YouVersion Logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 22

22
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՈՃԻՐՆԵՐԸ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, այս արիւնահեղ քաղաքը պիտի դատե՞ս։ Ուրեմն անոր բոլոր պղծութիւնները իրեն գիտցուր 3Ու ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ քաղաք, որ քու մէջդ արիւն կը թափես, որպէս զի քու ժամանակդ գայ եւ քու անձդ ապականելու համար քեզի կուռքեր կը շինես, 4Դուն քու թափած արիւնովդ յանցաւոր եղար ու շինած կուռքերովդ ապականեցար։ Քու օրերդ մօտեցուցիր ու քու տարիներուդ սահմանը մօտեցար, անոր համար քեզ ազգերուն նախատինք ու բոլոր երկրին ծաղրանքի առարկայ ըրի։ 5Քեզի մօտ եղողները ու քեզմէ հեռու եղողները քեզ պիտի ծաղրեն, ո՛վ վատահամբաւ, աղմկալից քաղաք’»։
6«Ահա քու մէջդ Իսրայէլի իշխանները, ամէն մէկը իր բազուկովը արիւն թափելու համար կայներ են։ 7Քու մէջդ հայրն ու մայրը անարգեցին, քու մէջդ օտարականին բռնութիւն ըրին, քու մէջդ որդին ու որբեւարիին զրկանք ըրին։ 8Իմ սուրբ բաներս արհամարհեցիր եւ իմ շաբաթներս պղծեցիր։ 9Քու մէջդ բանսարկու մարդիկ կան արիւն թափելու համար, քու մէջդ լեռներու վրայ կերան, քու մէջդ եղեռնագործութիւն ըրին։ 10Քու մէջդ տղան իր հօրը մերկութիւնը յայտնեց, քու մէջդ անմաքուր եղող կինը անարգեցին։ 11Նաեւ մէկը իր դրացիին կնոջ հետ պղծութիւն ըրաւ, մէկը եղեռնագործութիւն ըրաւ՝ իր հարսը պղծելով, քու մէջդ ուրիշ մըն ալ իր քոյրը, իր հօրը աղջիկը բռնաբարեց։ 12Քու մէջդ արիւն թափելու համար կաշառք առին, վաշխ ու տոկոս առիր եւ բռնութիւն ընելով քու դրացիներէդ բան վաստկեցար ագահութեամբ ու զիս մոռցար», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
13«Ուստի ահա քու ըրած ագահութեանդ ու քու մէջդ եղած արիւնահեղութեան համար ձեռքերս իրարու զարկի։ 14Միթէ քու սիրտդ կրնա՞յ՝ դիմանալ, կամ թէ ձեռքերդ կրնա՞ն ուժովնալ այն օրերը՝ երբ ես քեզի հատուցում ընեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ։ 15Քեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու քեզ երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ եւ քու պղծութիւնդ քեզմէ պիտի ջնջեմ։ 16Դուն քեզմէ պիտի պղծուիս ազգերուն աչքերուն առջեւ ու պիտի գիտնաս թէ՝ ես եմ Տէրը»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՏՈՂ ՓՈՒՌԸ
17Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 18«Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը ինծի կղկղանքի պէս եղաւ. ամէնքը հալոցի մէջ՝ պղնձի, անագի, երկաթի ու կապարի պէս՝ արծաթի կղկղանք եղան։ 19Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ամէնքդ կղկղանքի պէս եղաք, անոր համար ահա ես ձեզ Երուսաղէմի մէջ պիտի հաւաքեմ։ 20Ինչպէս արծաթն ու պղինձը ու երկաթը եւ կապարը ու անագը հալոցի մէջ կը հաւաքեն ու անոր վրայ կրակը կը փչեն՝ զանիկա հալեցնելու համար, այնպէս ալ ձեզ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի հաւաքեմ, մէջը պիտի դնեմ ու հալեցնեմ։ 21Ձեզ մէկտեղ բերելով՝ ձեր վրայ իմ բարկութեանս կրակը պիտի փչեմ եւ դուք անոր մէջ պիտի հալիք։ 22Ինչպէս արծաթը հալոցին մէջ կը հալի, դուք ալ անոր մէջ այնպէս պիտի հալիք ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ իմ սրտմտութիւնս թափեցի ձեր վրայ’»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԵՂՔԸ
23Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 24«Որդի՛ մարդոյ, անոր ըսէ՛. ‘Դուն այնպիսի երկիր մըն ես, որ ո՛չ մաքրուած է, ո՛չ ալ բարկութեան օրը՝ անձրեւով թրջուած։ 25Անոր մէջ իր մարգարէներուն դաւաճանութիւնը կայ, որոնք աւար յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս հոգիներ կ’ուտեն։ Անոնք գանձ ու պատուական բաներ առին ու որբեւարիները շատցուցին։ 26Անոր քահանաները իմ օրէնքս աւրեցին ու իմ սուրբ բաներս պղծեցին, սուրբը պիղծէն չզանազանեցին եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը չգիտցուցին։ Իրենց աչքեր իմ շաբաթներէս ծածկեցին ու ես անոնց մէջ պիղծ սեպուեցայ։ 27Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս արիւն թափելու ու հոգի կորսնցնելու ետեւէ եղան, որպէս զի ագահութեամբ վաստկին։ 28Անոր մարգարէները ունայն տեսիլքներ տեսնելով ու անոնց սուտ գուշակութիւն ընելով՝ զանոնք կիրով ծեփեցին ու ըսին. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ», թէեւ Տէրը խօսած չէր’։ 29Երկրին բնակիչները մեծ զրկանք ըրին ու մեծ յափշտակութիւն ըրին եւ աղքատն ու տնանկը բռնադատեցին ու օտարականը անիրաւութեամբ զրկեցին։ 30Անոնցմէ մարդ մը փնտռեցի, որ պարիսպ շինէ ու խրամատին մէջ իմ առջեւս կենայ երկրին համար, որպէս զի զանիկա չաւերեմ. բայց չգտայ։ 31Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի, զանոնք իմ սրտմտութեանս կրակովը սպառեցի. անոնց ճամբաները իրենց գլուխը տուի»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 22: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in