Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 20

20
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ
1Եօթներորդ տարուան, հինգերորդ ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը հարցնելու համար Իսրայէլի ծերերէն մարդիկ եկան եւ իմ առջեւս նստան։
2Ու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 3«Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Միթէ դուք ինծի հարցնելո՞ւ եկաք։ Ես կենդանի եմ, որ #20:3 Եբր., ձեզմէ պիտի չհարցապնդուիմձեզի պատասխան պիտի չտամ’։ 4Միթէ անոնց դատաստան պիտի ընե՞ս, որդի՛ մարդոյ։ Այն ատեն անոնց հայրերուն պղծութիւնները անոնց գիտցուր 5Ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը որ Իսրայէլը ընտրեցի եւ Յակոբին տանը սերունդին #20:5 Այսինքն, երդում ըրիիմ ձեռքս վերցուցի՝ ՝ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց յայտնուեցայ, իմ ձեռքս անոնց վերցնելով՝ ըսի թէ «Ձեր Տէր Աստուածը ես եմ». 6Այն օրը իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք Եգիպտոսէն, այն կաթ ու մեղր բղխող ու ամէն երկիրներու պարծանքը եղող երկիրը հանեմ, որ անոնց համար #20:6 Կամ, հոգացեր էիպատրաստեր էի՝ ՝ 7Ու անոնց ըսի. «Ամէն մարդ իր աչքերուն գարշութիւնները թող մէկդի ձգէ ու Եգիպտոսի կուռքերովը չպղծուի. ես եմ ձեր Տէր Աստուածը»’»։
8«Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան եւ չուզեցին ինծի մտիկ ընել, մէկդի չձգեցին իրենց աչքերուն գարշութիւնները ու Եգիպտոսի կուռքերը չթողուցին։ Այն ատեն ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց պիտի բարկանամ։ 9Բայց ես իմ անուանս համար ըրի, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ՝ որոնց մէջ անոնք կը գտնուէին եւ որոնց առջեւ ես անոնց յայտնուեցայ, երբ զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի։
10Զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի անապատը տարի 11Եւ իմ օրէնքներս անոնց տուի ու իմ դատաստաններս անոնց գիտցուցի, որոնցմով մարդ կ’ապրի, եթէ զանոնք կատարէ։ 12Իմ շաբաթներս ալ անոնց տուի, որպէս զի իմ ու անոնց մէջտեղ նշան ըլլան, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ զիրենք կը սրբեմ։
13«Բայց Իսրայէլի տունը անապատին մէջ ինծի դէմ ապստամբեցաւ։ Իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ դատաստաններս մերժեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի եթէ զանոնք կատարէ։ Իմ շաբաթներս պղծեցին. անոր համար ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ անապատին մէջ ու զանոնք պիտի սպառեմ։ 14Ասիկա ես ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն մէջ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։ 15Անապատին մէջ որոշեցի զանոնք չտանիլ այն երկիրը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի եւ ամէն երկիրներուն պարծանքը եղող երկիրը, որ անոնց տուեր էի։ 16Քանզի իմ դատաստաններս մերժեցին, իմ օրէնքներովս չքալեցին, իմ շաբաթներս պղծեցին. վասն զի անոնց սիրտը իրենց կուռքերուն ետեւէն կ’երթար։ 17Բայց իմ աչքս անոնց խնայեց, որ զանոնք չկորսնցնեմ. ուստի անապատին մէջ զանոնք չսպառեցի։
18«Անապատին մէջ անոնց որդիներուն ըսի. ‘Ձեր հայրերուն կանոններովը մի՛ քալէք ու անոնց սովորութիւնները մի՛ պահէք եւ անոնց կուռքերովը մի՛ պղծուիք։ 19Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ Իմ օրէնքներովս քալեցէ՛ք, 20Իմ շաբաթներս սուրբ պահեցէ՛ք։ Անոնք իմ ու ձեր մէջտեղ նշան ըլլան. որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։
21«Բայց անոնց որդիներն ալ ինծի դէմ ապստամբեցան. իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ կանոններս պահել չմտածեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի՝ եթէ զանոնք կատարէ, իմ շաբաթներս պղծեցին։ Ուստի ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ, անապատին մէջ իմ բարկութիւնս անոնց վրայ պիտի բորբոքի։ 22Սակայն իմ ձեռքս ետ քաշեցի ու ասիկա ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։
23«Անապատին մէջ իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան ընեմ։ 24Վասն զի իմ դատաստաններս չգործադրեցին ու իմ օրէնքներս մերժեցին եւ իմ շաբաթներս պղծեցին ու իրենց աչքերը իրենց հայրերուն կուռքերուն ետեւէն եղան։ 25Ուստի ես ալ այնպիսի օրէնքներ տուի անոնց՝ որ օգտակար չէին ու այնպիսի կարգադրութիւններ՝ որոնցմով չէին կրնար ապրիլ։ 26Զանոնք իրենց ընծաներովը պղծեցի, զանոնք թող տալով որ ամէն արգանդ բացողը կրակէ անցընեն, որպէս զի զանոնք կորսնցնեմ, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
