ԵԶԵԿԻԷԼԻ 40
40
ԱՊԱԳԱՅ ՏԱՃԱՐԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
(40:1–48:35)
ԵԶԵԿԻԷԼ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
1Մեր գերութեան քսանըհինգերորդ տարուան, առաջին ամսուան տասներորդ օրը, քաղաքին զարնուելուն տասնըչորրորդ տարին, նոյն օրը Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու զիս հոն տարաւ։ 2Զիս Աստուծոյ տեսիլքներով Իսրայէլի երկիրը տարաւ եւ խիստ բարձր լերան մը վրայ դրաւ։ Հոն՝ հարաւային կողմը՝ քաղաքի մը նման շինուածք մը կար։ 3Երբ զիս հոն տարաւ, մարդ մը ելաւ, որուն երեւոյթը պղնձի պէս էր եւ որուն ձեռքը քթանէ լար մը ու չափելու համար եղէգ մը կար։ Անիկա դուռը կայներ էր։ 4Այն մարդը ինծի ըսաւ. ‘Որդի՛ մարդոյ, աչքերովդ տե՛ս ու ականջներովդ լսէ՛ ու բոլոր ցուցուցածներուս ուշադրութիւն ըրէ՛, վասն զի դուն հոս բերուեցար որպէս զի այս բաները քեզի ցուցնեմ, որ տեսածդ Իսրայէլի տանը պատմես’։
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՈՒՌԸ
5Դուրսէն տանը շուրջը պարիսպ մը կար։ Այն մարդուն ձեռքը չափելու համար վեց կանգուն երկայն եղէգ մը կար (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ հաշուելով)։ Երբ չափեց պարիսպին լայնութիւնը՝ եղէգ մը ու բարձրութիւնը եղէգ մըն էր։
6Անիկա դէպի արեւելք նայող դուռը եկաւ ու աստիճաններուն վրայ ելաւ։ Դրանը մէկ սեմը եղէգ մը լայն էր։ 7Ամէն մէկ խուցը եղէգ մը երկայն ու եղէգ մը լայն էր ու խուցերուն միջոցը հինգ կանգուն էր։ Դրանը սրահին քով եղող դրանը սեմը ներսէն մէկ կանգուն էր։ 8Անիկա դրանը սրահը ներսէն մէկ եղէգ չափեց։ 9Դրանը սրահը ութը կանգուն չափեց ու անոր դրանդիքը երկու կանգուն էր ու դրանը սրահը ներսի կողմէն էր։ 10Արեւելեան դրանը խուցերը՝ մէկ կողմէն երեք ու միւս կողմէն երեք հատ էին, երեքին չափը նոյնն էր եւ դրանդիքներուն չափը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն նոյնն էր։ 11Դրանը մուտքին լայնութիւնը տասը կանգուն չափեց, դրանը երկայնութիւնը՝ տասներեք կանգուն։ 12Խուցերուն առջեւ մէկ կողմէն մէկ կանգունի բացուածք ու միւս կողմէն մէկ կանգունի բացուածք մը կար։ Խուցերը մէկ կողմէն՝ վեց կանգուն ու միւս կողմէն վեց կանգուն էին։ 13Դուռը չափեց՝ մէկ խուցին տանիքէն մինչեւ միւսին տանիքը՝ լայնութիւնը տասնըհինգ կանգուն էր։ Մուտքերը իրարու դէմ էին։ 14Դրանդիքը վաթսուն կանգուն չափեց մինչեւ դրան շուրջի գաւիթին դրանդիքը։ 15Մուտքի դրան ճակատէն մինչեւ ներքին գաւիթը յիսուն կանգուն էր։ 16Խուցերուն եւ անոնց դրանդիքներուն քով, դրանը ներսի կողմէն կլոր #40:16 Կամ, ներսէն լայն՝ դուրսէն նեղվանդակապատ պատուհաններ ունէին։ Սրահներն ալ այսպէս էին։ Ներսի կողմէն կլոր պատուհաններ ունէին եւ դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։
ԴՈՒՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ
17Զիս դուրսի գաւիթը մտցուց եւ հոն ալ սենեակներ ու գաւիթին համար շինուած կլոր սալայատակ մը կար. սալայատակին շուրջը երեսուն սենեակ կար։ 18Դռներուն քովի սալայատակը դռներուն երկայնութեանը դէմ եղող վարի սալայատակն էր։ 19Ու անիկա վարի դրանը առջեւէն մինչեւ ներքին սրահին առջեւ դուրսէն՝ դէպի արեւելք ու հիւսիս՝ լայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց։
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ
20Եւ դուրսի գաւիթին դէպի հիւսիս նայող դրանը երկայնութիւնը ու լայնութիւնը չափեց։ 21Մէկ կողմը երեք խուցեր ունէր ու երեք հատ ալ միւս կողմը։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները առաջին դրանը չափովն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 22Պատուհաններն ու սրահները ու արմաւենիները դէպի արեւելք նայող դրանը չափովն էին։ Եօթը աստիճանով կ’ելլէին այն դուռը, որուն առջեւ էին սրահները։ 23Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ հիւսիսային դրանը ու արեւելեան դրանը դէմ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը հարիւր կանգուն չափեց։
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ
