YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 19

19
ԻՍՐԱՅԷԼ ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՔՈՎ
1Երրորդ ամսուան մէջ՝ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելէն ետքը, նոյն օրը Սինայի անապատը հասան։ 2Քանզի Ռափիդիմէ չուեցին ու Սինայի անապատը գացին ու անապատին մէջ բանակ դրին։ Իսրայէլ հոն լերանը դէմ բանակ դրաւ։ 3Մովսէս Աստուծոյ ելաւ ու Տէրը լեռնէն կանչեց զանիկա՝ ըսելով. «Յակոբին տանը այսպէս ըսես եւ Իսրայէլին որդիներուն իմացնես. 4‘Դուք տեսաք ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն եւ ինչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի ու քովս բերի։ 5Եւ հիմա եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ 6Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք. Իսրայէլի որդիներուն ըսելիք խօսքերս ասոնք են’»։
7Մովսէս եկաւ ու ժողովուրդին ծերերը կանչեց եւ Տէրոջը իրեն պատուիրած այս բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կրկնեց։ 8Բոլոր ժողովուրդը միաբերան պատասխանեցին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը իմացուց։
9Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես քեզի կու գամ թանձր ամպի մը մէջ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ՝ երբ ես քեզի հետ խօսիմ ու նաեւ միշտ քեզի հաւատայ»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը պատմեց։ 10Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ ժողովուրդին եւ զանոնք սրբէ այսօր ու վաղը եւ թող իրենց լաթերը լուան։ 11Երրորդ օրուան համար պատրաստ ըլլան. քանզի երրորդ օրը Տէրը բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Սինա լերան վրայ պիտի իջնէ։ 12Դուն ժողովուրդին բոլորտիքը սահման դիր ու ըսէ՝ ‘Զգուշացէ՛ք լեռը ելլելէ կամ անոր ծայրին դպչելէ։ Ով որ լերանը դպչի, անշուշտ պիտի մեռցուի’։ 13Անոր ձեռք չդպչի. քանզի դպչողը անպատճառ պիտի քարկոծուի կամ նետով զարնուի. անասուն ըլլայ թէ մարդ՝ պիտի չապրի։ Երբ փողին ձայնը երկար հնչուի, անոնք լեռը պիտի ելլեն»։
14Մովսէս լեռնէն ժողովուրդին քով իջաւ ու սրբեց ժողովուրդը եւ անոնք իրենց լաթերը լուացին։ 15Անիկա ըսաւ ժողովուրդին. «Երրորդ օրուան համար պատրաստ եղէք. ձեր կիներուն մի՛ մերձենաք»։
16Երրորդ օրը առտուն որոտումներ ու կայծակներ կ’ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերանը վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը եւ բանակին մէջ եղած բոլոր ժողովուրդը զարհուրեցաւ։ 17Մովսէս բանակէն Աստուծոյ առջեւ հանեց ժողովուրդը եւ անոնք լերանը տակ կայնեցան։ 18Սինա լեռը բոլորովին կը մխար, վասն զի Տէրը անոր վրայ կրակով իջաւ ու անոր մուխը հնոցի մուխի պէս կ’ելլէր եւ բոլոր լեռը սաստիկ կը դողար։ 19Եւ քանի որ փողին ձայնը շատ կը սաստկանար, Մովսէս խօսեցաւ ու Աստուած ձայնով մը անոր պատասխան տուաւ։ 20Տէրը Սինա լերանը վրայ՝ լերանը գլուխը իջաւ ու Տէրը կանչեց Մովսէսը լերանը գլուխը եւ Մովսէս ելաւ։ 21Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իջի՛ր եւ ժողովուրդին պատուիրէ՛, որ չըլլայ թէ Տէրը տեսնելու համար սահմանէն անցնին ու կորսուին։ 22Տէրոջը մօտեցող քահանաներն ալ թող սրբուին, որ չըլլայ թէ Տէրը անոնց վրայ յարձակի»։ 23Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ժողովուրդը չի կրնար ելլել Սինա լեռը, վասն զի դուն մեզի պատուիրեցիր՝ ըսելով. ‘Սահման դի՛ր լերանը ու զանիկա սրբէ՛»։ 24Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛, վա՛ր իջիր ու Ահարոնին հետ մէկտեղ ելի՛ր. բայց քահանաներն ու ժողովուրդը Տէրոջը ելլելու համար սահմանէն չանցնին, որ չըլլայ թէ անոնց վրայ յարձակի»։ 25Ու Մովսէս ժողովուրդին քով իջաւ եւ այնպէս խօսեցաւ անոնց։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 19: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in