YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 37

37
ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 25:10-22)
1Եւ Բեսելիէլ Սատիմի փայտէ շինեց տապանակը. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու անոր լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն եւ անոր բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ 2Ներսէն ու դուրսէն զատ ոսկիով պատեց զանիկա եւ անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ 3Եւ անոր չորս անկիւններուն համար չորս ոսկի օղակներ ձուլեց, այսինքն անոր մէկ կողմէն երկու օղակ՝ միւս կողմէն երկու օղակ։ 4Սատիմի փայտէ ձողեր շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ 5Եւ ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով տապանակը վերցուի։
6Եւ քաւութիւնը զուտ ոսկիէ շինեց. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ 7Երկու ոսկիէ քերովբէներ շինեց։ Զանոնք կռածոյ շինեց քաւութեան երկու ծայրերը։ 8Մէկ քերովբէն մէկ քովի ծայրը ու միւս քերովբէն միւս քովի ծայրը։ Քաւութեան երկու քերովբէները երկու ծայրերը շինեց։ 9Քերովբէները իրենց թեւերը վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը կը ծածկէին։ Անոնց երեսները իրարու կը նայէին։ Քերովբէներուն երեսները քաւութեան վրայ էին։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՀԱՑԻՆ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 25:23-30)
10Սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն եւ բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ 11Զուտ ոսկիով պատեց զայն ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ 12Անոր բոլորտիքն ալ չորս մատնաչափ սպառուած մը ու սպառուածին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ 13Չորս ոսկի օղակ ձուլեց անոր համար ու օղակները անոր չորս ոտքերուն քով չորս անկիւնները դրաւ։ 14Օղակները սպառուածին քով՝ սեղանը վերցնելու համար ձողերուն տեղերն էին։ 15Սեղանը վերցնելու համար ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ 16Սեղանին վրայ եղած անօթները, անոր սկուտեղներն ու խնկամանները եւ նուէր մատուցանելու գաւաթներն ու բաժակները զուտ ոսկիէ շինեց։
ԱՇՏԱՆԱԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 25:31-40)
17Աշտանակը զուտ ոսկիէ շինեց։ Կռածոյ շինեց աշտանակը։ Անոր բունը ու ճիւղերը, անոր սկահակները, գնդակներն ու ծաղիկները իրմէ էին։ 18Անոր կողմերէն վեց ճիւղեր կ’ելլէին։ Աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ ու աշտանակին միւս կողմէն՝ երեք ճիւղ։ 19Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս էին։ 20Աշտանակին վրայ գնդակներով ու ծաղիկներով չորս նշաձեւ սկահակներ կային։ 21Անկէ ելած վեց ճիւղերուն նայելով՝ երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը ու երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը կային։ 22Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ էին։ Բոլորը միասին զուտ ոսկիէ կռածոյ էին։ 23Անոր եօթը ճրագները եւ ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ շինեց։ 24Զանիկա իր բոլոր գործիքներովը մէկ տաղանդ զուտ ոսկիէ շինեց։
ԽՈՒՆԿ ԾԽԵԼՈՒ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 30:1-5)
25Խունկի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ կանգուն մը ու լայնութիւնը՝ կանգուն մը, քառակուսի ըլլալով։ Անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն էր. անոր եղջիւրները իրմէ էին։ 26Անոր վրայ ու շրջանակին կողմերը եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատեց։ Բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ 27Անոր համար անոր շրջանակին տակէն՝ անոր երկու կողմերը երկու ոսկի օղակներ շինեց ձողերուն համար, որպէս զի անոնցմով վերցուին։ 28Ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։
ՕԾՄԱՆ ԻՒՂԻՆ ԵՒ ԽՈՒՆԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 30:22-38)
29Սուրբ օծման իւղը ու մաքուր անուշահոտ խունկը շինեց իւղագործի վարպետութեամբ։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 37: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in