ԵԼԻՑ 25
25
ԸՆԾԱՆԵՐ Ս. ԽՈՐԱՆԻՆ
(Ելից 35:4-9)
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ինծի ընծայ բերեն. միայն յօժարակամ տուող մարդէն առէք իմ ընծաս։ 3Անոնց տուած ընծաները թող ըլլան՝ ոսկի, արծաթ ու պղինձ 4Կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր ու բարակ քթան եւ այծի մազ 5Կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու #25:5 Այսինքն, իշխար, գորշուկթէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր, 6Լոյսի համար իւղ, օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ, 7Եղնգնաքարեր ու եփուտին ու լանջապանակին վրայ գամուելու քարեր։
8Ինծի սրբարան մը թող շինեն, որպէս զի իրենց մէջ բնակիմ։ 9Խորանին օրինակը եւ անոր բոլոր կարասիներուն օրինակը, բոլոր քեզի ցուցուցածիս պէս, ճիշդ այնպէս շինեցէք։
ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ
(Ելից 37:1-9)
10Սատիմի փայտէ տապանակ մը թող շինեն. անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու կէս եւ լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն ու կէս եւ բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ։ 11Զանիկա զուտ ոսկիով պատէ՛, ներսէն ու դուրսէն պատէ։ Անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ 12Անոր համար չորս ոսկի օղակ ձուլէ՛ ու անոր չորս անկիւնները դի՛ր զանոնք, որպէս զի անոր մէկ կողմը երկու օղակ ու միւս կողմը երկու օղակ ըլլայ։ 13Սատիմի փայտէ ձողեր շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ 14Ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցո՛ւր, որպէս զի տապանակը անոնցմով վերցուի։ 15Ձողերը տապանակին օղակներուն մէջ թող մնան. անկէ թող չհանուին։ 16Եւ տապանակին մէջ դի՛ր այն վկայութիւնը՝ որ քեզի պիտի տամ։
17Զուտ ոսկիէ #25:17 Կամ, կափարիչքաւութիւն մը շինէ՛, անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու կէս, լայնութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ։ 18Ոսկիէ երկու քերովբէներ շինէ՛ քաւութեան երկու ծայրին վրայ։ #25:18 Կամ, ճախարակեայԿռածոյ շինէ՛ զանոնք։ 19Մէկ քերովբէն մէկ ծայրէն ու միւս քերովբէն միւս ծայրէն շինէ՛։ 20Քերովբէները թեւերնին վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը պիտի ծածկեն։ Անոնց երեսները իրարու պիտի նային. քերովբէներուն երեսները դէպի քաւութիւնը պիտի ըլլան։ 21Քաւութիւնը տապանակին վրայ պիտի դնես։ Քեզի տալու վկայութիւնս տապանակին մէջ դի՛ր։ 22Հոն ես քեզի պիտի հանդիպիմ ու քաւութեանը վրայէն, վկայութեան տապանակին վրայ եղած երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, Իսրայէլի որդիներուն համար բոլոր քեզի տալիք պատուիրանքներուն վրայով պիտի խօսիմ քեզի հետ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՀԱՑԻՆ ՍԵՂԱՆԸ
(Ելից 37:10-16)
23Սատիմի փայտէ սեղան մը շինէ՛. անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն, լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն ու բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս պիտի ըլլայ։ 24Զանիկա զուտ ոսկիով պատէ՛ ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ 25Անոր չորս մատնաչափ եզերք մը շինէ ու եզերքին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ 26Անոր չորս ոսկի օղակ շինէ, անոր չորս անկիւնը չորս ոտքին քով դիր օղակները։ 27Օղակները եզերքին քով պէտք է ըլլան, որպէս զի սեղանը վերցնելու համար՝ ձողերուն տեղեր ըլլան։ 28Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ Սեղանը անոնցմով պիտի վերցուի։ 29Անոր սկուտեղներ ու խնկամաններ եւ բաժակներ ու գաւաթներ շինէ՛, որպէս զի անոնցմով թափելու նուէր մատուցանուի։ Զանոնք զուտ ոսկիէ շինէ՛։ 30Սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացը միշտ իմ առջեւս դի՛ր։
ԱՇՏԱՆԱԿԸ
(Ելից 37:17-24)
31Զուտ ոսկիէ աշտանակ մը շինէ՛։ Կռածոյ ըլլալու է աշտանակը։ Անոր բունը, ճիւղերը, սկահակները, գնդակները ու ծաղիկները իրմէ պէտք է ըլլան։ 32Անոր քովերէն վեց ճիւղեր պէտք է ելլեն. աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ եւ միւս կողմէն երեք ճիւղ ելլեն։ 33Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով եւ միւս ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս թող ըլլան։ 34Աշտանակին վրայ չորս նշաձեւ սկահակ պիտի ըլլայ իրենց գնդակներովը ու ծաղիկներովը։ 35Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերուն երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ ու երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ։ Երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ թող ըլլայ։ 36Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ պէտք է ըլլան։ Ամէնքը մէկ կտորէ՝ զուտ ոսկիէ կռածոյ պէտք է ըլլան։ 37Անոր եօթը ճրագներ շինէ՛, այնպէս որ ճրագները վառուած ատեն՝ լոյսը առջեւէն տան։ 38Անոր ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ պէտք է ըլլան։ 39Անիկա բոլոր այս գործիքներով տաղանդ մը զուտ ոսկիէ պիտի շինուի։ 40Ջանա՛, որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես զանոնք»։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 25: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.