ԵԼԻՑ 34
34
ՔԱՐԷ ՏԱԽՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴԸ
(Բ. Օր. 10:1-5)
1Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի երկու քարէ տախտակներ կոփէ առաջուաններուն պէս ու այն տախտակներուն վրայ պիտի գրեմ առաջուան տախտակներուն վրայի խօսքերը, որոնք դուն կոտրտեցիր։ 2Առտուն պատրաստ եղիր ու Սինա լեռը ելի՛ր, հոն լերան գլուխը առջեւս կայնէ։ 3Մէ՛կը պիտի չելլէ քեզի հետ եւ մէ՛կը պիտի չտեսնուի բոլոր լերանը վրայ, ո՛չ ալ այդ լերանը ստորոտը ոչխար կամ արջառ պիտի արածուի»։
4Մովսէս առաջուաններուն պէս երկու քարէ տախտակներ կոփեց ու առտուն կանուխ ելաւ ու Տէրոջը իրեն պատուիրածին պէս Սինա լեռը գնաց։ Երկու քարէ տախտակները իր ձեռքը առաւ։ 5Տէրը ամպով իջաւ ու հոն անոր քով կեցաւ, Տէրոջը անունը կանչեց։ 6Տէրը անոր առջեւէն անցաւ ու աղաղակեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, 7Հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։ 8Մովսէս աճապարելով մինչեւ գետինը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ 9Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ, թող իմ Տէրս մեզի հետ երթայ. #34:9 Կամ, թէեւվասն զի ասիկա խստապարանոց ազգ մըն է եւ ներէ՛ մեր անօրէնութիւնը ու մեր մեղքերը եւ մեզ քու ժառանգորդները ըրէ»։
ՈՒԽՏԸ ԿԸ ՆՈՐՈԳՈՒԻ
(Ելից 23:14-19, Բ. Օր. 7:1-5, 16:1-17)
10 Տէրը ըսաւ. «Ահա ես ուխտ մը կ’ընեմ։ Քու բոլոր ժողովուրդիդ առջեւ այնպիսի սքանչելիքներ պիտի ընեմ, որ բոլոր երկրի վրայ ու բոլոր ազգերու մէջ եղած չեն։ Բոլոր ժողովուրդը, որուն մէջ ես դուն, պիտի տեսնես Տէրոջը գործը, քանզի հիանալի է այն բանը, որ քեզի պիտի ընեմ։ 11Միտքդ պահէ ինչ որ ես քեզի կը պատուիրեմ այսօր։ Ահա պիտի վռնտեմ քու առջեւէդ Ամօրհացին ու Քանանացին եւ Քետացին ու Փերեզացին եւ Խեւացին ու Յեբուսացին։ 12Զգուշացիր քու անձիդ, չըլլայ թէ քու երթալու երկրիդ բնակիչներուն հետ ուխտ ընես, չըլլայ որ անիկա քու մէջդ որոգայթ ըլլայ։ 13Անոնց բագինները կործանեցէք ու անոնց կուռքերը փշրեցէք։ Անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք։ 14Վասն զի ուրիշ Աստուծոյ երկրպագութիւն պէտք չէ ընես, քանզի Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է։ 15Չըլլայ որ այն երկրին բնակիչներուն հետ ուխտ ընես եւ անոնք իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին ու իրենց աստուածներուն զոհ ըրած ատեննին քեզ կանչեն ու դուն անոնց զոհէն ուտես։ 16Եւ չըլլայ որ անոնց աղջիկներէն քու որդիներուդ կին առնես ու անոնց աղջիկները իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին քու որդիներուդ ալ պոռնկութիւն ընել տան՝ իրենց աստուածներուն ետեւէն քալեցնելով։ 17Քեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շիներ։
18Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. Ապիպ ամսուան որոշ ժամանակի մէջ, քեզի պատուիրածիս պէս, եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես. վասն զի Ապիպ ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։
19Ամէն մօրը արգանդը բացողը իմս է, մոյնպէս քու անասուններուդ ամէն արու առջինեկը, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, իմս է։ 20Բայց իշուն առջինեկը գառնուկով փրկէ՛ եւ եթէ չփրկես, այն ատեն անոր վիզը պէտք է կտրես։ Քու որդիներուդ ամէն առջինեկը փրկէ՛ ու մէ՛կը իմ առջեւս ձեռնունայն չերեւնայ։
21Վեց օր պիտի գործես ու եօթներորդ օրը հանգստանաս. թէ՛ վարուցանի եւ թէ՛ հնձելու ատեն հանգստանաս։
22Շաբաթներուն, այսինքն ցորենի հունձքին երախայրիներուն տօնը ու տարուան վերջը՝ արմտիքները հաւաքելու տօնը բռնէ՛։
23Ձեր ամէն արու զաւակը տարին երեք անգամ Իսրայէլի Աստուծոյն, Եհովա Տէրոջը, առջեւ թող երեւնայ։ 24Վասն զի քու առջեւէդ ազգերը պիտի վռնտեմ եւ քու սահմաններդ պիտի ընդարձակեմ։ Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ։
25Իմ #34:25 Եբր., զոհերուս արիւնը խմորեալ հացի վրայ պիտի չթափեսզոհերս խմորեալ հացով պէտք չէ նուիրես՝ ՝ ու զատկի տօնին զոհը մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։ 26Քու երկրիդ երախայրիներուն առաջինները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է բերես։
Ուլը իր մօրը կաթին մէջ պէտք չէ եփես»։
27Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գրէ՛ այս խօսքերը. վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի»։ 28Մովսէս հոն կեցաւ Տէրոջը հետ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր։ Ո՛չ հաց կերաւ, ո՛չ ալ ջուր խմեց։ Տախտակներուն վրայ ուխտին խօսքերը գրեց, այսինքն տասը պատուիրանքները։
ՄՈՎՍԷՍ ՍԻՆԱ ԼԵՌՆԷՆ Կ’ԻՋՆԷ
29Երբ Մովսէս լեռնէն իջաւ, վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Մովսէս իր երեսին մորթին լուսափայլ ըլլալը չէր գիտեր, երբ Տէրը իրեն հետ խօսեցաւ։ 30Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր որդիները տեսան Մովսէսը։ Անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր, ուստի անոր մօտենալու վախցան։ 31Բայց Մովսէս կանչեց զանոնք։ Ահարոն ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները դարձան անոր ու Մովսէս խօսեցաւ անոնց հետ։ 32Անկէ ետքը Իսրայէլի բոլոր որդիները մօտեցան։ Պատմեց անոնց ամէն ինչ որ Տէրը խօսեր էր իրեն Սինա լեռը։ 33Մովսէս մինչեւ անոնց հետ խօսիլը լմնցնելը՝ իր երեսը քօղ դրաւ։ 34Բայց Մովսէս Տէրոջը առջեւ, անոր հետ խօսելու մտած ատենը, մինչեւ դուրս ելլելը քօղը կը վերցնէր, ետքը դուրս կ’ելլէր ու իրեն պատուիրուածը Իսրայէլի որդիներուն կը յայտնէր։ 35Իսրայէլի որդիները Մովսէսին նայեցան տեսան թէ՝ անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր։ Մովսէս իր երեսը քողով կը ծածկէր, մինչեւ Անոր հետ խօսելու մտնելը։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 34: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.