ԵԼԻՑ 21
21
ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ
(Բ. Օր. 15:12-18)
1Անոնց առջեւ դնելու դատաստաններդ ասոնք են. 2Եթէ Եբրայեցի ծառայ մը ծախու առնելու ըլլաս, անիկա վեց տարի պիտի ծառայէ եւ եօթներորդ տարին պիտի ազատուի։ 3Եթէ մինակ մտաւ, մինակ պիտի ելլէ. եթէ կին ունէր, կինն ալ իրեն հետ պէտք է ելլէ։ 4Եթէ իր տէրը իրեն կին տուաւ ու անիկա իրեն որդիներ կամ աղջիկներ ծնած է, կինն ու անոր տղաքը տիրոջը պիտի ըլլան ու ինք մինակ պիտի ելլէ։ 5Իսկ եթէ ծառան յայտնէ թէ՝ ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր ելլել եւ ազատ ըլլալ’, 6Այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա եւ դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ եւ անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր։
7Եթէ մէկը իր աղջիկը աղախին ըլլալու համար ծախէ, անիկա ծառաներուն ելլելուն պէս պիտի չելլէ։ 8Եթէ անիկա հաճելի չերեւնայ իր տիրոջը աչքին՝ որ զանիկա իրեն նշաներ էր, թող փրկել տայ զանիկա. բայց զանիկա օտար ազգի ծախելու իրաւունք պիտի չունենայ, վասն զի խաբած կ’ըլլայ զանիկա։ 9Եթէ զանիկա իր որդիին նշանած է, աղջիկներու օրէնքին պէս ընէ անոր։ 10Եթէ իրեն ուրիշ կին առնէ, անոր ուտելիքը, հանդերձը, մերձաւորութիւնը պիտի չկտրէ։ 11Եւ եթէ անոր այս երեք բաները չընէ, այն ատեն աղջիկը առանց վճարումի՝ ձրի պիտի երթայ։
ՕՐԷՆՔՆԵՐ ՎԱՅՐԵՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
12Մարդ զարնող մեռցնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։ 13Իսկ եթէ դարանամուտ չեղաւ, հապա զանիկա Աստուած մատնեց անոր ձեռքը, քեզի տեղ մը պիտի սահմանեմ, որպէս զի անիկա հոն փախչի։ 14Եթէ մէկը իր դրացիին դէմ ոխ ունենայ եւ զանիկա նենգութեամբ մեռցնէ, իմ սեղանէս ալ պիտի առնես զանիկա՝ որպէս զի մեռնի։ 15Իր հօրը կամ մօրը զարնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
16Մարդ գողցողը, զանիկա ծախած ըլլայ եւ կամ իր ձեռքը գտնուի, անշուշտ պիտի մեռցուի։
17Իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
18Եթէ մարդիկ իրարու հետ վէճ ընեն ու մէկը միւսին քարով կամ բռունցքով զարնէ ու անիկա չմեռնի, հապա անկողին պառկի, 19Եթէ նորէն ելլէ ու ցուպով պտըտի, զարնողը անպարտ ըլլայ, միայն անոր #21:19 Եբր., նստիլըկորսնցուցած ժամանակին արժէքը՝ ՝ հատուցանէ ու բոլորովին առողջացնէ զանիկա։
20Եթէ մէկը գաւազանով իր ծառային կամ իր աղախինին զարնէ ու անիկա իր ձեռքին տակ մեռնի, անշուշտ անկէ վրէժ պիտի առնուի։ 21Բայց եթէ օր մը կամ երկու օր ապրի, անկէ վրէժ չառնուի. քանզի անիկա իր ստակն է։
22Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։ 23Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս, 24Աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք, 25Խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած։
26Եւ եթէ մէկը իր ծառային աչքը կամ իր աղախինին աչքին զարնէ ու կուրցնէ, անիկա իր աչքին փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։ 27Եւ եթէ իր ծառային ակռան կամ իր աղախինին ակռան թափէ, անիկա իր ակռային փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։
ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԻՐՈՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
28Եթէ եզ մը իր եղջիւրներովը մարդու մը կամ կնոջ մը զարնէ ու մեռցնէ, եզը անշուշտ պէտք է քարկոծել ու անոր միսը պէտք չէ ուտել. բայց եզին տէրը անպարտ պիտի ըլլայ։ 29Բայց եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող է եւ անոր տիրոջն ալ ըսուած է, բայց տէրը զգոյշ եղած չէ եւ եթէ մարդ մը կամ կին մը մեռցնելու ըլլայ, եզը պէտք է քարկոծել, անոր տէրն ալ մեռցընել։ 30Եթէ փրկանք մը որոշուի, անիկա իր անձին ազատութեանը համար՝ որոշուած փրկագինը թող վճարէ։ 31Եթէ տղու մը եւ կամ աղջկան մը զարնելու ըլլայ եզը, նոյն օրէնքով պիտի դատուի։ 32Եթէ եզը ծառայի մը կամ աղախինի մը զարնէ, եզին տէրը անոնց տիրոջը երեսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ, սակայն եզը պէտք է քարկոծուի։
33Եթէ մէկը փոս մը բանայ, կամ փոս մը փորէ ու չծածկէ եւ հոն եզ մը կամ էշ մը իյնալու ըլլայ 34Վնասը փոսին տէրը պիտի քաշէ ու անոնց տիրոջը ստակ պիտի տայ, բայց մեռածը իրը պիտի ըլլայ։
35Եթէ մէկուն եզը իր դրացիին եզին զարնէ ու մեռցնէ, ողջ եզը պիտի ծախեն ու անոր ստակը բաժնեն եւ մեռածն ալ բաժնեն։ 36Իսկ եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող ըլլալը իմաց տրուած ըլլայ, բայց տէրը զանիկա պահած չըլլայ, անշուշտ եզին տեղը եզ պիտի տայ ու մեռածը իրը պիտի ըլլայ»։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 21: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.