YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 5

5
ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆ ՓԱՐԱՒՈՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
1Ետքը Մովսէս ու Ահարոն, Փարաւոնին գացին ու ըսին. «Իսրայէլի Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմ ժողովուրդիս թուլատրէ, որպէս զի անապատին մէջ ինծի տօնախմբութիւն ընեն’»։ 2Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թուլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թուլատրեր»։ 3Անոնք ըսին. «Եբրայեցիներուն Աստուածը մեզի հանդիպեցաւ։ Հրաման տուր, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք անապատին մէջ ու մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք, որ չըլլայ թէ ժանտախտով կամ սրով մեզի դէմ ելլէ»։ 4Եգիպտոսի թագաւորն ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Մովսէս ու Ահարոն, ինչո՞ւ ժողովուրդը իրենց գործերէն ետ կը թողուք. գացէ՛ք, աշխատեցէք»։ 5Փարաւոն ըսաւ. «Ահա հիմա երկրին ժողովուրդը շատ է ու դուք կը դադրեցնէք զանոնք գործելէ»,
6Փարաւոն այն օրը ժողովուրդին գործավարներուն ու անոնց վերակացուներուն հրամայեց. 7«Երէկուան ու միւս օրուան պէս՝ ա՛լ ժողովուրդին յարդ մի՛ տաք աղիւս շինելու համար։ Թող իրենք երթան ու իրենց յարդ հաւաքեն։ 8Անոնցմէ ա՛յնքան աղիւս պահանջեցէք, որքան առաջ կը շինէին ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք. վասն զի ծոյլ են ու անոր համար կը պոռան՝ ‘Երթանք, մեր Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։ 9Թող գործը այս մարդոց վրայ ծանրանայ, որպէս զի անով աշխատին ու փուճ խօսքերու մտիկ չընեն»։ 10Եւ ժողովուրդին գործավարներն ու վերակացուները ելան եւ ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Փարաւոն այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեզի յարդ չեմ տար. 11Դուք գացէք, ձեզի յարդ ճարեցէ՛ք, ուրկէ որ կրնաք գտնել’. բայց ձեր գործէն բան մը պիտի չպակսի»։ 12Այսպէս ժողովուրդը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ցրուեցան՝ յարդի տեղ խոզան հաւաքելու համար։ 13Գործավարները կը ստիպէին զանոնք՝ ըսելով. «Ձեր ամէն օրուան գործը կատարեցէք, ինչպէս երբ յարդ ունէիք»։ 14Փարաւոնին գործավարները Իսրայէլի որդիներուն վրայ իրենց դրած վերակացուները ծեծեցին ու ըսին. «Ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն չափը երէկ ու այսօր ինչո՞ւ չլմնցուցիք առաջուան պէս»։
15Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները եկան ու Փարաւոնին բողոքեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ քու ծառաներուդ այսպէս կ’ընես։ 16Քու ծառաներուդ յարդ չեն տար ու մեզի կ’ըսեն՝ ‘Աղիւսներ շինեցէք’։ Ահա քու ծառաներդ ծեծ կերան, մինչ յանցանքը ժողովուրդինն է»։ 17Անիկա ըսաւ. «Ծոյլ էք դո՛ւք, ծոյլ, անոր համար կ’ըսէք թէ՝ ‘Երթանք Տէրոջը զոհ մատուցանենք’, 18Ուստի հիմա գացէ՛ք, բանեցէք ու ձեզի յարդ պիտի չտրուի, բայց աղիւսներուն թիւը պիտի պահանջուի»։ 19Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները ինքզինքնին փորձանքի մէջ տեսան, երբ ըսուեցաւ թէ ‘Ամէն օրուան ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն թիւէն չպակսեցնէք’»։ 20Փարաւոնին քովէն դուրս ելած ատեննին հանդիպեցան Մովսէսին ու Ահարոնին, որ իրենց կը սպասէին 21Ու ըսին անոնք. «Տէրը ձեզի նայի ու դատէ՛. վասն զի գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով»։
ՄՈՎՍԷՍ ՏԷՐՈՋԸ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ
22Մովսէս Տէրոջը դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեցիր եւ զիս ինչո՞ւ ղրկեցիր։ 23Քու անունովդ Փարաւոնին գալէս յետոյ, անիկա այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեց ու դուն բնաւ չփրկեցիր քու ժողովուրդդ»։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 5: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in