YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 35

35
ՇԱԲԱԹԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1Մովսէս հաւաքեց բոլոր Իսրայէլի որդիները ու ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն բաները, որոնք Տէրը պատուիրեց, որ ընէք։ 2Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը սուրբ պիտի ըլլայ ձեզի, այսինքն հանգստութեան շաբաթ Տէրոջը։ Այն օրը գործ գործողը պիտի մեռցուի։ 3Շաբաթ օրը ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ կրակ պիտի չվառէք»։
Ս. ԽՈՐԱՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐ
(Ելից 25:1-9)
4Մովսէս խօսեցաւ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. 5«Տէրոջը պատուիրած բանը այս է. ‘Ձեր մէջէն ընծայ առէ՛ք Տէրոջը։ Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ, ոսկի ու արծաթ եւ պղինձ 6Ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան ու այծի մազ 7Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր 8Ու լոյսի համար իւղ եւ օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ 9Եւ եղնգնաքարեր ու եփուտին համար եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր»։
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ
(Ելից 39:32-43)
10«Ձեր մէջ ամէն սրտով իմաստուն եղողները թող գան ու Տէրոջը բոլոր պատուիրած բաները շինեն՝ 11Խորանը, անոր վրանը ու անոր ծածկոցը, անոր ճարմանդները ու անոր տախտակները, անոր նիգերը, անոր սիւները եւ անոր խարիսխները, 12Տապանակն ու ձողերը, քաւութիւնն ու ծածկող վարագոյրը, 13Սեղանն ու անոր ձողերն ու բոլոր անօթները, առաջաւորութեան հացը 14Եւ լոյսի աշտանակն ու անոր գործիքները եւ անոր ճրագներն ու լոյսի իւղը 15Եւ խունկին սեղանն ու անոր ձողերը ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկը ու խորանին դրան վարագոյրը, 16Ողջակէզին սեղանն ու անոր պղնձէ ցանցակերպ կասկարան, անոր ձողերն ու բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը, 17Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրան վարագոյրը, 18Խորանին ցիցերն ու սրահին ցիցերն ու անոնց չուանները, 19Պաշտամունքին զգեստները՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք ընելու համար եւ Ահարոն քահանային սուրբ զգեստներն ու անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ԸՆԾԱՆԵՐԸ ԿԸ ԲԵՐԷ
20Եւ Իսրայէլի բոլոր որդիները Մովսէսին առջեւէն անցան։ 21Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները եկան ու վկայութեան խորանին գործին համար եւ անոր բոլոր պաշտամունքին համար ու սուրբ զգեստներուն համար Տէրոջը ընծայ բերին։ 22Եկան այրեր ու կիներ, որչափ որ սրտով կամեցող կային ու ճարմանդներ եւ օղեր ու մատանիներ եւ #35:22 Կամ, լանջագեղ կամարներմանեակներ, ամէն տեսակ ոսկի զարդեր բերին։ Ամէն ընծայ բերող ոսկի ընծայ բերաւ Տէրոջը։ 23Անոնք, որոնց քով կը գտնուէր կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան եւ այծի մազ ու կարմիր ներկուած խոյի մորթեր եւ թէհաշի մորթեր՝ բերին։ 24Ով որ կրնար արծաթ ու պղինձ ընծայ տալ՝ Տէրոջը ընծայ բերաւ։ Որու քով որ պաշտամունքին պիտանի Սատիմի փայտեր կը գտնուէին՝ բերաւ։ 25Ամէն սրտով իմաստուն եղող կիները իրենց ձեռքերովը մանեցին ու իրենց մանած կապուտակը, ծիրանեգոյնը, կրկնակի կարմիրն ու բարակ քթանը բերին։ 26Եւ բոլոր սրտով փափաքող եւ մանելու կարողութիւն ունեցող կիները այծի մազ մանեցին։ 27Իշխանները եղնգնաքարեր ու եփուտին եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր բերին, 28Նաեւ լոյսի ու օծման իւղի եւ անուշահոտ խունկի համար՝ համեմներ ու իւղ բերին։ 29Իսրայէլի որդիները յօժարակամ ընծայ բերին Տէրոջը։ Ամէն մարդ ու կին, որոնք յօժարութիւն ունէին բերելու, ոեւէ գործի համար, որ Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած էր, բերին։
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ԳՈՐԾԱՒՈՐՆԵՐԸ
(Ելից 31:1-11)
30Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին որդիներուն. «Ահա Տէրը Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը կանչեց։ 31Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա, 32Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիի ու արծաթի եւ պղնձի վրայ բանի 33Եւ գամելու համար քարեր բանելով ու փայտեր քանդակելով՝ ամէն կերպ արուեստի գործ ընէ։ 34Եւ անոր սրտին մէջ սորվեցնելու կարողութիւնը դրաւ։ Անորն ալ ու Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդիին Ոողիաբին ալ։ 35Սրտի իմաստութիւնով լեցուց զանոնք, որպէս զի ամէն տեսակ գործեր եւ հնարքներ, քանդակագործի ու արուեստի գործեր, նաեւ կապուտակի ու ծիրանեգոյնի եւ կրկնակի կարմիրի եւ բարակ քթանի վրայ նկարագործողի եւ ոստայնանկի գործը ընեն։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 35: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in