YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 39

39
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐՈՒՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 28:1-14)
1Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ շինեցին պաշտամունքի հանդերձները, սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար։ Ահարոնին համար սուրբ զգեստներ շինեցին, Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս։
2Եփուտը շինեց ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։ 3Ոսկին ծեծելով բարակ թիթեղներ շինեցին եւ թելեր կտրեցին, որպէս զի կապուտակին, ծիրանեգոյնին եւ կրկնակի կարմիրին ու բարակ քթանին հետ վարպետութեամբ գործեն։ 4Կոճկուող վակասներ շինեցին անոր, այսինքն եփուտին, որ երկու ծայրէն կը կոճկուէր։ 5Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը նոյն նիւթէն էր. անոր գործին համեմատ, ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ էր՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
6Ոսկի խորշերու մէջ եղնգնաքարեր գամեցին ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները կնիք փորագրելու պէս՝ փորագրեցին։ 7Զանոնք եփուտին ուսերուն վրայ դրաւ, որպէս զի յիշատակի քարեր ըլլան Իսրայէլի որդիներուն, Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
ԼԱՆՋԱՊԱՆԱԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 28:15-30)
8Եւ լանջապանակը ճարտարութեամբ եփուտին գործին պէս ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց։ 9Քառակուսի, երկուքի ծալլուող, լանջապանակը՝ մէկ թիզ երկայնութեամբ ու մէկ թիզ լայնութեամբ, երկուքի ծալլուող։ 10Անոր վրայ չորս կարգ քարեր գամեցին։ Առաջին կարգը՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ։ 11Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ էր։ 12Երրորդ կարգն էր գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ 13Չորրորդ կարգն էր ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկի խորշերու մէջ գամուած էին։ 14Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն համեմատ, անոնց անուններուն պէս, տասներկու էին։ Իւրաքանչիւրին անունը՝ տասներկու ցեղերուն համեմատ՝ կնիք փորագրողի գործով փորագրուած էր։ 15Լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինեցին։ 16Երկու ոսկի խորշ ու երկու ոսկի օղակ շինեցին։ Երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերը դրին։ 17Լանջապանակին ծայրերը եղած երկու օղակներուն անցուցին երկու ոսկիէ հիւսուած շղթաներ։ 18Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը երկու խորշերուն անցուցին ու ասոնք եփուտին ուսերուն վրայ՝ անոր առջեւի կողմը դրին։ 19Ուրիշ երկու ոսկի օղակներ ալ շինեցին եւ զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն եփուտին կցուած եզերքին երկու ծայրերը դրին։ 20Ուրիշ երկու օղակներ ալ շինեցին ու զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուցին։ 21Լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեցին, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐՈՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ
(Ելից 28:31-43)
22Եփուտին պատմուճանը ոստայնանկի գործով բոլորովին կապուտակէ շինեց։ 23Պատմուճանին մէջտեղը զրահի ճեղքուածքին պէս ճեղքուածք մը կար ու ճեղքուածքին բոլորտիքը հիւսուած եզերք ունէր, որպէս զի չպատռի։ 24Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նուռեր շինեցին։ 25Զուտ ոսկիէ զանգակներ շինեցին ու զանոնք նուռերուն մէջտեղը, պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի նուռերուն մէջ դրին։ 26Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի զանգակ մը ու նուռ մը կար, պաշտամունքի համար՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
27Ահարոնին ու անոր որդիներուն համար բարակ քթանէ ոստայնանկի գործ՝ շապիկներ շինեցին։ 28Եւ խոյրը բարակ քթանէ ու հանդէսի ապարօշները բարակ քթանէ ու կտաւեղէն անդրավարտիքները մանուած բարակ քթանէ 29Եւ գօտին մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նկարագործ շինեցին՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
30Սուրբ պսակին թիթեղը զուտ ոսկիէ շինեցին ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ գրեցին։ 31Անոր կապուտակ ժապաւէն մը անցուցին, որպէս զի վերէն խոյրին վրայ դրուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
ԳՈՐԾԻՆ ԼՐԱՑՈՒՄԸ
(Ելից 35:10-19)
32Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այնպէս ըրին։ 33Խորանը Մովսէսին բերին՝ վրանը ու անոր բոլոր գործիքները, անոր ճարմանդները, անոր տախտակները, անոր նիգերը եւ անոր սիւներն ու խարիսխները 34Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոցն ու թէհաշի մորթերէ եղած ծածկոցը եւ ծածկող վարագոյրը, 35Վկայութեան տապանակն ու անոր ձողերը եւ քաւութիւնը, 36Սեղանն ու անոր բոլոր անօթները եւ առաջաւորութեան հացը, 37Զուտ ոսկիէ աշտանակը իր ճրագներովը, այսինքն կարգաւ դրուած ճրագներովն ու իր բոլոր գործիքներովը եւ լոյսի իւղը 38Եւ ոսկի սեղանն ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկն ու խորանին դրանը վարագոյրը, 39Պղնձէ սեղանն ու անոր կասկարան, անոր ձողերը եւ անոր բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը, 40Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրանը վարագոյրը, անոր չուաններն ու ցիցերը եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, պաշտամունքին համար եղած բոլոր կարասիները, 41Սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար՝ հանդերձներն ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն։ 42Այն ամենուն պէս, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այսպէս լրացուցին Իսրայէլի որդիները բոլոր գործը։
43Մովսէս բոլոր շինուածքին նայեցաւ եւ ահա Տէրոջը պատուիրածին պէս շինած էին։ Մովսէս օրհնեց զանոնք։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 39: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in