YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 30

30
ԽՈՒՆԿ ԾԽԵԼՈՒ ՍԵՂԱՆԸ
(Ելից 37:25-28)
1«Խունկ ծխելու սեղան մը շինէ՛ Սատիմի փայտէ շինէ՛ զանիկա։ 2Անոր երկայնութիւնը կանգուն մը ու անոր լայնութիւնը կանգուն մը, քառակուսի պիտի ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն։ 3Իր եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Անոր գլուխը ու անոր քովերը շրջանակաձեւ եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատէ՛ ու շրջանակաձեւ ոսկի պսակ մը շինէ՛ անոր։ 4Եւ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ անոր. պսակին տակէն՝ անոր երկու քովերը երկու կողմերէն շինէ՛, որպէս զի անոնք վերցուելու համար ձողերուն անցընելու տեղերը ըլլան։ 5Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ 6Եւ զանիկա դի՛ր վկայութեանը վրայի քաւութեան առջեւ՝ վկայութեան տապանակին քով եղած վարագոյրին առջեւ, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ 7Ահարոն անոր վրայ անուշահոտ խունկ պիտի ծխէ։ Ամէն առտու ճրագները շտկած ատենը խունկ պիտի ծխէ։ 8Ահարոն իրիկուան դէմ ճրագները վառած ատենը խունկ պիտի ծխէ, որ Տէրոջը առջեւ մշտնջենական խունկ ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։ 9Անոր վրայ օտար խունկ, կամ ողջակէզ, կամ հացի ընծայ չմատուցանէք. ո՛չ ալ անոր վրայ նուէր թափէք։ 10Ահարոն տարին անգամ մը անոր եղջիւրներուն վրայ քաւութիւն պիտի ընէ. անիկա քաւութիւններուն մեղքին պատարագին արիւնովը անոր վրայ քաւութիւն պիտի ընէ տարին անգամ մը ձեր ազգերուն մէջ։ Ասիկա ամենասուրբ է Տէրոջը»։
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՏՈՒՐՔԸ
11Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով. 12«Երբ Իսրայէլի որդիներուն հաշիւը առնելու ըլլաս՝ իրենց թիւին նայելով, այն ատեն անոնց ամէն մէկը իր հոգիին փրկանքը պիտի տայ Տէրոջը՝ զանոնք համրած ատենդ, որպէս զի անոնց մէջ հարուած չըլլայ երբ զանոնք համրես։ 13Անոնք ատիկա պիտի տան. ամէն մէկը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, սրբարանին սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ պիտի տայ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ Տէրոջը ընծան կէս սիկղ պիտի ըլլայ։ 14Ամէն քսան տարեկանէն վեր եղողը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, այս ընծան Տէրոջը պիտի տայ։ 15Երբ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջը ընծայ տաք՝ կէս սիկղէն ո՛չ հարուստը աւելի ու ո՛չ աղքատը պակաս պիտի տայ։ 16Իսրայէլի որդիներէն քաւութեան արծաթը ա՛ռ ու վկայութեան խորանին պաշտօնեային տա՛ր, որպէս զի Տէրոջը առջեւ յիշատակ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար»։
ՊՂՆՁԷ ԱՒԱԶԱՆԸ
17Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 18«Նաեւ պղնձէ աւազան մը շինէ՛ լուացման համար ու անոր խարիսխն ալ պղնձէ ըլլայ եւ վկայութեան խորանին ու սեղանին մէջտեղ դիր զայն։ Անոր մէջ ջուր լեցո՛ւր։ 19Ահարոնն ու իր որդիները իրենց ձեռքերը ու ոտքերը թող լուան անով։ 20Երբ անոնք վկայութեան խորանը մտնելու ըլլան, կամ երբ սեղանին մօտենալու ըլլան՝ պաշտամունք կատարելու եւ կրակով Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար, ջրով թող լուացուին, որպէս զի չմեռնին. 21Այսպէս իրենց ձեռքերը ու ոտքերը լուան, որպէս զի չմեռնին։ Ասիկա իրենց յաւիտենական կանոն պիտի ըլլայ, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր սերունդին՝ իրենց ազգերուն մէջ»։
ՕԾՄԱՆ ԻՒՂԸ
22Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 23«Ա՛ռ քեզի պատուական համեմներ, զուտ զմուռս հինգ հարիւր սիկղ եւ անոր կէսին չափ՝ այսինքն երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ կինամոն ու երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ խնկեղէգն 24Եւ հինգ հարիւր սիկղ կասիա՝ սրբարանին սիկղին համեմատ ու մէկ հիմէն ձէթ 25Եւ սուրբ օծման իւղ պիտի ընես զայն՝ իւղագործի արհեստով բաղադրուած։ Անիկա սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ։ 26Անով պիտի օծես վկայութեան խորանը ու վկայութեան տապանակը 27Եւ սեղանը ու անոր բոլոր անօթները եւ աշտանակը ու անոր գործիքները եւ խունկին սեղանը։ 28Ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներով եւ աւազանը ու անոր խարիսխը։ 29Պիտի սրբես զանոնք, որպէս զի ամենասուրբ ըլլան։ Ինչ որ անոնց դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ։ 30Ահարոնն ու իր որդիները պիտի օծես ու սուրբ պիտի ընես զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ 31Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. Ասիկա ինծի օծման սուրբ իւղ պիտի ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։ 32Մարդու մարմնի վրայ պիտի չթափուի ան եւ անոր բաղադրութեանը պէս անոր նմանը չշինէք։ Ասիկա սուրբ է ու ձեզի սուրբ պիտի ըլլայ։ 33Ով որ անոր նմանը շինէ, կամ ով որ անկէ օտարականի վրայ դնէ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։
ԽՈՒՆԿԸ
34Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի անուշահոտ համեմներ՝ այսինքն ստաշխն ու եղունգն եւ քաղբան։ Այս անուշահոտ համեմները մաքուր կնդրուկով, բոլորը հաւասար ծանրութեամբ թող ըլլան։ 35Եւ զանոնք իւղագործի արհեստով #30:35 Կամ, աղուածիրարու խառնուած՝ ՝ բաղադրութեամբ մը՝ խունկ շինէ մաքուր ու սուրբ։ 36Անկէ քիչ մը ծեծէ՛ շատ բարակ ու վկայութեան խորանին մէջ վկայութեան առջեւ դի՛ր, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Անիկա ձեզի ամենասուրբ պիտի ըլլայ։
37Այն քու շինելու խունկիդ բաղադրութիւնը ձեզի համար չշինէք։ Անիկա քեզի սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը համար։ 38Ով որ հոտոտելու համար անոր նմանը շինելու ըլլայ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 30: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in