ԵԶԵԿԻԷԼԻ 2
2
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԶԵԿԻԷԼԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄԱՐԳԱՐԷԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1Երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ ու ձայն մը լսեցի. Ան ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ոտքերուդ վրայ կայնէ՛, որ քեզի հետ խօսիմ»։ 2Երբ ինծի հետ կը խօսէր, Հոգին իմ վրաս եկաւ եւ զիս ոտքերուս վրայ վերցուց ու ինծի հետ խօսողին ձայնը լսեցի, 3Որ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ես քեզ Իսրայէլի որդիներուն, ինծի դէմ ապստամբող ազգին՝ կը ղրկեմ, որոնք՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց հայրերը՝ մինչեւ այսօր ինծի դէմ յանցաւոր գտնուեցան։ 4Անոնք պնդերես եւ խստասիրտ որդիներ են։ Ես քեզ անոնց կը ղրկեմ, որ անոնց ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։ 5Եւ անոնք թէ՛ լսեն եւ թէ՛ զանց ընեն (քանզի անոնք ապստամբներու տուն են), պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ։
6«Բայց դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, անոնցմէ մի՛ վախնար եւ անոնց խօսքերէն ալ մի՛ վախնար. թէեւ քու քովդ #2:6 Կամ, փուշեր ու տատասկներկամակոր ու ծուռ մարդիկ՝ ՝ կան եւ կարիճներու քով կը բնակիս, անոնց խօսքերէն մի՛ վախնար եւ անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են։ 7Անոնց իմ խօսքերս ըսէ՛, լսեն կամ զանց ընեն, քանզի անոնք ապստամբ են։
8«Իսկ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի ըսածս լսէ՛, այն ապստամբ տանը պէս ապստամբ մի՛ ըլլար. բերանդ բաց ու քեզի տուածս կեր»։ 9Նայեցայ եւ ահա տեսայ ինծի երկնցած ձեռք մը, որուն մէջ տոմս մը կար։ 10Զանիկա իմ առջեւս բացաւ։ Անոր առջեւն ու ետեւը գրուած էր։ Անոր վրայ ‘Ողբեր, հառաչանք ու վա՜յ’ գրուած էին։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 2: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.