Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 14

14
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
1Իսրայէլի ծերերէն քանի մը մարդիկ ինծի եկան ու իմ առջեւս նստան։ 2Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 3«Որդի՛ մարդոյ, այդ մարդիկը իրենց կուռքերը իրենց սրտերուն մէջ կանգնեցուցին ու իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իրենց երեսներուն առջեւ դրին. միթէ #14:3 Եբր., անոնցմէ պիտի հարցուի՞մանոնց պատասխան պիտի տա՞մ՝ ՝։ 4Ուստի անոնց հետ խօսէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տունէն ով որ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ ու մարգարէին գայ, այն եկողին՝ ես Տէրս անոր կուռքերուն շատութեանը համաձայն պատասխան պիտի տամ 5Որպէս զի Իսրայէլի տունը իրենց սրտերէն բռնեմ, վասն զի անոնք իրենց կուռքերով ինծմէ օտարացան’»։
6«Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դարձէ՛ք ու ձեր կուռքերէն ձեզ դարձուցէք եւ ձեր պղծութիւններէն երեսնիդ դարձուցէք’։ 7Քանզի Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ պանդուխտ եղող օտարականներէն ով որ ինծմէ զատուի եւ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ եւ մարգարէին գայ՝ անոր միջոցով ինծի հարցնելու համար, ես Տէրս ինծմէ պատասխան պիտի տամ անոր 8Ու իմ երեսս այն մարդուն վրայ պիտի հաստատեմ եւ զանիկա պիտի խայտառակեմ ու զանիկա իմ ժողովուրդիս մէջէն բնաջինջ պիտի ընեմ, որ գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։
9«Եթէ մարգարէ մը սխալելով բան մը խօսի, այն մարգարէն ես Տէրս սխալեցուցի ու իմ ձեռքս անոր վրայ պիտի երկնցնեմ եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջէն զանիկա պիտի կորսնցնեմ։ 10Անոնք իրենց պատիժը պիտի կրեն, բան հարցնողին պատիժը ու մարգարէին պատիժը նոյնը պիտի ըլլայ. 11Որպէս զի Իսրայէլի տունը անգամ մըն ալ ինծմէ չխոտորի ու անգամ մըն ալ իրենց յանցանքներով չպղծուին, հապա անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
ՆՈՅ, ԴԱՆԻԷԼ, ՅՈԲ
12Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 13«Որդի՛ մարդոյ, եթէ երկիր մը անհաւատարմութիւն ընելով ինծի դէմ մեղանչէ ու ես անոր վրայ իմ ձեռքս երկնցնեմ ու անոր հացին ցուպը կոտրեմ եւ անոր վրայ սով ղրկեմ ու մարդը եւ անասունը անկէ կոտորեմ։ 14Եթէ այս երեք մարդիկը, Նոյը, Դանիէլը ու Յոբն ալ անոր մէջ ըլլան, անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց հոգին պիտի ազատեն»։
15«Եթէ երկրին վրայ չար գազաններ բերեմ, որոնք զանիկա անզաւակ թողուն ու երկիրը ամայի ըլլայ, այնպէս որ գազաններուն պատճառով անկէ անցնող չըլլայ. 16Եթէ այն երեք մարդիկն ալ անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել. միայն իրենք պիտի ազատին ու երկիրը ամայի պիտի ըլլայ։
17«Կամ եթէ այն երկրին վրայ սուր բերեմ եւ ըսեմ թէ ‘Ո՛վ սուր, երկրին մէջէն անցիր’ ու անկէ մարդն ու անասունը կոտորեմ 18Եւ եթէ այն երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել։ Միայն իրենք պիտի ազատին։
19«Կամ եթէ այն երկրին վրայ ժանտախտ ղրկեմ ու արիւնով իմ բարկութիւնս անոր վրայ թափեմ, այնպէս որ մարդն ու անասունը անկէ կոտորեմ 20Եւ Նոյը, Դանիէլն ու Յոբը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղան կամ աղջիկը պիտի չկարենան ազատել. անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց անձը պիտի ազատեն»։ 21Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որչա՜փ աւելի, երբ ես իմ չորս սաստիկ պատիժներս՝ սուրը, սովը, չար գազաններն ու ժանտախտը՝ Երուսաղէմի վրայ ղրկեմ՝ մարդն ու անասունը անկէ կոտորելու համար։ 22Բայց ահա հոն ողջ մնացողներ պիտի ըլլան՝ այսինքն տղաքներ ու աղջիկներ, որոնք պիտի ելլեն. անոնք ձեզի պիտի գան եւ անոնց ճամբան ու անոնց գործերը պիտի տեսնէք ու Երուսաղէմի վրայ բերած չարիքիս համար, անոր վրայ բերած բոլոր չարիքիս համար, պիտի մխիթարուիք։ 23Ու երբ անոնց ճամբան ու գործերը տեսնէք, անոնք ձեզ պիտի մխիթարեն եւ պիտի գիտնաք թէ ինչ որ ըրի անոր մէջ՝ առանց պատճառի չըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովան»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 14: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in