ԵԶԵԿԻԷԼԻ 15
15
ԱՌԱԿ ՄԸ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԻՆ ՄԱՍԻՆ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2«Որդի՛ մարդոյ, որթատունկին փայտը ի՞նչ առաւելութիւն ունի ուրիշ փայտերէ,
Այսինքն այնպիսի ճիւղ մը, որ անտառի ծառերուն մէջ է։
3Միթէ ան իբր փայտ կ’առնուի՞, բանի մը գործածելու համար.
Կամ թէ անկէ ցից մը կը շինուի՞, անկէ աման մը կախելու համար։
4Ահա կրակի մէջ կը նետուի, անոր կերակուր ըլլալու համար։
Կրակը անոր երկու ծայրերը կ’ուտէ
Ու մէջը կ’այրէ։
Միթէ անիկա բանի մը օգտակար կ’ըլլա՞յ։
5Ահա անիկա ողջ եղած ատենը բանի մը չի ծառայեր.
Ալ ո՞ւր մնաց որ անիկա բանի մը օգտակար ըլլայ,
Երբ կրակը զանիկա սպառէ եւ հատցնէ։
6Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Անտառին փայտերուն մէջ ինչպէս է որթատունկին փայտը,
Որ կրակին տուի կերակուրի համար,
Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։
7Իմ երեսս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ.
Անոնք մէկ կրակէն պիտի ազատին,
Բայց ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի ուտէ։
Երբ իմ երեսս անոնց վրայ հաստատեմ,
Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
8Եւ իրենց անհաւատարմութեան համար
Երկիրը ամայի պիտի ընեմ’»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 15: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.