1
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:18
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Երբ ամբարիշտին ըսեմ թէ ‘Անշուշտ պիտի մեռնի՛ս ու դուն զանիկա չզգուշացնես եւ չըսես որ ամբարիշտը ապրելու համար՝ իր չար ճամբայէն զգուշանայ, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։
Compare
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:18
2
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:19
Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես ու անիկա իր ամբարշտութենէն եւ չար ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ’ըլլաս։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:19
3
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:17
«Որդի մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի։ Երբ որ իմ բերնէս խօսք մը լսես զանոնք իմ կողմէ զգուշացուր։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:17
4
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:20
Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ եւ չարութիւն ընէ ու ես անոր առջեւ գայթակղութիւն դնեմ, որ անիկա մեռնի, զանիկա չզգուշացնելուդ համար անիկա իր մեղքին մէջ պիտի մեռնի եւ անոր ըրած արդարութիւնը պիտի չյիշուի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:20