Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3

3
1Ձայնը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այդ տոմսը կե՛ր ու գնա՛ Իսրայէլի տանը խօսէ՛»։ 2Ես իմ բերանս բացի ու այն տոմսը ինծի կերցուց 3Եւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս իմ քեզի տուած տոմսս փորդ ու աղիքներդ լեցուր»։ Ես զանիկա կերայ։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր։ 4Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, աղէ՜, Իսրայէլի տունը գնա՛ ու իմ խօսքերս անոնց ըսէ՛, 5Վասն զի դուն դժուարիմաց խօսք եւ ծանր լեզու ունեցող ազգի մը չղրկուեցար, հապա Իսրայէլի տանը։ 6Դժուարիմաց խօսք ու ծանր լեզու ունեցող շատ ազգերու չէ, որոնց խօսքերը դուն չես հասկնար։ Յիրաւի եթէ քեզ անոնց ղրկէի, անոնք քեզի մտիկ պիտի ընէին։ 7Բայց Իսրայէլի տունը քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն, վասն զի չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել, որովհետեւ բոլոր Իսրայէլի տունը պնդերես ու խստասիրտ է։ 8Ահա անոնց երեսին դէմ քու երեսդ պինդ ու անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ պինդ ըրի։ 9Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի։ Անոնցմէ մի՛ վախնար ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են»։
10Ապա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, իմ բոլոր խօսքերս որոնք քեզի պիտի յայտնեմ, սրտիդ մէջ ընդունէ՛ ու ականջներովդ լսէ՛ 11Եւ գնա՛ գերիներուն մէջ մտիր, քու ժողովուրդիդ որդիներուն մէջ ու անոնց խօսէ՛ եւ անոնց ըսէ՛. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’, մտիկ ընեն կամ զանց ընեն»։
12Այն ատեն Հոգին զիս վերցուց ու ետեւէս մեծ երկրաշարժի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Տէրոջը փառքը օրհնեալ ըլլայ’։ 13Կենդանիներու թեւերուն իրարու զարնուելուն ձայնն ու անոնց քովի անիւններուն ձայնը ու մեծ երկրաշարժի ձայնն էր, որ լսեցի։ 14Հոգին զիս վերցուց տարաւ ու ես իմ հոգիիս տաքութենէն դառնութեամբ գացի ու Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ զօրութեամբ։ 15Քոբար գետին քով բնակող Թելապիպի գերիներուն հասայ ու անոնց նստած տեղը նստայ։ Հոն եօթը օր անոնց մէջ ապշած նստայ։
ՏԷՐԸ ԵԶԵԿԻԷԼԸ ԻԲՐ ՊԱՀԱԿ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ
(Եզեկ. 33:1-9)
16Եօթը օր ետքը Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 17«Որդի մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի։ Երբ որ իմ բերնէս խօսք մը լսես զանոնք իմ կողմէ զգուշացուր։ 18Երբ ամբարիշտին ըսեմ թէ ‘Անշուշտ պիտի մեռնի՛ս ու դուն զանիկա չզգուշացնես եւ չըսես որ ամբարիշտը ապրելու համար՝ իր չար ճամբայէն զգուշանայ, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ 19Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես ու անիկա իր ամբարշտութենէն եւ չար ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ’ըլլաս։ 20Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ եւ չարութիւն ընէ ու ես անոր առջեւ գայթակղութիւն դնեմ, որ անիկա մեռնի, զանիկա չզգուշացնելուդ համար անիկա իր մեղքին մէջ պիտի մեռնի եւ անոր ըրած արդարութիւնը պիտի չյիշուի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ 21Իսկ եթէ դուն այն արդարը զգուշացնես, որպէս զի մեղք չգործէ ու եթէ անիկա մեղք չգործէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի խրատ մտիկ ընելուն համար ու դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս’»։
ԵԶԵԿԻԷԼ ՊԻՏԻ ՉԿՐՆԱՅ ԽՕՍԻԼ
22Հոն Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու ինծի ըսաւ. «Ե՛լ, դա՛շտը գնա ու հոն քեզի հետ պիտի խօսիմ»։ 23Ես ելայ, դաշտը գացի եւ ահա հոն կայներ էր Տէրոջը փառքը՝ Քոբար գետին քով տեսնուած փառքին պէս ու ես երեսիս վրայ ինկայ։ 24Հոգին իմ վրաս եկաւ ու զիս ոտքի կանգնեցուց եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Գնա՛, տունդ պահուըտէ 25Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեն, անոնցմով քեզ պիտի կապեն, որպէս զի չկարենաս մարդոց մէջ ելլել։ 26Քու լեզուդ քու քիմքիդ պիտի փակցնեմ ու համր պիտի ըլլաս եւ պիտի չկրնաս զանոնք յանդիմանել, վասն զի անոնք ապստմաբներու տուն են։ 27Բայց երբ ես քեզի հետ խօսիմ, քու բերանդ պիտի բանամ ու անոնց պիտի ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։ Լսողը թող լսէ ու զանց ընողը թող զանց ընէ. վասն զի անոնք ապստամբներու տուն են»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in