YouVersion Logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 23

23
ՄԵՂԱՒՈՐ ՔՈՅՐԵՐԸ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, երկու կիներ կային մէկ մօր աղջիկներ։ 3Անոնք Եգիպտոսի մէջ պոռնկութիւն ըրին, իրենց մանկութեան ատենը պոռնկութիւն ըրին։ Անոնց ծիծերը հոն ճնշուեցան ու անոնց կուսութեան ստինքները հոն շօշափուեցան։ 4Անոնց անունները՝ մեծինը Ոողա ու անոր քրոջը՝ Ոողիբա էր։ Անոնք իմս եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնան։ Անոնց անունները՝ Ոողա Սամարիա է ու Ոողիբա Երուսաղէմ է։
5«Ոողա քանի որ իմս էր, պոռնկութիւն ըրաւ, իր տարփածուներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանցի դրացիներուն, 6Կապուտակ հագնող կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձի հեծնող ձիաւորներուն՝ որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։ 7Անիկա պոռնկութիւն ըրաւ անոնց հետ, այսինքն Ասորեստանի ընտիր որդիներուն հետ, նաեւ այն ամենուն հետ՝ որոնց սիրահարեցաւ ու անոնց ամէն կուռքերովը պղծուեցաւ։ 8Եգիպտոսէն բերած պոռնկութիւնները չթողուց. վասն զի անոր մանկութեան ատեն անոր հետ պառկեր էին։ Անոր կուսութեան ստինքները շօշափեր էին ու իրենց պոռնկութիւնը անոր վրայ թափեր էին։ 9Անոր համար զանիկա ձեռքը տուի, Ասորեստանի որդիներուն ձեռքը, որոնց սիրահարած էր։ 10Անոնք անոր մերկութիւնը յայտնեցին, անոր տղաքներն ու աղջիկները առին ու զանիկա սուրով մեռցուցին. այսպէս անիկա կիներուն մէջ անուանի եղաւ եւ զայն պատժեցին։
11«Երբ անոր քոյրը Ոողիբա տեսաւ, իր սիրահարելովը անկէ աւելի ապականեցաւ եւ իր պոռնկութիւնները իր քրոջը պոռնկութիւններէն աւելի շատցուց։ 12Իր դրացիներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանի որդիներուն, շքեղութեամբ հագուած կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձիաւորներուն, որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։ 13Տեսայ թէ պղծուեցաւ ու երկուքին ալ ճամբան մէկ եղաւ։ 14Իր պոռնկութիւնները աւելցուց, քանզի երբ պատի վրայ նկարուած մարդիկ, նօթով նկարուած Քաղդէացիներուն պատկերները տեսաւ, 15Որոնք մէջքերնին գօտի կապած էին եւ իրենց գլուխներուն վրայ #23:15 Կամ, մեծ ապարօշներներկուած խոյրեր՝ ՝ ունէին ու բոլոր իշխաններու կերպարանքով էին, իրենց ծննդեան երկրին Բաբելոնի որդիներուն, Քաղդէացիներուն նման, 16Զանոնք տեսածին պէս անոնց սիրահարեցաւ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներուն երկիրը դեսպաններ ղրկեց։ 17Բաբելոնի որդիները անոր հետ սիրոյ անկողինը մտան եւ զանիկա իրենց պոռնկութիւններով պղծեցին ու անիկա անոնց հետ պղծուեցաւ ու ետքը անոր հոգին անոնցմէ զատուեցաւ։ 18Եւ իր պոռնկութիւնները յայտնեց ու իր մերկութիւնը բացաւ. ուստի իմ հոգիս անկէ զատուեցաւ, ինչպէս անոր քրոջմէն զատուեր էր։ 19Այսպէս անիկա իր պոռնկութիւնները շատցուց, յիշելով իր մանկութեան օրերը՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ շնութիւն ըրած ժամանակը 20Ու սիրահարեցաւ անոնց տարփածուներուն, որոնց մարմինը էշերու մարմին էր ու անոնց զօրութիւնը ձիերու զօրութիւն էր։ 21Դուն նորէն քու մանկութեանդ պղծագործութիւնը ձեռք առիր, որ մանկութեանդ ծիծերուն ճնշուելովը՝ ստինքներդ Եգիպտացիներէն շօշափուեցան»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ՓՈՔՐ ՔՐՈՋ
22«Անոր համար, ո՛վ Ոողիբա, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու վրադ պիտի գրգռեմ քու տարփածուներդ, որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ ու զանոնք ամէն կողմէն քու վրադ պիտի բերեմ, 23Բաբելոնի որդիները ու բոլոր Քաղդէացիները, #23:23 Կամ, իշխանները, հարուստներն ու ազնուականներըՓակուդը, Սուէն ու Կուէն՝ ՝ եւ անոնց հետ Ասորեստանի բոլոր որդիները, ամէնքը շնորհալի երիտասարդներ, կուսակալներ ու նախարարներ, բոլորը ձի հեծնող զօրագլուխներ ու անուանի մարդիկ։ 24Անոնք զէնքերով, կառքերով ու անիւներով ու ժողովուրդներու բազմութիւնով քու վրադ պիտի գան եւ ամէն կողմէ քեզի դէմ վահան, ասպար ու սաղաւարտ պիտի դնեն եւ դատը անոնց ձեռքը պիտի տամ ու քեզ իրենց օրէնքներովը պիտի դատեն։ 25Իմ նախանձս քեզի դէմ պիտի դնեմ, որ քեզի հետ բարկութեամբ վարուին։ Քու քիթդ ու ականջներդ պիտի կտրեն եւ քու մնացորդդ սուրով պիտի իյնայ։ Անոնք քու տղաքներդ ու աղջիկներդ պիտի առնեն ու քու մնացորդդ կրակով պիտի այրեն։ 26Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն ու քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն։ 27Քեզմէ պիտի դադրեցնեմ քու պղծագործութիւնդ ու քու պոռնկութիւններդ, որոնք Եգիպտոսէն բերիր, որ աչքերդ անոնց չվերցնես ու անգամ մըն ալ Եգիպտոսը չյիշես»։
28Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզ պիտի մատնեմ անոնց ձեռքը, որոնք դուն ատեցիր եւ անոնց ձեռքը որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ։ 29Անոնք քեզի հետ ատելութեամբ պիտի վարուին ու քու բոլոր վաստակդ պիտի առնեն եւ քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն ու քու պոռնկութիւններուդ մերկութիւնը, քու ամբարշտութիւնդ ու պոռնկութիւնդ պիտի յայտնուին։ 30Ազգերուն հետեւելով պոռնկութիւն ընելուդ համար եւ անոնց կուռքերովը պղծուելուդ համար՝ այս բաները քեզի պիտի ընեմ։ 31Դուն քու քրոջդ ճամբան գացիր, ես ալ անոր բաժակը քու ձեռքդ պիտի տամ»։ 32Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն քու քրոջդ խորունկ ու լայն բաժակը պիտի խմես, խաղք ու խայտառակ պիտի ըլլաս, այն՝ բաժակը շատ բան կ’առնէ։ 33Դուն արբեցութեամբ ու տրտմութեամբ պիտի լեցուիս։ Ապշութեան ու զարմացման բաժակ մըն է քու քրոջդ Սամարիային բաժակը։ 34Դուն զանիկա պիտի խմես ու պիտի քամես եւ անոր կտորները պիտի #23:34 Կամ, կրծեսլզես ու ստինքներդ պիտի պատռտես, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 35Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Զիս մոռնալուդ ու կռնակիդ ետեւը նետելուդ համար, դուն ալ քու պղծութիւնդ ու պոռնկութիւններդ պիտի կրես’»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՐԿՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ
36Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Ոողայի ու Ոողիբայի դատը պիտի տեսնե՞ս։ Ուրեմն անոնց պղծութիւնները իրենց յայտնէ՛։ 37Վասն զի շնութիւն ըրին ու ձեռքերնուն մէջ արիւն կայ եւ իրենց կուռքերովը շնութիւն ըրին ու իրենց ինծի ծնած տղաքն ալ կրակէ անցուցին, որպէս զի անոնց կերակուր ըլլան։ 38Նոյն օրը իմ սրբարանս մաքրեցին ու իմ շաբաթներս պղծեցին։ 39Վասն զի երբ իրենց տղաքը իրենց կուռքերուն զոհեցին, նոյն օրը իմ սրբարանս մտան, որպէս զի զանիկա պղծեն եւ ահա իմ տանս մէջ նոյնպէս ըրին։ 40Նաեւ հեռուէն գալիք մարդոց լուր ղրկեցին, որոնք պատգամաւորներ ղրկուելուն պէս, եկան։ Դուն անոնց համար լուացուեցար ու աչքերուդ վրայ ծարոյր դրիր ու զարդերով զարդարուեցար 41Եւ պատուական բազմոցի վրայ նստեցար, որուն առջեւ պատրաստուած սեղան կար եւ իմ խունկս ու իւղս անոր վրայ դրիր։ 42Ու հոն ուրախութիւն ընող բազմութեան ձայն կը լսուէր ու այն բազմաթիւ մարդոցմէ զատ անապատէն գինեմոլ մարդիկ բերուեցան, որոնք իրենց ձեռքերը ապարանջաններ ու գլուխները թանկագին թագեր դրած էին։
43«Շնութեան մէջ ծերացածին համար ըսի. ‘Հիմա ալ ասոր հետ պոռնկութիւն պիտի ընե՞ն’։ 44Անոր քով կը մտնէին. ինչպէս պոռնիկ կնոջ քով կը մտնեն, այնպէս ալ Ոողայի ու Ոողիբայի, այն անպարկեշտ կիներուն քով կը մտնէին. 45Բայց արդար մարդիկ շնացող կիներուն դատաստանովը ու արիւն թափող կիներուն դատաստանովը պիտի դատեն զանոնք. վասն զի անոնք շնացող կիներ են ու անոնց ձեռքերուն մէջ արիւն կայ»։
46Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Անոնց դէմ խռովութիւն պիտի հանեմ եւ զանոնք նեղութեան ու հափշտակութեան պիտի մատնեմ։ 47Ժողովուրդը զանոնք պիտի քարկոծեն եւ իրենց սուրերովը պիտի կտրտեն. անոնց տղաքներն ու աղջիկները պիտի մեռցնեն, անոնց տուները կրակով պիտի այրեն։ 48Ասով երկրէն պղծագործութիւնը պիտի վերցնեն, որպէս զի ամէն կին խրատուի ու ձեր պղծութեանը պէս չընէ։ 49Եւ ձեր պղծութիւնը ձեր վրայ պիտի դնեն ու դուք ձեր կուռքերուն մեղքերը պիտի կրէք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 23: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in