ԵԶԵԿԻԷԼԻ 43
43
ՏԷՐԸ ՏԱՃԱՐ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
1Զիս դէպի արեւելք նայող դուռը տարաւ։ 2Ահա արեւելեան ճամբայէն Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը կու գար ու անոր ձայնը շատ ջուրերու ձայնին պէս էր ու երկիրը անոր փառքէն լուսաւորուեցաւ։ 3Տեսած տեսիլքս նման էր այն տեսիլքին, որ տեսայ երբ քաղաքը կործանելու եկայ։ Այս տեսիլքները Քոբար գետին քով տեսած տեսիլքիս պէս էին։ Երեսիս վրայ ինկայ 4Եւ Տէրոջը փառքը դէպի արեւելք նայող դրանը ճամբայէն տունը մտաւ։ 5Հոգին զիս վերցուց եւ ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը փառքը տունը լեցուցեր էր։ 6Ձայն մը լսեցի, որ տաճարէն ինծի կը խօսէր (ու իմ քովս մարդ մը կայներ էր) 7Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ յաւիտեան բնակելու աթոռիս տեղը եւ իմ ոտքերուս գարշապարներուն տեղը ասիկա է։ Իսրայէլի տունը իրենք ու իրենց թագաւորները, իրենց պոռնկութիւններովը ու իրենց թագաւորներուն դիակներովը իրենց բարձր տեղերուն մէջ ա՛լ իմ սուրբ անունս պիտի չպղծեն։ 8Վասն զի իրենց սեմերը իմ սեմերուս ու իրենց դրանդիքը իմ դրանդիքներուս մօտ դրին, այնպէս որ իմ ու անոնց մէջտեղ միայն պատ մը մնաց։ Իրենց ըրած գարշութիւններովը իմ սուրբ անունս պղծեցին. ես ալ իմ բարկութիւնովս խորտակեցի զանոնք։ 9Հիմա թող իրենց պոռնկութիւնը ու իրենց թագաւորներուն դիակները ինծմէ հեռացնեն, այն ատեն յաւիտեան անոնց մէջ պիտի բնակիմ»։
10«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը նկարագրէ՛ այս տաճարը, անոր երեւոյթը եւ յատակագիծը, որպէս զի ամչնան իրենց անօրէնութիւններէն։ 11Եթէ իրենց բոլոր ըրածներէն ամչնան, այն ատեն նկարագրէ՛ տաճարը, անոր կարգն ու սարքը, անոր մուտքն ու ելքը ու բոլոր ձեւերը եւ ծանօթացուր բոլոր կանոններն ու օրէնքները եւ գրէ՛ անոնց աչքերուն առջեւ, որպէս զի պահեն ու կատարեն զանոնք։ 12Այս է տաճարին օրէնքը։ Անոր բոլոր սահմանը շրջանակաձեւ լերանը գլխուն վրայ ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ահա տաճարին օրէնքը ասիկա է։
ՍԵՂԱՆԸ
13Ասոնք են սեղանին չափերը կանգունով (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ է). խոր տեղը մէկ կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն եւ անոր սահմանը՝ անոր եզերքին վրայ՝ շուրջանակի մէկ թիզ պիտի ըլլայ։ Այս պիտի ըլլայ սեղանին հիմը։ 14Ու գետնին խոր տեղէն մինչեւ վարի շրջանակը երկու կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ 15Կրակարանը չորս կանգուն բարձր պիտի ըլլայ։ Կրակարանէն վեր չորս եղջիւր պիտի ըլլայ։ 16#43:16 Եբր., ԱրիէլըԿրակարանը տասներկու կանգուն երկայն ու տասներկու կանգուն լայն, չորս կողմն ալ հաւասար ըլլալով՝ քառակուսի պիտի ըլլայ։ 17Անոր բոլորտիքը եղող շրջանակը տասնըչորս կանգուն երկայն ու տասնըչորս կանգուն լայն պիտի ըլլայ։ Բոլորտիքը եղող սահմանը կէս կանգուն ու խոր տեղը շուրջանակի մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ Անոր աստիճանները դէպի արեւելք պիտի ըլլան»։
ՍԵՂԱՆԻՆ ՕԾՈՒՄԸ
18Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասոնք պիտի ըլլան սեղանին կանոնները՝ այն օրը որ զանիկա շինեն անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանելու ու արիւն սրսկելու համար։ 19Սադովկի սերունդէն եղող Ղեւտացի քահանաներուն, որոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան, դուն անոնց մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը պիտի տաս։ 20Անոր արիւնէն պիտի առնես ու սեղանին չորս եղջիւրներուն վրայ ու շրջանակին ու անոր սահմանին վրայ պիտի դնես։ Զանիկա պիտի սրբես եւ անոր համար քաւութիւն պիտի ընես։ 21Մեղքի պատարագին զուարակը պիտի առնես եւ սրբարանէն դուրս՝ տաճարին որոշուած տեղը պիտի այրես։ 22Ու երկրորդ օրը մեղքի պատարագի համար այծերէն անարատ նոխազ մը պիտի մատուցանես։ Սեղանը պիտի սրբես՝ ինչպէս զուարակով սրբեցիր։ 23Երբ սրբելը լմնցնես, արջառներէն անարատ զուարակ մը ու ոչխարներէն անարատ խոյ մը պիտի մատուցանես։ 24Զանոնք Տէրոջը առջեւ պիտի մօտեցնես ու քահանաները անոնց վրայ աղ պիտի ցանեն ու զանոնք Տէրոջը իբր ողջակէզ պիտի ընեն։ 25Եօթը օր մեղքի պատարագի համար՝ օրը մէկմէկ նոխազ պիտի մատուցանես։ Նաեւ արջառներէն զուարակ մը ու ոչխարներէն խոյ մը պիտի մատուցանես, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։ 26Եօթը օր սեղանին քաւութիւն պիտի ընես եւ զանիկա սրբես ու նուիրես։ 27Երբ այն օրերը լմննան, ութերորդ օրը քահանաները սեղանին վրայ ձեր ողջակէզները ու ձեր խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 43: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.