ԵԶԵԿԻԷԼԻ 42
42
ԵՐԿՈՒ ՇԷՆՔԵՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄՕՏ
1Անկէ ետքը զիս դէպի հիւսիս եղող ճամբովը արտաքին գաւիթը հանեց եւ զիս զատուած տեղին դէմը եղող ու դէպի հիւսիս նայող շէնքին առջեւի սենեակները տարաւ։ 2Այս սենեակներուն հիւսիսային մուտքին առջեւի երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը յիսուն կանգուն էր։ 3Ներսի գաւիթին քսան կանգունին դէմ ու դուրսի գաւիթին սալայատակին դէմ, իրարու առջեւ, երեք դստիկոնով սիւնազարդ սրահներ կային։ 4Սենեակներուն առջեւ՝ ներսէն տասը կանգուն լայն ճեմելիք մը ու մէկ կանգուն ճամբայ մը կար։ Անոնց դռները դէպի հիւսիս էին։ 5Վերի սենեակները նեղ էին, վասն զի սիւնազարդ սրահները անոնցմէ, այսինքն շէնքին վարի ու միջին սենեակներէն, հեռու էին։ 6Քանզի անոնք երեք դստիկոն էին ու գաւիթներուն սիւներուն պէս սիւներ չունէին։ Անոր համար գետնէն, այսինքն վարի ու միջին սենեակներէն աւելի կը նեղնային։ 7Սենեակներուն դէմ, դուրսի գաւիթին կողմը, սենեակներուն առջեւի դուրսի պատին երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր, 8Նայնպէս դուրսի գաւիթը նայող սենեակներուն երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր, իսկ տաճարին առջեւ հարիւր կանգուն էր։ 9Այս սենեակներուն տակէն, դուրսի գաւիթէն անոնց երթալու համար արեւելեան կողմէն, մուտք մը կար։ 10Գաւիթին պարսպին լայնութեանը մէջ դէպի արեւելք, զատուած տեղին ու շէնքին առջեւ սենեակներ կային։ 11Անոնց առջեւ ճամբայ մը կար հիւսիսային սենեակներուն երեւոյթին պէս, թէ՛ անոնց երկայնութեանը, թէ՛ անոնց լայնութեանը եւ թէ՛ անոնց բոլոր ելքերուն եւ անոնց ձեւերուն ու դռներուն կողմէ։ 12Նոյնպէս էին հարաւային սենեակներուն մուտքերը։ Ճամբուն գլուխը մուտք մը կար, այսինքն արեւելեան ճամբուն բերանը՝ պատին առջեւի շիտակ ճամբան։
13Ինծի ըսաւ. «Զատուած տեղին առջեւ եղող հիւսիսային կողմի սենեակները ու հարաւային կողմի սենեակները սուրբ սենեակներն են ուր Տէրոջը մօտեցող քահանաները ամենասուրբ բաները պիտի ուտեն։ Հոն պիտի դնեն ամենասուրբ բաները ու հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը, քանզի այն տեղը սուրբ է։ 14Երբ քահանաները հոն մտնեն, սուրբ տեղէն դուրսի գաւիթը պիտի չելլեն, հապա իրենց պաշտօնի զգեստները հոն պիտի թողուն, վասն զի անոնք սուրբ են եւ ուրիշ հանդերձներ հագնելով՝ ժողովուրդին վերաբերեալ բաներուն պիտի մօտենան»։
ՏԱՃԱՐԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԵՐԸ
15Երբ ներքին տունը չափեց լմնցուց, զիս դէպի արեւելք նայող դուռը հանեց ու զայն ամէն կողմէն չափեց։ 16Արեւելեան կողմը չափի եղէգով՝ շրջանակաձեւ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 17Հիւսիսային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 18Հարաւային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 19Արեւմտեան կողմը դարձաւ ու հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 20Զանիկա չորս կողմէն չափեց. անիկա հինգ հարիւր եղէգ երկայն ու հինգ հարիւր եղէգ լայն էր ու պարիսպ ունէր՝ սուրբ ու անսուրբ տեղերը իրարմէ զատելու համար։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 42: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.