ԵԼԻՑ 20
20
ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐԸ
1Աստուած այս բոլոր խօսքերը ըսաւ.
2«Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։
3Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։
4Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. 5Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս 6Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։
7Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։
8Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ 9Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. 10Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ #20:10 Եբր., դռներուդտանդ մէջ եղած օտարականը. 11Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։
12Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։
13Սպաննութիւն մի՛ ըներ։
14Շնութիւն մի՛ ըներ։
15Գողութիւն մի՛ ըներ։
16Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։
17Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԱԽԸ
(Բ. Օր. 5:22-23)
18Բոլոր ժողովուրդը կը լսէին որոտումները ու կայծակները եւ փողին ձայնը ու կը տեսնէին լերանը մխալը։ Ժողովուրդը վախցաւ, ետ քաշուեցաւ ու հեռուն կայնեցաւ։ 19Եւ ըսին Մովսէսին. «Դուն խօսէ մեզի հետ ու մտիկ ընենք. բայց Աստուած թող չխօսի մեզի հետ, որպէս զի չմեռնինք»։ 20Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք. վասն զի Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ, որպէս զի չմեղանչէք»։ 21Ժողովուրդը հեռուն կայնեցաւ ու Մովսէս մօտեցաւ այն թանձր խաւարին՝ ուր Աստուած էր։
ՕՐԷՆՔՆԵՐ ԽՈՐԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ
22Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք տեսաք թէ ձեզի հետ երկնքէն խօսեցայ. 23Ինծի հետ արծաթէ աստուածներ չշինէ՛ք. ո՛չ ալ ոսկիէ աստուածներ շինէք ձեզի։ 24Ինծի հողէ սեղան մը պիտի շինես ու անոր վրայ քու ողջակէզներդ ու խաղաղութեան զոհերդ, քու ոչխարներդ ու արջառներդ պիտի մատուցանես եւ ամէն տեղ, ուր իմ անունս յիշել տամ, քեզի պիտի գամ ու քեզ պիտի օրհնեմ’։ 25Եթէ ինծի քարէ սեղան շինելու ըլլաս, տաշուած քարէ մի՛ շիներ, քանզի եթէ անոր վրայ երկաթ գործիք վերցնես, կը պղծես զանիկա։ 26Եւ աստիճաններով մի՛ ելլեր իմ սեղանս, որպէս զի քու մերկութիւնդ չբացուի անոր վրայ»։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 20: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.