ԵԶԵԿԻԷԼԻ 11
11
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
1Հոգին զիս վերցուց ու Տէրոջը տանը դէպի արեւելք նայող արեւելեան դուռը տարաւ։ Դրանը մուտքը քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնց մէջ՝ ժողովուրդին իշխանները, Ազուրի որդին Յեզոնիան ու Բանեայի որդին Փաղատիան ալ տեսայ։
2Անիկա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ,
Ասոնք են այն մարդիկը, որ անօրէնութիւն կը մտածեն
Ու չար խորհուրդ կու տան այս քաղաքին
3Ու կ’ըսեն. ‘Մօտ չէ ժամանակը, տուներ շինենք’.
Այս քաղաքը կաթսայ է ու մենք միս ենք»։
4Ուստի մարգարէացի՛ր անոնց վրայ։
Մարգարէացի՛ր, որդի՛ մարդոյ։
5Այն ատեն Տէրոջը Հոգին իմ վրաս եկաւ
Ու ինծի ըսաւ. «Ըսէ թէ Տէրը ասյպէս կ’ըսէ.
‘Դուք այդպէս ըսիք’, ո՛վ Իսրայէլի տուն,
Բայց ես ձեր մտքէն անցածը գիտեմ։
6Դուք այս քաղաքին մէջ ձեր սպաննուածները շատցուցիք
Ու անոր փողոցները սպաննուածներով լեցուցիք»։
7Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Ձեր սպաննուածները, որոնք անոր մէջ դրիք,
Անոնք միսն են ու անիկա կաթսան է.
Բայց ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ։
8Դուք սուրէն վախցաք
Ու ես սուրը ձեր վրայ պիտի բերեմ’,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
9Ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ,
Ձեզ օտարներուն ձեռքը պիտի մատնեմ
Ու ձեր մէջ դատաստաններ պիտի գործադրեմ։
10Դուք սուրով պիտի իյնաք։
Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ
Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
11Այս քաղաքը ձեզի համար կաթսայ պիտի չըլլայ,
Որ դուք անոր մէջ միս ըլլաք։
Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ։
12Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը.
Քանի որ իմ օրէնքներովս չքալեցիք
Ու իմ հրամաններս չգործադրեցիք,
Հապա ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն սովորութիւններուն համեմատ վարուեցաք’»։
13Իմ մարգարէութիւն ըրած ատենս Բանեայի որդին Փաղատիան մեռաւ։ Այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ, բարձր ձայնով աղաղակեցի ու ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, միթէ Իսրայէլի մնացորդը բոլորովին պիտի սպառե՞ս»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԱՔՍՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
14Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 15«Որդի՛ մարդոյ, քու եղբայրներդ, քու ազգականներդ ու բոլոր Իսրայէլի տունը, ամէնքը այն մարդիկն են, որոնց Երուսաղէմի բնակիչները ըսին. ‘Տէրոջը քովէն հեռացէ՛ք. այս երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուած է’։
16Անոր համար ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Թէեւ զանոնք ազգերու մէջ տարի
Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցրուեցի,
Բայց անոնց մտած երկիրներուն մէջ
Քիչ մը ատեն անոնց սրբարան պիտի ըլլամ’։
17Անոր համար ըսէ. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հաւաքեմ
Եւ ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝
Ուր դուք ցրուըուած էք։
Ձեզի պիտի տամ Իսրայէլի երկիրը։
18Հոն պիտի մտնեն,
Անոր բոլոր գարշութիւնները,
Բոլոր պղծութիւնները անկէ պիտի վերցնեն։
19Անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ,
Անոնց ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ.
Անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու
Անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ.
20Որպէս զի իմ օրէնքներուս մէջ քալեն,
Իմ պատուէրներս պահեն ու զանոնք գործադրեն։
Անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան,
Ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ։
21Բայց անոնց՝ որոնց սիրտը իրենց կամքին գարշութիւններուն
Ու պղծութիւններուն ետեւէն կ’երթայ,
Անոնց գործերը իրենց գլուխը պիտի բերեմ’,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ
22Քերովբէները իրենց թեւերը վերցուցին ու անիւները անոնց հետ էին եւ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը վերէն անոնց վրայ էր։ 23Եւ Տէրոջը քաղաքին մէջտեղէն ելաւ եւ քաղաքին արեւելեան կողմը եղող լերանը վրայ կայնեցաւ։
24Ու Հոգին զիս վերցուց եւ Քաղդէացիներու երկիրը եղող գերիներուն քով տարաւ։ Ասիկա տեսիլքի մէջ եղաւ Աստուծոյ Հոգիովը։ Այն տեսած տեսիլքս իմ վրայէս հեռացաւ։ 25Ու ես գերիներուն իմացուցի Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որոնք ինծի յայտներ էր։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 11: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.