YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 6

6
1Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին ընելիքս հիմա պիտի տեսնես. որ հզօր ձեռքով պիտի թողու զանոնք ու հզօր ձեռքով պիտի վռնտէ զանոնք իր երկրէն»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎՍԷՍԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
2Եւ Աստուած շարունակեց ու ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ Եհովան 3Որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Ամենակարող Աստուծոյ անունով երեւցայ. բայց իմ Եհովա անունովս անոնց չյատնուեցայ։ 4Նաեւ անոնց հետ իմ ուխտս հաստատեցի, որ անոնց տամ Քանանի երկիրը, անոնց օտարութեան երկիրը, ուր պանդխտացան։ 5Լսեցի Իսրայէլի որդիներուն հառաչանքը, որոնք Եգիպտացիները ծառայեցուցին ու իմ ուխտս յիշեցի։ 6Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. ‘Ես եմ Եհովա’, ես ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն պիտի հանեմ ու ձեզ անոնց ծառայութենէն պիտի ազատեմ եւ ձեզ երկնցած բազուկով ու մեծ դատաստաններով պիտի փրկեմ 7Եւ ձեզ ինծի ժողովուրդ պիտի ընեմ ու ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ եւ պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն հանող Տէրը, ձեր Աստուածը, ես եմ։ 8Ձեզ այն երկիրը պիտի տանիմ, որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին տալու #6:8 Եբր., ձեռքս վեր վերցուցիերդում ըրի՝ ՝ ու զայն ձեզի ժառանգութիւն ըլլալու պիտի տամ։ Ես եմ Տէրը»։ 9Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն այսպէս ըսաւ. բայց անոնք՝ հոգիի նեղութենէն ու գործին ծանրութենէն մտիկ չըրին Մովսէսին։
10Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 11«Մտի՛ր, խօսէ՛ Եգիպտոսի թագաւորին, որ Իսրայէլի որդիները իր երկրէն ազատէ»։ 12Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը առջեւ՝ ըսելով. «Ահա Իսրայէլի որդիները ինծի մտիկ չըրին, Փարաւո՞ն ինչպէս մտիկ պիտի ընէ։ Արդէն ես ծանրալեզու եմ»։ 13Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու հրաման ըրաւ անոնց, որ Իսրայէլի որդիներուն ու Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին երթան, Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար։
ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆԻՆ ԱԶԳԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
14Անոնց հայրերուն տուներուն գլուխները ասոնք են. Իսրայէլի անդրանիկին Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն եւ Քամի։ Ասոնք են Ռուբէնին տոհմերը։ 15Շմաւոնին որդիները՝ Յամուէլ, Յամին, Ոհադ, Յաքին, Սահառ եւ Քանանացի կնոջ որդին Սաւուղ։ Ասոնք են Շմաւոնին տոհմերը։ 16Ղեւիին որդիներուն անունները իրենց ծնունդներուն համեմատ ասոնք են՝ Գերսոն, Կահաթ եւ Մերարի։ Ղեւիին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան։ 17Գերսոնին որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ Ղոբենի ու Սեմէի էին։ 18Կահաթին որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ։ Կահաթին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըերեք տարի եղան։ 19Մերարիին որդիները՝ Մոողի ու Մուսի։ Ղեւիին տոհմերը իրենց ծնունդներուն համեմատ ասոնք են։ 20Ամրամ իր հօրաքոյրը Յոքաբէդը իրեն կին առաւ, որ ծնաւ իրեն Ահարոնը ու Մովսէսը։ Ամրամին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան։ 21Իսահառին որդիները՝ Կորխ, Նափեկ եւ Զեքրի։ 22Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլ, Եղիսափան եւ Սեթրի։ 23Ահարոն իրեն կին առաւ Ամինադաբին աղջիկը, Նաասոնին քոյրը Եղիսաբէթը եւ ծնաւ իրեն Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։ 24Կորխին որդիները՝ Ասիր, Եղկանա եւ Աբիասափ. ասոնք են Կորխին տոհմերը։ 25Ահարոնի որդին Եղիազար Փուտիէլի աղջիկներէն իրեն կին առաւ եւ ծնաւ իրեն Փենէհէսը։ Ասոնք են Ղեւտացիներու հայրերուն գլուխները իրենց տոհմերուն համեմատ։
26Ասոնք են Ահարոնը ու Մովսէսը՝ որոնց ըսաւ Տէրը. «Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը Եգիպտոսի երկրէն հանեցէք»։ 27Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին խօսողները ասոնք են. այս Մովսէսը ու Ահարոնը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՐԱՄԱՆԸ ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆԻՆ
28Այն օրը Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ։ 29Այն ատեն Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ես եմ Եհովան. ամէն ինչ որ քեզի կ’ըսեմ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ըսէ»։ 30Մովսէս Տէրոջը առջեւ ըսաւ. «Ահա ես ծանրալեզու եմ ու Փարաւոնը ի՞նչպէս մտիկ պիտի ընէ ինծի»։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 6: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in