ԵԼԻՑ 38
38
ԶՈՀԻ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 27:1-8)
1Ողջակէզի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն՝ քառակուսի էր։ Անոր բարձրութիւնը երեք կանգուն։ 2Անոր եղջիւրները չորս անկիւններուն վրայ շինեց։ Եղջիւրները իրմէ էին ու պղնձով պատեց զայն։ 3Սեղանին բոլոր գործիքները՝ այսինքն թաղարներն ու թիակները ու կոնքերը եւ մսահաններն ու կրակի ամանները՝ շինեց։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինեց։ 4Սեղանին համար անոր շրջանակին տակէն՝ գրեթէ մէջտեղը՝ պղնձէ ցանցակերպ կասկարայ մը շինեց։ 5Պղնձէ կասկարային չորս անկիւնները չորս օղակներ ձուլեց ձողերուն համար։ 6Ձողերը սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք պղնձով պատեց։ 7Ձողերը սեղանին կողմը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով վերցուի։ Զանիկա տախտակներով շինեց ու մէջը դատարկ։
ՊՂՆՁԷ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 30:18)
8Պղնձէ աւազանը ու անոր պղնձէ խարիսխը վկայութեան խորանին դուռը խումբերով հաւաքուող կիներուն հայելիներէն շինեց։
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ
(Ելից 27:9-19)
9Սրահը շինեց հարաւային կողմին համար։ Սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ էին եւ հարիւր կանգուն։ 10Անոնց սիւները քսան ու անոնց պղնձէ խարիսխները քսան էին։ Սիւներուն ճանկերը ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ 11Հիւսիսային կողմին համար վարագոյրները հարիւր կանգուն էին։ Անոնց քսան սիւները ու քսան խարիսխները պղնձէ էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ 12Արեւմտեան կողմին համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։ Անոնց սիւները տասը ու խարիսխները տասն էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ 13Արեւելեան կողմին համար վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։ 14Դրանը մէկ կողմին վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։ 15Միւս կողմին համար ալ, այսինքն սրահին դրանը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։ 16Սրահին բոլոր վարագոյրները շուրջանակի մանուած բարակ քթանէ էին։ 17Սիւներուն խարիսխները պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու սրահին բոլոր սիւներն ալ արծաթէ կապերով էին։ 18Սրահին դրանը վարագոյրը նկարագործ էր, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ. երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն եւ լայնութեանը մէջի բարձրութիւնը, սրահին վարագոյրներուն համեմատ, հինգ կանգուն էր։ 19Անոնց սիւները չորս ու անոնց պղնձէ խարիսխները չորս էին։ Անոնց ճանկերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու կապերը արծաթ էին։ 20Խորանին ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ էին։
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ՄԵՏԱՂՆԵՐ
21Ասիկա է խորանին, այսինքն վկայութեան խորանին հաշիւը, որ Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ Ղեւտացիներուն պաշտամունքին համար Ահարոն քահանային որդի Իթամարին ձեռքով հաշուըուեցաւ։ 22Յուդային ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլ ըրաւ այն ամէնը, որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ 23Վարպետ քանդակագործը, կապուտակով ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիրով ու բարակ քթանով նկարագործողը, Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբ, անոր հետ էր։
24Այս շինուածքին համար գործածուած բոլոր ոսկին, այսինքն սրբարանին բոլոր շինուածքին նուիրուած ոսկին, սրբարանին սիկղին համեմատ, քսանըինը տաղանդ ու եօթը հարիւր երեսուն սիկղ էր։ 25Ժողովէն համրուողներուն արծաթը, սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր տաղանդ ու հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ էր։ 26Քսան տարեկանէն վեր համրուելու համար անցնողներէն ամէն մէկը պէգա մը, այսինքն սրբարանին սիկղին համեմատ, կէս սիկղ տուաւ, վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն մարդիկ անցան։ 27Սրբարանին խարիսխները ու վարագոյրին խարիսխները ձուլելու համար հարիւր տաղանդ հաշուելով՝ հարիւր տաղանդէն հարիւր խարիսխ շինուեցաւ։ 28Հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ արծաթով սիւներուն ճանկերը շինեց ու անոնց խոյակները պատեց եւ զանոնք կապեց։ 29Նուիրուած պղինձը եօթանասուն տաղանդ ու երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր։ 30Անով վկայութեան խորանին դրանը խարիսխներն ու պղնձէ սեղանը եւ անոր պղնձէ կասկարան ու սեղանին բոլոր գործիքները 31Եւ շուրջանակի սրահին խարիսխներն ու սրահին դրանը խարիսխները եւ խորանին բոլոր ցիցերն ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը շինեց։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 38: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.