YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 36

36
1Այն ատեն Բեսելիէլն ու Ոողիաբը եւ ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտամունքին գործերը ընելու եղանակը գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՇԱՏ ԸՆԾԱՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ
2Մովսէս կանչեց Բեսելիէլն ու Ոողիաբն ու ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց սրտին մէջ Տէրը իմաստութիւն դրաւ, այսինքն այն ամէնքը՝ որոնց սիրտը կը փափաքէր գործի մօտենալ։ 3Անոնք Մովսէսէն առին բոլոր ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները բերին սրբարանին պաշտամունքը անոնցմով ընելու համար։ Անոնք տակաւին կը շարունակէին ամէն առտու կամաւոր ընծաներ բերել։
4Սրբարանին գործերը կատարող բոլոր իմաստուն մարդիկը՝ ամէն մէկը իր նախասիրած գործին եկաւ։ 5Եւ խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ժողովուրդը աւելի կը բերէ, քան՝ որչափ պէտք է Տէրոջը պատուիրած բաները շինելու համար»։ 6Մովսէս պատուիրեց քարոզ կարդալ բանակին մէջ. «Ալ ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ կին սրբարանին ընծայ թող չբերէ»։ Այսպէս ժողովուրդը ընծայ բերելէն դադարեցան։ 7Բերուած նիւթերը բոլոր գործը շինելու համար բաւեցին ու աւելցան ալ։
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ելից 26:1-37)
8Խորանը շինողներէն բոլոր սրտով իմաստուն եղողները մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ տասը վարագոյր շինեցին. զանոնք վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեցին։ 9Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն ու մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն էր։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնն էր։ 10Հինգ վարագոյրը իրարու կցեց, միւս հինգ վարագոյրն ալ իրարու կցեց։ 11Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակէ օղակներ շինեց. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս ըրաւ։ 12Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինեց եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին ծայրն ալ յիսուն օղակ շինեց։ Օղակները դէմ դիմաց էին։ 13Յիսուն հատ կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինեց ու վարագոյրները ճարմանդներով իրարու հետ կոճկեց։ Այնպէս որ խորանը միակտուր եղաւ։
14Խորանին վրայի վրանին համար այծի մազէ վարագոյրներ շինեց։ Տասնըմէկ հատ վարագոյր շինեց։ 15Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը չորս կանգուն ըլլալով՝ տասնըմէկ վարագոյրին չափը նոյնն էր։ 16Հինգ վարագոյրները՝ զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցեց։ 17Կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինեց։ 18Յիսուն հատ կարթաձեւ պղնձէ ճարմանդներ շինեց, որպէս զի վրանը կոճկէ ու միակտուր ըլլայ։ 19Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը շինեց։
20Եւ խորանին համար Սատիմի փայտէ կանգնած տախտակներ շինեց։ 21Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ մէկ տախտակին լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ 22Ամէն մէկ տախտակ իրարու յարմարող երկերկու ագուցիկ ծայր ունէր։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըրաւ։ 23Խորանին տախտակները այսպէս շինեց՝ դէպի հարաւ՝ անոր հարաւային կողմին համար քսան տախտակ շինեց։ 24Քսան տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ, այսինքն մէկ տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ շինեց։ 25Խորանին միւս կողմին համար դէպի հիւսիս քսան տախտակ շինեց։ 26Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխ, մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինեց։ 27Խորանին ետեւի կողմին համար դէպի արեւմուտք վեց տախտակ շինեց։ 28Խորանին ետեւի կողմի անկիւններուն համար երկու տախտակ շինեց։ 29Անոնք վարէն կը միանային ու վերէն ալ օղակով մը կը միանային։ Երկուքին ալ երկու անկիւնները նոյնպէս ըրաւ։ 30Այսպէս ութ տախտակ էին։ Անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց հատ էին։ Ամէն մէկ տախտակի տակ երկու խարիսխ։ 31Սատիմի փայտէ նիգեր շինեց։ Եւ խորանին մէկ կողմի տախտակներուն համար հինգ 32Ու խորանին միւս կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ եւ խորանին դէպի արեւմուտք եղած ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ։ 33Մէջտեղի նիգը այնպէս շինեց, որ տախտակներուն մէջտեղէն մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը անցնի։ 34Տախտակները ոսկիով պատեց ու անոնց օղակները ոսկիէ շինեց՝ նիգերուն տեղեր ըլլալու համար։ Նիգերն ալ ոսկիով պատեց։
35Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց վարագոյրը. վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեց զանիկա։ 36Սատիմի փայտէ չորս սիւն շինեց անոր ու ոսկիով պատեց զանոնք. անոնց ճանկերը ոսկի էին։ Անոնց չորս արծաթ խարիսխ ձուլեց։ 37Խորանին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարազարդ դրան վարագոյր մը շինեց։ 38Անոր հինգ սիւներ ու անոնց ճանկեր շինեց եւ անոնց խոյակներն ու անոնց կապերը ոսկիով պատեց։ Անոնց հինգ խարիսխները պղնձէ էին։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 36: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in