ԵԶԵԿԻԷԼԻ 12
12
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԻԲՐ ԳԱՂԹԱԿԱՆ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, դուն ապստամբներու տանը մէջ բնակած ես, որոնք տեսնելու աչքեր ունին ու չեն տեսներ եւ լսելու ականջներ ունին ու չեն լսեր. վասն զի, անոնք ապստամբներու տուն են։ 3Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի չուելու կարասիներ պատրաստէ՛ ու անոնց աչքերուն առջեւ ցորեկով չուէ՛ եւ անոնց աչքերուն առջեւ եղած տեղէդ ուրիշ տեղ մը գնա՛, թերեւս #12:3 Կամ, տեսնենք թէ իրենքուշադրութիւն ընեն, թէեւ անոնք՝ ՝ ապստամբներու տուն են։ 4Անոնց աչքերուն առջեւ քու կարասիներդ ցորեկով հանէ՛, չուելու կարասիներու պէս. բայց դուն անոնց աչքերուն առջեւ իրիկունը ելի՛ր, գերութեան գացողներու պէս։ 5Անոնց աչքերուն առջեւ պատը ծակէ ու անկէ հանէ. 6Անոնց աչքերուն առջեւ զանոնք ուսիդ վրայ վերցուր ու մթնցած ատեն հանէ. երեսդ ծածկէ, որպէս զի երկիրը չտեսնես. վասն զի քեզ Իսրայէլի տանը նշան տուի»։
7Այնպէս ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ։ Իմ կարասիներս չուելու կարասիներու պէս ցորեկով հանեցի ու իրիկունը ձեռքովս պատը ծակեցի ու մթնցած ատեն հանեցի. անոնց աչքերուն առջեւ ուսիս վրայ վերցուցի։ 8Առտուն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 9«Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը, այն ապստամբներու տունը, քեզի չըսի՞ն թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընես’։ 10Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս պատգամը Երուսաղէմի մէջ եղող իշխանին ու հոն բնակող Իսրայէլի բոլոր տանը համար է։ 11Ըսէ՛՝
Ես ձեզի համար նշան եմ։
Ես ինչպէս ըրի, անոնց այնպէս պիտի ըլլայ։
Անոնք պիտի չուեն ու գերութեան երթան։
12Անոնց մէջ եղող իշխանը
Իր ուսին վրայ բեռ պիտի վերցնէ
Ու մթնցած ատեն պիտի ելլէ։
Պատը պիտի ծակեն, որպէս զի անկէ հանեն։
Անիկա իր երեսը պիտի ծածկէ,
Որպէս զի երկիրը աչքով չտեսնէ։
13Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ
Ու անիկա իմ որոգայթիս մեջ պիտի բռնուի։
Զանիկա Բաբելոն,
Քաղդէացիներու երկիրը, պիտի տանիմ։
Անիկա այն տեղը պիտի չտեսնէ,
Թէեւ հոն պիտի մեռնի։
14Անոր բոլորտիքը եղող բոլոր օգնականները
Ու անոր բոլոր գունդերը
Բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ,
Անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։
15Երբ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ
Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցանեմ,
Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
16Անոնցմէ սուրէն, սովէն ու ժանտախտէն ազատուած
Քիչ մարդ պիտի թողում,
Որպէս զի իրենց բոլոր պիղծ գործերը պատմեն
Այն ազգերուն մէջ, որոնց մէջ պիտի մտնեն
Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
ԴՈՂԱՑՈՂ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՆՇԱՆԸ
17Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18«Որդի՛ մարդոյ, քու հացդ դողալով կե՛ր
Ու ջուրդ տագնապով եւ անձկութեամբ խմէ՛
19Ու երկրի ժողովուրդին ըսէ՛.
Իսրայէլի երկրին մէջ եղող Երուսաղէմի բնակիչներուն համար
Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Անոնք իրենց հացը անձկութեամբ պիտի ուտեն
Ու իրենց ջուրը ապշութեամբ պիտի խմեն,
Որպէս զի իրենց երկիրը #12:19 Եբր., իր լիութենէնբոլորովին ամայի մնայ
Իր բոլոր բնակիչներուն անիրաւութեանը պատճառով։
20Մարդաբնակ քաղաքները պիտի աւրուին,
Երկիրը ամայի պիտի ըլլայ
Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱԿ ՄԸ ԵՒ ԱՆԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ
21Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
22«Որդի՛ մարդոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեզի այն առակը,
Որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ կը գործածէք
Ու կ’ըսէք. ‘Օրերը կ’երկննան
Ու ամէն տեսիլք պարապ կ’ելլէ’։
23Անոր համար անոնց ըսէ՛,
Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Այս առակը պիտի խափանեմ
Եւ այս առակը անգամ մըն ալ Իսրայէլի մէջ պիտի չգործածուի’։
Բայց անոնց ըսէ. ‘Օրերը մօտեցան,
Ամէն պատգամ պիտի կատարուի։
24Վասն զի Իսրայէլի տանը մէջ անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք
Եւ շողոքորթութեան գուշակութիւն պիտի չըլլայ։
25Քանզի #12:25 Կամ, ես եմ Տէրը, որ կը խօսիմես Տէրս կը խօսիմ՝ ՝
Ու խօսքիս գործադրութիւնը
Ա՛լ պիտի չուշանայ,
Վասն զի ձեր օրերուն մէջ, ո՛վ ապստամբներու տուն,
Բան մը պիտի ըսեմ ու պիտի կատարեմ’,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
26Նորէն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
27«Որդի՛ մարդոյ, ահա Իսրայէլի տունը կ’ըսեն թէ
‘Ասոր տեսած տեսիլքը շատ օրերու համար է
Ու ասիկա հեռաւոր ժամանակներու համար մարգարէութիւն կ’ընէ’։
28Ուստի անոնց ըսէ.
Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան.
‘Այսուհետեւ ոչ մէկ խօսք պիտի ուշանայ,
Հապա իմ խօսքս պիտի կատարուի’։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 12: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.