27«Անոր համար, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը խօսէ՛ ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր հայրերը ասով ալ ինծի դէմ յանցանք ընելով՝ զիս նախատեցին։ 28Վասն զի երբ զանոնք տարի այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքս վերցուցեր էի, ամէն բարձր բլուր ու ամէն տերեւախիտ ծառ տեսնելով՝ իրենց զոհերը հոն մատուցանեցին, իրենց գրգռիչ ընծաները հոն ներկայացուցին, իրենց անուշահոտ խունկերը հոն ծխեցին եւ իրենց ըմպելի նուէրները հոն մատուցանեցին»։ 29(Անոնց ըսի. ‘Ի՞նչ է այդ բարձր տեղը, ուր դուք կ’երթաք, որուն անունը մինչեւ այսօր Բարձր տեղ կը կոչուի’)։
30«Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ձեր հայրերուն հետեւելով պոռնկութիւն կ’ընէք 31Եւ ձեր ընծաները մատուցանելով ու ձեր տղաքը կրակէ անցընելով, ձեր բոլոր կուռքերով կը պղծուիք. միթէ ես ձեզի պատասխան պիտի տա՞մ, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’»։
32«Ձեր սրտին խորհուրդը ամենեւին պիտի չկատարուի, որ կ’ըսէք թէ ‘Մենք փայտ ու քար պաշտելով, հեթանոսներուն պէս, երկիրներուն ազգատոհմերուն պէս պիտի ըլլանք’»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՊԱՏԺԷ ԵՒ ԿԸ ՆԵՐԷ
33«Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Անշուշտ ձեր վրայ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով ու թափուած բարկութիւնով թագաւորութիւն պիտի ընեմ։ 34Զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ թափուած բարկութիւնով ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հանեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ ուր դուք ցրուեցաք։ 35Ձեզ ազգերուն անապատը պիտի տանիմ ու հոն ձեզի հետ երես երեսի դատ պիտի վարեմ։ 36Ինչպէս Եգիպտոսի երկրին անապատին մէջ ձեր հայրերուն հետ դատ վարեցի, այնպէս ալ ձեզի հետ դատ պիտի վարեմ, 37Ձեզ գաւազանի տակէն պիտի անցընեմ ու ձեզ ուխտին կապին տակ պիտի մտցնեմ։ 38Ապստամբներն ու ինծի դէմ յանցաւոր եղողները ձեզմէ պիտի զատեմ. զանոնք իրենց պանդխտութեան երկրէն պիտի հանեմ։ Անոնք Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնէն։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
39«Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Գացէ՛ք, այսուհետեւ ամէն մէկդ ձեր կուռքերուն ծառայութիւն ըրէք, քանի որ դուք ինծի մտիկ չէք ըներ. բայց իմ սուրբ անունս ձեր ընծաներովն ու ձեր կուռքերովը մի՛ պղծէք։ 40Վասն զի իմ սուրբ լերանս վրայ, Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ, բոլոր Իսրայէլի տունը՝ ամէնքը իրենց երկրին մէջ ըլլալով՝ հոն ինծի ծառայութիւն պիտի ընեն։ Հոն անոնց պիտի հաճիմ եւ ձեր պատարագներն ու ձեր ընծաներուն երախայրիները ձեր բոլոր սուրբ բաներովը՝ հոն պիտի փնտռեմ։ 41Երբ ձեզ ազգերէն հանեմ ու ձեզ հաւաքեմ այն երկիրներէն, ուր դուք ցրուած էք, անուշահոտ խունկով ձեզի պիտի հաճիմ եւ ձեր մէջ ազգերուն աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի ըլլամ։ 42Երբ ձեզ Իսրայէլի երկիրը տանիմ, այսինքն այն երկիրը որ ձեր հայրերուն խոստացայ, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 43Հոն պիտի յիշէք ձեր ճամբաները ու ձեր բոլոր գործերը՝ որոնցմով պղծուեցաք եւ ձեր ըրած բոլոր չարութիւններուն համար դուք ձեզմէ պիտի զզուիք։ 44Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, երբ ձեզի այսպէս ընեմ իմ անուանս համար եւ ո՛չ թէ ձեր ճամբաներուն ու ձեր ապականուած վարմունքին համեմատ, ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէր Եհովան’»։
ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ԿՐԱԿ
45Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 46«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի հարաւ դարձուր ու դէպի հարաւ խօսէ ու հարաւային դաշտին անտառին վրայ մարգարէութիւն ըրէ 47Եւ հարաւային անտառին ըսէ՛, Տէրոջը խօսքը լսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու մէջդ կրակ պիտի վառեմ, որը քու մէջդ եղած ամէն կանանչ ծառ ու ամէն չոր ծառ պիտի ուտէ։ Բռնկած բոցը պիտի չմարի ու անով հարաւէն մինչեւ հիւսիս բոլոր կողմերը պիտի այրին։ 48Եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ թէ ես՝ Տէրս՝ զանիկա վառեցի։ Անիկա պիտի չմարի’»։ 49Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէր Եհովա, անոնք ինծի համար կ’ըսեն. ‘Չէ՞ որ ասիկա այլաբանութիւններով կը խօսի’»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 20: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in