Երբ ինծի հետ կը խօսէր, Հոգին իմ վրաս եկաւ եւ զիս ոտքերուս վրայ վերցուց ու ինծի հետ խօսողին ձայնը լսեցի, Որ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ես քեզ Իսրայէլի որդիներուն, ինծի դէմ ապստամբող ազգին՝ կը ղրկեմ, որոնք՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց հայրերը՝ մինչեւ այսօր ինծի դէմ յանցաւոր գտնուեցան։