ԵԶԵԿԻԷԼԻ 21
21
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՈՒՐԸ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Երուսաղէմ դարձո՛ւր ու սուրբ տեղերուն խօսէ՛ ու Իսրայէլի երկրին մարգարէութիւն ըրէ՛ 3Եւ Իսրայէլի երկրին ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ ու իմ սուրս իր պատեանէն պիտի հանեմ եւ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ։ 4Քանի որ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ, անոր համար հարաւէն մինչեւ հիւսիս ամէն մարմնի դէմ իմ սուրս իր պատեանէն հաներ եմ եւ 5Ամէն մարմին պիտի գիտնայ թէ անգամ մըն ալ ետ պիտի չդարձնեմ։ 6Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, հեծեծէ, կոտրած սրտով եւ դառնութեամբ անոնց աչքերուն առջեւ հեծեծէ՛։ 7Երբ քեզի հարցնեն թէ ‘Ինչո՞ւ կը հեծեծես’, այն ատեն ըսէ՛. ‘Գոյժին համար, վասն զի կու գայ եւ ամէն սիրտ պիտի հալի եւ ամէն ձեռք պիտի թուլնայ ու ամէն հոգի պիտի մարի եւ ամէն ծունկ ջուրի պէս պիտի ըլլայ. ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
8Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 9«Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ըսէ թէ Սո՜ւրը, սո՜ւրը սրուեցաւ ու նաեւ սրբուեցաւ։ 10Մեծ կոտորած ընելու համար սրբուեցաւ։ Հիմա մենք ուրախանա՞նք։ Իմ որդիիս գաւազանը ամէն փայտ կ’անարգէ։ 11Բայց Ինք սրբուելու տուաւ զանիկա, որպէս զի ձեռքով բռնուի։ Այս սուրը սրուած է ու սրբուած է, որպէս զի զանիկա սպաննողին ձեռքը տայ։ 12Աղաղակէ՛ ու ողբա՛, որդի՛ մարդոյ, քանզի անիկա իմ ժողովուրդիս վրայ, Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն վրայ պիտի ըլլայ. իմ ժողովուրդիս վրայ սուրի պատճառով վախեր պիտի ըլլան։ Անոր համար քու ազդրիդ զարկ, 13Վասն զի փորձ պիտի չըլլայ ու ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ գաւազանը արհամարհես», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
14«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ մարգարէութիւն ըրէ ու ձեռքերդ իրարու զա՛րկ եւ սուրը, սպաննուածներուն սուրը, երեք անգամ թող կրկնուի. մեծամեծներուն, վիրաւորներուն սուրը ասիկա է, որ #21:14 Կամ, զանոնք խոցեցանոնց բոլորտիքը պաշարեց՝ ՝։ 15Իրենց սրտերուն նուաղելուն համար ու խոչերուն շատնալուն համար՝ անոնց բոլոր դռներուն վրայ սուրին վախը դրի։ Աւա՜ղ, անիկա փայլելու համար շինուեցաւ, մորթելու համար սրուեցաւ։ 16Ինքզինքդ հաւաքէ՛, զա՛րկ քու աջ կամ ձախ կողմդ, ուր որ երեսդ դարձած է։ 17Ես ալ ձեռքերս իրարու պիտի զարնեմ եւ իմ սրտմտութիւնս պիտի հատցնեմ, ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՍՈՒՐԸ
18Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 19«Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի երկու ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի Բաբելոնի թագաւորին սուրը գայ։ Անոնց երկուքն ալ մէկ երկրէ պիտի ելլեն։ Տեղ մը ընտրէ՛, քաղաքին ճամբուն գլուխը ընտրէ՛։ 20Ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի սուրը գայ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային վրայ եւ Յուդայի մէջ եղող պարսպապատ Երուսաղէմին վրայ։
21Վասն զի Բաբելոնի թագաւորը ճամբուն բաժանումին վրայ՝ երկու ճամբուն գլուխը կայնեցաւ, որպէս զի հմայութիւն ընէ։ Անիկա իր նետերը երերցուց, թերափիմներուն հարցուց. լեարդին նայեցաւ։ 22Անոր աջ ձեռքին մէջ հմայութիւն կար Երուսաղէմի համար, որպէս զի մեքենաներ դնեն, պատերազմի մէջ բերաննին բանան ու աղաղակով ձայն վերցնեն, դռներու դէմ մեքենաներ դնեն, հողաբլուր կանգնեցնեն ու մարտկոց շինեն։ 23Բայց ասիկա անոնց աչքերուն առջեւ սնոտի հմայութեան մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի անոնք երդումներ ըրեր էին. բայց անիկա իրենց անօրէնութիւնը պիտի յիշեցնէ, որպէս զի բռնուին։
24«Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուք ձեր անօրէնութիւնը յիշեցուցիք, երբ ձեր յանցանքները յայտնուեցան ու բոլոր գործերնուդ մէջ ձեր մեղքերը երեւցան, զանոնք յիշեցնելնուդ համար ձեռքով պիտի բռնուիք։ 25Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլի պիղծ ու ամբարիշտ իշխան, օրը հասեր է, քու անօրէնութեանդ վերջին պատիժին ժամանակը’։ 26Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Խոյրը վերցո՛ւր ու թագը հանէ՛. ասիկա այսպէս չըլլար. ցածը բարձրացո՛ւր ու բարձրը ցածցո՛ւր։ 27Զանիկա տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ ու ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է։ Անոր պիտի տամ’»։
ՍՈՒՐ ՄԸ ԵՒ ԱՄՄՈՆԱՑԻՆԵՐԸ
28«Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ, Ամմոնի որդիներուն համար ու անոնց նախատինքին համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Սուրը, սուրը քաշուած է, որ մորթելու համար սրբուած է, որպէս զի իր փայլատակումով հատցնէ, 29Երբ քեզի համար ունայն տեսիլքներ կը տեսնեն, սուտ հմայութիւններ կ’ընեն, որպէս զի ամբարիշտներուն պարանոցին վրայ բերեն, որոնց օրը հասեր է եւ անոնց անօրէնութեանը ժամանակին վախճանը. 30Զանիկա իր պատեանը դարձնե՞մ։ Քեզ քու ստեղծման տեղդ ու ծննդեանդ երկրին մէջ պիտի դատեմ։ 31Քու վրադ իմ բարկութիւնս պիտի թափեմ, քու վրադ իմ սրտմտութեանս կրակովը պիտի փչեմ ու քեզ բարբարոս մարդոց, ապականելու վարպետ եղողներուն ձեռքը պիտի տամ։ 32Հրոյ ճարակ պիտի ըլլաս, քու արիւնդ երկրին մէջտեղը պիտի ըլլայ, դուն պիտի չյիշուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 21: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.