաքին կալուածին դէմ դէպի արեւմուտք ու դէպի արեւելք պէտք է ըլլայ։ Երկայնութիւնը արեւմտեան սահմանէն մինչեւ արեւելեան սահմանը միւս բաժիններէն մէկուն հետ հաւասար պէտք է ըլլայ։ 8Իսրայէլի երկրէն ասիկա անոր կալուած թող ըլլայ։ Իմ իշխաններս անգամ մըն ալ իմ ժողովուրդս պէտք չէ հարստահարեն։ Մնացած երկիրը Իսրայէլի տանը պիտի տրուի իրենց ցեղերուն համեմատ։
ԿԱՆՈՆՆԵՐ ԻՇԽԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
9Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ա՛լ հերիք է ձեզի, ո՛վ Իսրայէլի իշխաններ։ Զրկանքն ու յափշտակութիւնը վերցուցէ՛ք եւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրէ՛ք։ Իմ ժողովուրդէս ձեր բռնի պահանջները վերցուցէ՛ք։ 10Ձեր կշիռքները արդար, ձեր արդուն՝ արդար ու ձեր մարը արդար պէտք է ըլլայ։ 11Արդուն ու մարը մէկ չափ ըլլալու են, որպէս զի մարը քոռին մէկ տասներորդը պարունակէ ու արդուն ալ քոռին մէկ տասներորդը։ Քոռին նայելով պիտի ըլլայ անոնց չափը։ 12Սիկղը քսան կերատ պիտի ըլլայ։ Ձեր մնասը քսան սիկղ, քսանըհինգ սիկղ, տասնըհինգ սիկղ պիտի ըլլայ։
13«Ձեր մատուցանելու ընծան այսպէս ըլլալու է՝ ցորենի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը ու գարիի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը։ 14Իւղին կանոնը ասիկա ըլլայ՝ իւղին մարէն՝ մարին մէկ տասներորդը ամէն քոռէն, այսինքն ամէն խօմէրէն, որ տասը մար կը պարունակէ, վասն զի տասը մարը մէկ խօմէր է։ 15Իսրայէլի ջրարբի արօտներուն հօտերէն՝ երկու հարիւրէն մէկ ոչխար։ Ասոնք պիտի մատուցանեն իբրեւ հացի ընծայ ու ողջակէզ եւ խաղաղութեան զոհ, որպէս զի իրենց համար քաւութիւն ըլլայ», կ՛ըսէ Տէր Եհովան։ 16Երկրին բոլոր ժողովուրդը այս ընծան Իսրայէլի իշխանին տալու պարտաւոր պէտք է ըլլան։ 17Տօներու ու ամսագլուխներու ու շաբաթներու մէջ, Իսրայէլի տանը ամէն հանդիսաւոր օրերուն մէջ, ողջակէզները ու հացի ընծան եւ ըմպելի նուէրը իշխանը պիտի առնէ։ Մեղքի պատարագն ու հացի ընծան ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհը անիկա պիտի մատուցանէ՝ Իսրայէլի տանը քաւութիւն ընելու համար։
ՏՕՆԵՐ
(Ելից 12:1-20, Ղեւտ. 23:33-43)
18Տէր Եհովան այսպէս կ՛ըսէ. «Առաջին ամսուան առաջին օրը արջառներէն մէկ անարատ զուարակ առ եւ սրբարանը մաքրէ՛։ 19Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն պիտի առնէ եւ տանը դրանդիքներուն վրայ ու սեղանին շրջանակին չորս անկիւններուն վրայ եւ ներքին գաւիթին դրանը դրանդիքներուն վրայ պիտի քսէ։ 20Ամսուան եօթներորդ օրն ալ սխալած կամ անմիտ մարդու համար այնպէս ըրէ՛, որպէս զի տանը համար քաւութիւն ըլլայ»։
21Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը ձեզի զատիկ ըլլայ։ Եօթը օր տօն պիտի պահուի ու բաղարջ պիտի ուտուի։ 22Այն օրը իշխանը իրեն համար ու երկրին բոլոր ժողովուրդին համար զուարակ մը պիտի մատուցանէ իբրեւ մեղքի պատարագ։ 23Տօնին եօթը օրը Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէ։ Այն եօթը օրուան մէջ՝ օրը եօթը զուարակ ու եօթը անարատ խոյ։ Ամէն օր այծերէն մէկ նոխազ՝ իբրեւ մեղքի պատարագ։ 24Իւրաքանչիւր զուարակին համար՝ մէկ արդու եւ իւրաքանչիւր խոյի համար՝ մէկ արդու հացի ընծայ։ Իւրաքանչիւր արդուի համար մէկ հիմէն իւղ պիտի մատուցանէ։ 25Նոյնպէս ալ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը. տօնին ատենը եօթը օր այս մեղքի պատարագին, ողջակէզին, հացի ընծային ու իւղին պէս պիտի մատուցանէ։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 45: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in