Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 13

13
ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՏ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒ ԴԷՄ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2«Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ընող
Իսրայէլի մարգարէներուն դէմ մարգարէացի՛ր
Ու իրենց սրտէն մարգարէութիւն ընողներուն ըսէ՛.
‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք,
3Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
Վա՜յ անզգամ մարգարէներուն,
Որոնք իրենց հոգիին ետեւէն կ’երթան
Ու բան մը տեսած չեն’։
4Քու մարգարէներդ, ո՛վ Իսրայէլ,
Աւերակներու մէջ եղող աղուէսներու պէս եղան։
5Խրամատը չելաք,
Տէրոջը օրը պատերազմի մէջ հաստատ կենալու համար։
Իսրայէլի տունը պարսպով չպատեցիք։
6Անոնք ունայն տեսիլք եւ սուտ գուշակութիւն կը տեսնեն
Եւ կ’ըսեն թէ ‘Տէրը ըսաւ’,
Թէեւ Տէրը զանոնք ղրկած չէ։
Եւ յոյս կու տան թէ իրենց խօսքը պիտի կատարուի։
7Միթէ դուք ունայն տեսիլքներ չտեսա՞ք
Եւ սուտ գուշակութիւններ չըրի՞ք
Ու չըսի՞ք թէ ‘Տէրը խօսեցաւ’,
Երբ ես խօսած չէի»։
8Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Ձեր խօսքին ունայն
Ու ձեր տեսիլքին սուտ ըլլալուն համար՝
Ահա ես ձեզի դէմ էմ»։
9«Իմ ձեռքս ունայն տեսիլք տեսնող
Եւ սուտ գուշակութիւն ընող մարգարէներուն դէմ պիտի ըլլայ։
Անոնք իմ ժողովուրդիս խորհուրդին մէջ պիտի չըլլան,
Իսրայէլի տանը գրքին մէջ պիտի չգրուին,
Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնեն
Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան։
10Որովհետեւ անոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն
Եւ ‘Խաղաղութիւն է’՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ
Ու ժողովուրդը պատ կը շինէ
Եւ գուշակողները կիրով կը ծեփեն զանիկա։
11Այն կիրով ծեփողներուն ըսէ թէ ‘Անիկա պիտի փլչի’.
Յորդահոս անձրեւ պիտի գայ
Եւ դուք, ո՛վ կարկուտի քարեր, պիտի իյնաք
Ու զանիկա մրրկալից հովը պիտի ճեղքէ։
12 Երբ պատը փլչի,
Ձեզի պիտի չըսե՞ն թէ
‘Ո՞ւր է այն ծեփը, որով դուք ծեփեցիք’,
13Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Իմ սրտմտութիւնովս մրրկալից հով մը պիտի հանեմ
Եւ իմ բարկութիւնովս՝ յորդահոս անձրեւ
Ու սրտմտութիւնովս կարկուտի քարեր պիտի գան,
Որպէս զի զանիկա բնաջինջ ընեն։
14Կիրով ծեփուած պատերնիդ պիտի փլցնեմ,
Զանիկա գետնին հաւասար պիտի ընեմ.
Անոր հիմը պիտի երեւնայ եւ անիկա պիտի իյնայ,
Դուք անոր մէջ բնաջինջ պիտի ըլլաք
Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
15Եւ ես իմ սրտմտութիւնս պատին վրայ
Ու զանիկա կիրով ծեփողներուն վրայ պիտի թափեմ
Ու ձեզի պիտի ըսեմ,
‘Պատը ու զանիկա ծեփողները ոչինչ եղան’,
16Այսինքն Իսրայէլի մարգարէները,
Որոնք Երուսաղէմի համար մարգարէութիւն կ’ընէին
Եւ անոր վրայով խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնէին,
Քանի որ խաղաղութիւն չկար»։
ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՏ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ
17«Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երեսդ շտկէ՛ քու ժողովուրդիդ աղջիկներուն դէմ, որոնք իրենց սրտէն մարգարէութիւն կ’ընեն ու անոնց համար մարգարէացիր 18Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ այն կիներուն, որոնք ամէն թեւերու տակ մոգական բարձ կը կարեն եւ ամէն հասակի մարդոց գլուխներուն #13:18 Կամ, երեսի բարձերլաչակներ կը շինեն, որպէս զի հոգիներ որսան’։ Միթէ դուք իմ ժողովուրդիս հոգիները որսալով ձեր հոգիները պիտի ապրեցնէ՞ք։ 19Ժողովուրդին առջեւ զիս կ’անարգէք բուռ մը գարիի եւ պատառ մը հացի համար։ Կը մեռցնէք անձեր, որոնք մահապարտ չէին։ Կ’ապրեցնէիք անձեր, որոնք ապրելու չէին։ Իմ ժողովուրդիս առջեւ սուտ կը խօսիք, որը կ’ախորժի սնոտաբանութիւն լսելէ’։ 20Ատոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր բարձերուն դէմ եմ, որոնցմով դուք հոգիները կ’որսաք #13:20 Կամ, կը թռչինթռչուններու պէս եւ զանոնք ձեր թեւերէն պիտի պատռեմ ու այն հոգիները պիտի արձակեմ, որոնք դուք կ՛որսաք #13:20 Կամ, կը թռչինթռչուններու պէս՝ ՝ 21Եւ ձեր լաչակները պիտի պատռեմ ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ ձեր ձեռքին մէջ որս պիտի չըլլան ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։ 22Վասն զի դուք արդարին սիրտը ձեր սուտերովը տրտմեցուցիք, որ ես չէի տրտմեցուցած ու ամբարշտին ձեռքը ուժովցուցիք, որպէս զի չար ճամբայէն չդառնայ ու ապրի։ 23Անոր համար անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք պիտի չտեսնէք եւ գուշակութիւն պիտի չընէք ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 13: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in