ԵԼԻՑ 29
29
ԱՀԱՐՈՆԻՆ ԵՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ
(Ղեւտ. 8:1-36)
1«Հետեւեալները ըրէ՛ զանոնք սրբելու համար, որպէս զի ինծի քահանայ ըլլան. արջառներէն զուարակ մը ու երկու անարատ խոյ պիտի առնես, 2Անխմոր հաց ու իւղով շաղուած անխմոր շօթեր եւ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պիտի առնես։ Ասոնք ցորենի բարակ ալիւրով պիտի շինես 3Եւ սակառի մը մէջ պիտի դնես ու զուարակն ու երկու խոյերը պիտի մօտեցնես։ 4Ահարոնն ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը պիտի մօտեցնես ու զանոնք ջրով պիտի լուաս։ 5Զգեստները պիտի առնես ու շապիկը եւ եփուտին պատմուճանը ու եփուտը եւ լանջապանակը Ահարոնին պիտի հագցնես ու եփուտին ժապաւէնովը պիտի գօտեւորես զանիկա։ 6Խոյրը անոր գլուխը պիտի դնես ու խոյրին վրայ՝ սուրբ պսակը։ 7Եւ օծման իւղը պիտի առնես ու անոր գլխուն վրայ թափելով՝ պիտի օծես զանիկա։ 8Անոր որդիները պիտի մօտեցնես ու անոնց շապիկներ պիտի հագցնես 9Եւ գօտիներով պիտի գօտեւորես զանոնք՝ այսինքն Ահարոնն ու անոր որդիները։ Անոնց գլուխը ապարօշներ պիտի փաթթես, որպէս զի քահանայութիւնը անոնցը ըլլայ յաւիտենական կանոնով։ Այսպէս պիտի օրհնես Ահարոնը ու անոր որդիները։
10Եւ զուարակը վկայութեան խորանին առջեւ պիտի մօտեցնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ 11Եւ վկայութեան խորանին դրանը քով՝ Տէրոջը առջեւ պիտի մորթես զուարակը։ 12Եւ զուարակին արիւնէն պիտի առնես ու մատովդ սեղանին եղջիւրներուն վրայ պիտի քսես եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին տակ պիտի թափես։ 13Եւ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու լեարդին վրայ եղած թաղանթը եւ երկու երիկամունքը ու անոնց վրայ եղած ճարպը պիտի առնես եւ սեղանին վրայ այրես։ 14Բայց զուարակին միսը ու անոր մորթը եւ անոր աղբը բանակին դուրսիդին կրակով պիտի այրես, արպէս մեղքի պատարագ։
15Խոյերուն մէկը պիտի առնես եւ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ 16Այն խոյը պիտի մորթես ու անոր արիւնը առնես եւ սեղանին վրայ շրջանակաձեւ սրսկես։ 17Խոյը կտոր կտոր պիտի ընես։ Անոր փորոտիքը եւ ոտքերը պիտի լուաս ու զանոնք անոր կտորներուն եւ գլխուն վրայ պիտի դնես։ 18Բոլոր խոյը պիտի այրես սեղանին վրայ։ Այս ողջակէզը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։
19Միւս խոյը պիտի առնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ 20Խոյը պիտի մորթես ու արիւնէն պիտի առնես եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր որդիներուն աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ ու անոնց աջ ոտքին մեծ մատին վրայ պիտի քսես։ Մնացած արիւնը սեղանին վրայ շրջանակաձեւ պիտի սրսկես։ 21Եւ սեղանին վրայ եղած արիւնէն ու օծման իւղէն պիտի առնես եւ Ահարոնին վրայ ու անոր զգեստներուն վրայ եւ անոր հետ իր որդիներուն վրայ ու իր որդիներուն զգեստներուն վրայ պիտի սրսկես։ Անիկա ու անոր զգեստները եւ անոր հետ իր որդիները ու իր որդիներուն զգեստները սուրբ պիտի ըլլան։ 22Ապա պիտի առնես իւղին ճարպն ու դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը ու երկու երիկամունքը եւ անոնց վրայ եղած ճարպը ու աջ զիստը, վասն զի այս քահանային օրհնութեան խոյն է։ 23Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն մէկ պան հացի ու մէկ իւղով հացի շօթ եւ մէկ լաւաշ պիտի առնես 24Եւ ամէնքը Ահարոնին ձեռքը ու անոր որդիներուն ձեռքը պիտի դնես եւ զանոնք Տէրոջը ընծայ մատուցանես։ 25Անոնց ձեռքէն պիտի առնես զանոնք ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրես Տէրոջը առջեւ անոյշ հոտի համար։ Ասիկա պատարագ մըն է Տէրոջը։ 26Ահարոնին քահանայ ձեռնադրութեան համար պատրաստուած խոյին երբուծը պիտի առնես ու զանիկա որպէս ընծայ Տէրոջը պիտի մատուցանես։ Եւ այն քու բաժինդ պիտի ըլլայ։ 27Ահարոնին համար ու անոր որդիներուն համար եղած քահանայի ձեռնադրութեան խոյին երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը պիտի սրբես։ 28Ասիկա յաւիտենական կանոնով Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն կողմէ. վասն զի այս բարձրացնելու ընծայ է եւ պիտի ըլլայ բարձրացնելու ընծայ, Իսրայէլի որդիներէն իրենց խաղաղութեան զոհերէն բուն իրենց բարձրացնելու ընծան Տէրոջը։
29Ահարոնին սուրբ զգեստները իրմէ ետքը իր որդիներուն պիտի ըլլան, որպէս զի անոնցմով օծուին ու անոնցմով օրհնուին։ 30Անիկա որ իր որդիներէն իր տեղ քահանայ ըլլալով՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք կատարելու համար վկայութեան խորանը պիտի մտնէ, զանոնք եօթը օր հագնի։ 31Քահանային օրհնութեան խոյը պիտի առնես ու անոր միսը սուրբ տեղ մը պիտի եփես։ 32Ահարոն ու իր որդիները վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի ուտեն խոյին միսը ու սակառին մէջի հացը։ 33Անոնք պիտի ուտեն այն բաները՝ որ իրենց ձեռնադրուելուն ու սրբուելուն համար անոնցմով քաւութիւն եղաւ։ Օտարական մը անոնցմէ պիտի չուտէ, վասն զի ասոնք սուրբ են։ 34Եթէ ձեռնադրութեան միսէն ու հացէն մինչեւ առտու մնայ, այդ աւելցածը կրակով պիտի այրես։ Անիկա պիտի չուտուի, վասն զի սուրբ է։
35Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն բոլոր քեզի ապսպրածիս պէս պիտի ընես։ Եօթը օրուան մէջ պիտի կատարես անոնց օրհնութիւնը։ 36Օրը մէկ զուարակ մեղքի պատարագ պիտի ընես քաւութեան համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընելու ատենդ պիտի մաքրես զանիկա եւ սուրբ ընելու համար պիտի օծես զանիկա։ 37Սեղանին համար եօթը օր քաւութիւն պիտի ընես ու սուրբ պիտի ընես զայն եւ սեղանը ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ինչ որ սեղանին դպչի սուրբ պիտի ըլլայ։
ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԸՆԾԱՆԵՐ
(Թուոց 28:1-8)
38Սեղանին վրայ ընելու զոհդ այս է։ Ամէն օր մէկ տարեկան երկու գառներ՝ 39Մէկ գառը առտուն պիտի մատուցանես ու միւս գառը՝ իրիկուան դէմ։ 40Մէկ գառին հետ մէկ հիմենի քառորդ ծեծուած ձէթով շաղուած մէկ տասնորդ բարակ ալիւր եւ թափելու նուէրին համար մէկ հիմենի քառորդ մը գինի պիտի մատուցանես։ 41Միւս գառը իրիկուան դէմ պիտի զոհես ու առտուան հացի ընծային պէս՝ անոր ըմպելի նուէրին պէս պիտի ընես։ Այս անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։ 42Անիկա ձեր ազգերուն մէջ մշտնջենաւոր ողջակէզ պիտի ըլլայ Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դրանը քով, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ, քեզի հետ խօսելու համար։ 43Հոն Իսրայէլի որդիներուն պիտի հանդիպիմ ու խորանը իմ փառքովս սուրբ պիտի ըլլայ։ 44Վկայութեան խորանը ու սեղանը պիտի սրբեմ։ Ահարոնն ու անոր որդիներն ալ պիտի սրբեմ, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ 45Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ 46Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ, որ իրենց մէջ բնակելու համար Եգիպտոսի երկրէն հանեցի զանոնք։ Ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 29: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.