ԵԶԵԿԻԷԼԻ 39
39
ԳՈԳԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
1«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, գոգին վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։ 2Ես քեզ պիտի շրջապատեմ, քեզ պիտի տանիմ եւ հիւսիսի ծայրերէն քեզ պիտի հանեմ ու քեզ Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի բերեմ։ 3Քու աղեղդ քու ձախ ձեռքէդ վար պիտի ձգեմ։ Քու նետերդ աջ ձեռքէդ վեր պիտի նետեմ։ 4Դուն քու բոլոր գունդերովդ ու քեզի հետ եղող ժողովուրդներով Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի իյնաս։ Քեզ ամէն տեսակ թեւ ունեցող գիշատիչ թռչունի ու դաշտի գազաններու կերակուր պիտի տամ։ 5Դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս, վասն զի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 6Մագոգի վրայ ու կղզիներուն մէջ ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ կրակ պիտի ղրկեմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը։ 7Եւ իմ սուրբ անունս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ պիտի ճանչցնեմ ու պիտի չթողում որ անգամ մըն ալ իմ սուրբ անունս պղծուի։ Ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը՝ Իսրայէլի մէջ եղող Սուրբը։ 8Ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Իմ որոշած օրս ասիկա է։ 9Իսրայէլի քաղաքներուն բնակիչները պիտի ելլեն ու կրակ պիտի վառեն ու զէնքերը պիտի այրեն։ Ասպարներով, վահաններով, աղեղներով, նետերով, բիրերով ու նիզակներով եօթը տարի կրակ պիտի վառեն։ 10Դաշտէն փայտ պիտի չբերեն, ո՛չ ալ անտառներէն պիտի կտրեն, հապա զէնքերով կրակ պիտի վառեն։ Զիրենք թալլողները պիտի թալլեն ու զիրենք կողոպտողները պիտի կողոպտեն’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
ԳՈԳԻ ԹԱՂՈՒՄԸ
11Այն օրը Իսրայէլի մէջ Գոգին գերեզմանի տեղ պիտի տամ Անցորդներու Ձորը՝ ծովուն արեւելեան կողմը։ Անիկա անցորդները պիտի արգիլէ ու հոն Գոգը ու անոր բոլոր բազմութիւնը պիտի թաղեն եւ զանիկա Գոգի Բազմութեան Ձորը պիտի կոչեն։ 12Իսրայէլի որդիները երկիրը մաքրելու համար եօթը ամիս զանոնք պիտի թաղեն։ 13Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը զանոնք պիտի թաղեն։ Ասիկա անոնց անուն մը պիտի ըլլայ այն օրը՝ որպէս զի ես փառաւորուիմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 14Ու մարդիկ պիտի որոշեն՝ որ շարունակ երկրին մէջ պտըտին ու անցնողներուն հետ՝ երկրի երեսին վրայ մնացածները թաղեն, որպէս զի զանիկա մաքրեն. անոնք եօթը ամիս ետքը պիտի փնտռեն։ 15Ու երկրին մէջէն անցնողները անցած ատեննին երբ մարդու ոսկոր տեսնեն, քովը նշան մը պիտի դնեն, որպէս զի թաղողները զանիկա Գոգի Բազմութեանը Ձորը թաղեն։ 16Ու քաղաքին անունն ալ #39:16 Այսինքն, բազմութիւնՀամոնա պիտի ըլլայ։ Այսպէս երկիրը պիտի մաքրեն։
17«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն տեսակ թեւաւոր թռչունի ու դաշտի բոլոր գազաններուն ըսէ՛. ‘Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք. ձեզի համար կատարած զոհիս, Իսրայէլի լեռներուն վրայ կատարուելու մեծ զոհին։ Ամէն կողմէ մօտեցէ՛ք, որպէս զի միս ուտէք ու արիւն խմէք։ 18Զօրաւորներուն միսը ուտէք ու երկրի իշխաններուն արիւնը խմէք՝ խոյերու, գառներու, նոխազներու եւ զուարակներու, որոնք Բասանի գէր անասուններն են։ 19Ձեզի համար կատարած զոհէս՝ մինչեւ որ կշտանաք ճարպ պիտի ուտէք ու մինչեւ որ գինովնաք՝ արիւն պիտի խմէք։ 20Իմ սեղանիս վրայ ձիերէն ու կառքի անասուններէն, զօրաւորներէն ու ամէն պատերազմող մարդէն պիտի կշտանաք’»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
21Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Ազգերու մէջ իմ փառքս պիտի դնեմ ու բոլոր ազգերը իմ ըրած դատաստաններս ու անոնց վրայ դրած ձեռքս պիտի տեսնեն։ 22Ու Իսրայէլի տունը այն օրէն յետոյ պիտի գիտնան թէ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ։ 23Եւ ազգերը պիտի գիտնան թէ Իսրայէլի տունը՝ իրենց անօրէնութեանը եւ ինծի ապստամբ ըլլալնուն համար՝ գերի եղաւ ու ես իմ երեսս անոնցմէ ծածկեցի։ Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը տուի ու ամէնքը սուրով ինկան։ 24Իրենց պղծութեանը համեմատ ու իրենց յանցանքներուն համեմատ իրենց հատուցում ըրի ու իմ երեսս իրենցմէ ծածկեցի’։
25Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Հիմա Յակոբը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի ողորմիմ։ Իմ սուրբ անուանս համար նախանձախնդիր պիտի ըլլամ։ 26Երբ անոնք իրենց երկրին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու վախցնող մը չըլլայ, այն ատեն իրենց անարգանքը ու իրենց ինծի դէմ ըրած բոլոր յանցանքները պիտի կրեն։ 27Երբ զանոնք ժողովուրդներէն դարձնեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրներէն հաւաքեմ, այն ատեն անոնց մէջ շատ ազգերու աչքերուն առջեւ պիտի սրբուիմ 28Եւ պիտի գիտնան թէ ես եմ անոնց Տէր Աստուածը. որովհետեւ զանոնք ազգերու մէջ գերի քշեցի ու զանոնք նորէն իրենց երկիրը դարձուցի եւ հոն մարդ մը չթողուցի։ 29Անգամ մըն ալ իմ երեսս անոնցմէ պիտի չծածկեմ, քանզի իմ Հոգիս Իսրայէլի տանը վրայ թափեցի’»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 39: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.