YouVersion Logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 41

41
1Զիս տաճարը տարաւ ու անոր դրանդիքները չափեց։ Մէկ կողմէն վեց կանգուն լայն ու միւս կողմէն վեց կանգուն լայն էր, խորանին լայնութեանը համեմատ։ 2Դրանը լայնութիւնը տասը կանգուն էր։ Դրանը քովերը մէկ կողմէն հինգ կանգուն ու միւս կողմէն հինգ կանգուն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ քառասուն կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն չափեց։
3Ներս մտաւ եւ դրանը դրանդիքները՝ երկու կանգուն ու դուռը վեց կանգուն չափեց ու դրանը լայնութիւնը՝ եօթը կանգուն էր։
4Անոր երկայնութիւնը չափեց քսան կանգուն ու լայնութիւնը՝ քսան կանգուն, տաճարին լայնութեան համեմատ ու ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Սրբութիւն Սրբութեանցը’։
ՏԱՃԱՐԻՆ ՊԱՏԻՆ ԴԷՄ ՇԻՆՈՒԱԾ ՍԵՆԵԱԿՆԵՐ
5Տանը պատը՝ վեց կանգուն ու տանը բոլորտիքը եղող սենեակներուն լայնութիւնը չորս կանգուն չափեց։
6Սենեակները իրարու վրայ էին երեք դստիկոնով ու թիւով՝ երեսուն եւ անոնց գերանները կը մտնէին տաճարին այն պատին մէջ, որ սենեակներուն համար շինուած էր բոլորակաձեւ, որպէս զի անոր կռթնին, բայց տանը պատին չէին կռթնիր։ 7Սենեակները ելլելու համար՝ շրջանակաւոր սանդուխ մը կար վեր ելլելու համար, որ տանը բոլորտիքը կը դառնար։ Երթալով տունը կը լայննար եւ այսպէս վարի դստիկոնէն վերի դստիկոնը միջին դստիկոնէն կ’ելլէին։ 8Ու բոլորակաձեւ տանը բարձրութիւնը տեսայ. սենեակներուն հիմերը ամբողջ մէկ եղէգ, այսինքն վեց մեծ կանգուն էին։ 9Սենեակներուն պատին լայնութիւնը դուրսէն հինգ կանգուն էր ու մնացածը սենեակներուն ներսի կողմն էր։ 10Դուրսի սենեակներուն մէջտեղը, տանը բոլորտիքը, քսան կանգուն լայն միջոց մը կար։ 11Սենեակներուն մուտքերը մնացած տեղին կը նայէին. մուտքին մէկը՝ դէպի հիւսիս եւ մուտքին միւսը դէպի հարաւ կը նայէր։ Մնացած տեղին լայնութիւնը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն էր։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇԷՆՔԸ
12Զատուած տեղին առջեւ, դէպի արեւմտեան ծայրը եղող շէնքին լայնութիւնը եօթանասուն կանգուն էր ու շէնքին պատը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն լայն ու երկայնութիւնը իննիսուն կանգուն էր։
ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԷՆՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՉԱՓԸ
13Տանը երկայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց ու զատուած տեղը ու շէնքը իր պատերովը հարիւր կանգուն երկայն էր։ 14Տանը ու զատուած տեղին երեսը դէպի արեւելք հարիւր կանգուն լայն էր։
ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԷՆՔԻՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
15 Տանը ետեւի կողմէն՝ զատուած տեղին առջեւի շէնքին երկայնութիւնը եւ անոր սիւնազարդ սրահները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, ներքին տաճարին ու գաւիթին սրահներուն հետ, հարիւր կանգուն չափեց։ 16Դրանը սեմերն ու վանդակապատ պատուհանները եւ շրջանակաձեւ այն երեք շէնքերուն սեմերուն դէմ եղող սիւնազարդ սրահները ամէն կողմէն տախտակով շինուած էին՝ գետնէն մինչեւ պատուհանները։ Պատուհանները ծածկուած էին։ 17Դրանը վերեւ՝ մինչեւ ներքին տունը եւ դուրսէն ու բոլոր պատը շրջանակաձեւ էին ներսէն ու դուրսէն, իրենց չափերովը։
18 Այս տախտակամածին վրայ քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Երկու քերովբէներուն մէջտեղ արմաւենի մը ու ամէն մէկ քերովբէն երկու երես ունէր։ 19Այսինքն մէկ կողմը դէպի արմաւենին մարդու երես ու միւս կողմը դէպի արմաւենին առոյգ առիւծի երես։ Բոլոր տանը շուրջի քանդակը այսպէս էր։ 20Յատակէն մինչեւ դրանը վերեւը քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, նոյնպէս ալ տաճարին պատին վրայ։ 21Տաճարին դրանդիքները քառակուսի էին։ Սրբարանին երեսը, մէկուն երեւոյթը միւսին երեւոյթին պէս էր։
ՓԱՅՏԷ ՍԵՂԱՆԸ
22Փայտէ սեղանը երեք կանգուն բարձր էր։ Երկայնութիւնը երկու կանգուն էր եւ իր անկիւնները իրմէ էին։ Անոր երկայնութիւնը ու քովերը փայտէ էին։ Առաջնորդս ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Տէրոջը առջեւ եղող սեղանը’։
ԴՌՆԵՐԸ
23Տաճարն ու սրբարանը երկու դուռ ունէին։ 24Դռները երկերկու փեղկ ունէին։ Փեղկերը երկուքի կը ծալլուէին։ Երկու փեղկ մէկը ունէր ու երկու փեղկ՝ միւսը։ 25Անոնց եւ տաճարին դռներուն վրայ, պատերուն վրայի քանդակուածին պէս քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Դուրսէն սրահին երեսը փայտէ #41:25 Կամ, վայրագաւիթսանդուխ մը կար։ 26Սրահին քովերը ու տանը սենեակներուն մէջ եւ սանդուխներուն վրայ, մէկ կողմէն ու միւս կողմէն վանդակապատ պատուհաններ ու արմաւենիներ կային։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 41: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in