Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ Եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը, Քանանացիներու եւ Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու եւ Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու տեղը, տանելու եկայ։