24Ապա զիս հարաւային կողմը տարաւ։ Հոն ալ դուռ մը կար։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները չափեց, որոնք նոյն չափերը ունէին։ 25Անոր սրահներուն շուրջը նոյն պատուհաններուն պէս պատուհաններ ունէին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 26Այն դուռը ելլելու համար եօթը աստիճան կար։ Անոր սրահները անոնց առջեւ էին։ Անոր դրանդիքներուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ կային։
ՆԵՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ։ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ
27Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ դէպի հարաւ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը՝ դէպի հարաւ՝ հարիւր կանգուն չափեց։ 28Զիս հարաւային դռնէն ներսի գաւիթը մտցուց։ Հարաւային դուռը չափեց, որ նոյն չափերուն համեմատ էր։ 29Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անոր ու անոր սրահներուն շուրջը պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 30Շուրջի սրահները քսանըհինգ կանգուն երկայն ու հինգ կանգուն լայն էին։ 31Սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
ՆԵՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ։ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՈՒՌԸ
32Զիս ներսի գաւիթը տարաւ դէպի արեւելք ու դուռը չափեց, որ նոյն չափերը ունէր։ 33Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անիկա ու անոր սրահները շուրջանակի պատուհաններ ունէին. անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
34Անոր սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Անոր դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
ՆԵՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ։ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ
35Զիս հիւսիսային դուռը տարաւ ու նոյն չափերուն համեմատ չափեց 36Խուցերը, դրանդիքներն ու սրահները, որոնց շուրջ պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 37Անոր դրանդիքները դէպի դուրսի գաւիթն էին ու դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՐԱՆ ՄՕՏ
38Սենեակ մը կար, որուն մուտքը դռներուն քովի դրանդիքներուն մօտ էր։ Ողջակէզը հոն կը լուային։ 39Դրանը սրահին մէջ մէկ կողմէն՝ երկու սեղան ու միւս կողմէն երկու սեղան կար, որպէս զի անոնց վրայ ողջակէզն ու մեղքի պատարագն ու յանցանքի պատարագը մորթեն։ 40Եւ հիւսիսային մուտքի դրան դուրսի կողմը՝ երկու սեղան ու միւս կողմը եղող դրանը սրահին մէջ երկու սեղան կար։ 41Դրանը քով մէկ կողմէն չորս սեղան ու միւս կողմէն չորս սեղան կար, բոլորը ութը սեղան։ Անոնց վրայ կը մորթէին։ 42Չորս սեղանները, որոնք ողջակէզի համար էին, տաշուած քարէ մէկ ու կէս կանգուն երկայն ու մէկ ու կէս կանգուն լայն ու մէկ կանգուն բարձր էին։ Ողջակէզն ու զոհը մորթելու գործիքները անոնց վրայ կը դնէին։ 43Ներսէն կլոր չորս մատնաչափ #40:43 Կամ, կարթերեզերք մը՝ ՝ շինուած էր ու սեղաններուն վրայ զոհին միսը կը դրուէր։
44Ներսի դրանը դուրսի կողմը, հիւսիսային դրանը քով եղող ներսի գաւիթին մէջ, երգողներուն համար սենեակներ կային։ Անոնց երեսը դէպի հարաւ էր։ Մէկը արեւելեան դրանը քով էր ու երեսը դէպի հիւսիս էր։ 45Ինծի ըսաւ. «Այն սենեակը, որ դէպի հարաւ կը նայի, տանը պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ 46Այն սենեակը, որ դէպի հիւսիս կը նայի, սեղանին պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ Անոնք Սադովկի որդիներն են, որոնք Ղեւիի որդիներէն Տէրոջը կը մօտենան՝ անոր ծառայութիւն ընելու համար։
ՆԵՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ ԵՒ ՏԱՃԱՐԸ
47Գաւիթը չափեց, որուն երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը հարիւր կանգուն էր։ Անիկա քառակուսի էր։ Սեղանը տանը առջեւ էր։
48Զիս տանը սրահը տարաւ։ Սրահին դրանդիքները չափեց՝ հինգ կանգուն մէկ կողմէն ու հինգ կանգուն միւս կողմէն էր։ Դրանը լայնութիւնը մէկ կողմէն երեք կանգուն ու միւս կողմէն երեք կանգուն էր։ 49Սրահին երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասնըմէկ կանգուն էր։ Հոն [տասը] աստիճաններով կ’ելլէին։ Դրանդիքներուն քով երկու սիւներ կային։ Մէկը՝ մէկ կողմէն, միւսն ալ՝ միւս կողմէն։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 40: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.