ԵԼԻՑ 14
14
ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑՔԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ դառնան ու Փիաիրօթէ առջեւ, Մագդողին ու ծովուն մէջտեղ բանակ դնեն, Բէեղսեփոնին առջեւ՝ անոր դէմ ծովուն քով բանակ դրէք։ 3Փարաւոն Իսրայէլի որդիներուն համար պիտի ըսէ թէ ‘Երկրին մէջ #14:3 Կամ, շփոթուածմոլորած են, անապատը անոնց բոլորտիքը պատեց’։ 4Փարաւոնին սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի իյնայ ու ես փարաւոնին վրայ եւ անոր բոլոր զօրքերուն վրայ պիտի փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։ Անոնք այնպէս ըրին։
5Եգիպտոսի թագաւորին պատմուեցաւ թէ՝ ժողովուրդը փախաւ։ Եւ Փարաւոնին ու անոր ծառաներուն սիրտը ժողովուրդին դէմ դարձաւ ու ըսին. «Մենք ինչո՞ւ ըրինք այս բանը ու թողուցինք որ Իսրայէլը ծառայութենէն հեռանայ»։ 6Փարաւոն իր կառքը պատրաստեց, ժողովուրդը իրեն հետ առաւ։ 7Վեց հարիւր ընտիր կառքեր ու Եգիպտոսի բոլոր կառքերը եւ անոնց ամէն մէկուն մէջ ոստիկաններ առաւ։ 8Տէրը Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին սիրտը կարծրացուց ու անիկա Իսրայէլի որդիներուն ետեւէն ինկաւ։ Իսրայէլի որդիները ձեռքերնին բարձրացնելով ելան։ 9Եգիպտացիները անոնց ետեւէն ինկան։ Փարաւոնին բոլոր ձիերն ու կառքերը եւ անոր ձիաւորներն ու զօրքերը եւ հասան անոնց՝ երբ բանակած էին ծովուն մօտ՝ Փիաիրօթի քով, Բէեղսեփոնի առջեւ։
10Երբ Փարաւոն մօտեցաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց աչքերը վերցուցին եւ տեսան Եգիպտացիները, որոնք իրենց ետեւէն կու գային։ Խիստ վախցան եւ Իսրայէլի որդիները աղաղակեցին Տէրոջը 11Եւ ըսին Մովսէսին. «Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր. ի՞նչ է այս մեզի ըրածդ, որ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ 12Այս չէ՞ր այն խօսքը, որ քեզի ըսինք Եգիպտոսի մէջ՝ ‘Թող տուր մեզի, որ Եգիպտացիներու ծառայութիւն ընենք. քանզի աւելի աղէկ է մեզի հոս ծառայութիւն ընել, քան թէ անապատին մէջ մեռնիլ’»։ 13Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասն զի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք։ 14Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի։ Դուք լո՛ւռ կեցէք»։
15Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ինչո՞ւ ինծի կ’աղաղակես. ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ չուեն 16Եւ դուն գաւազանդ վերցուր ու ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր ու ճեղքէ զայն որպէս զի Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով երթան։ 17Ես ահա Եգիպտացիներուն սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի գան։ Ես Փարաւոնին ու անոր բոլոր զօրքերուն վրայ, անոր կառքերուն ու անոր ձիաւորներուն վրայ պիտի փառաւորուիմ։ 18Երբ ես Փարաւոնին ու անոր կառքերուն եւ անոր ձիաւորներուն վրայ փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
19Աստուծոյ հրեշտակը, որ Իսրայէլի բանակին առջեւէն կ’երթար, անցաւ անոնց ետեւը։ Ամպի սիւնն ալ անոնց առջեւէն անցաւ ու անոնց ետին կայնեցաւ։ 20Եգիպտացիներու բանակին ու Իսրայէլի բանակին մէջտեղ եկաւ ու Եգիպտացիներու ամպ ու խաւար եղաւ, բայց գիշերը Իսրայելացիներուն լոյս կու տար։ Բոլոր գիշերը իրարու չմօտեցան։
21Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց ու Տէրը արեւելեան սաստիկ հովով ետ դարձուց ծովը եւ բոլոր գիշերը ջուրերը ճեղքուեցան, ծովը ցամքեցաւ 22Եւ Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով անցան։ Ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ եղան։
23Եգիպտացիները անոնց ետեւէն ինկան ու Փարաւոնին բոլոր ձիերը, կառքերն ու ձիաւորները անոնց ետեւէն ծովուն մէջը գացին։ 24Առտուն Տէրը Եգիպտացիներուն բանակին նայեցաւ կրակի ու ամպի սիւնէն ու Եգիպտացիներուն բանակը խռովութեան մէջ ձգեց։ 25Անոնց կառքերուն անիւները հանեց, որոնք դժուարութեամբ առաջ կ’երթային. այնպէս որ Եգիպտացիները ըսին. «Փախչինք Իսրայէլի երեսէն, վասն զի ահա Եհովա անոնց համար մեզի հետ կը պատերազմի»։
26Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր, որպէս զի ջուրերը Եգիպտացիներուն, անոնց կառքերուն ու անոնց ձիաւորներուն վրայ դառնան»։ 27Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց եւ առտուան դէմ ծովը իր տեղը դարձաւ ու Եգիպտացիները անոր առջեւէն փախան։ Տէրը խռովեցուց Եգիպտացիները ծովուն մէջ։ 28Եւ ջուրերը ծածկեցին Փարաւոնին կառքերն ու ձիաւորները եւ բոլոր զօրքերը՝ որոնք անոնց ետեւէն ծովուն մէջ մտած էին։ Անոնցմէ մէկն ալ ողջ չմնաց։ 29Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով կ’երթային եւ ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ էին։ 30Տէրը այն օրը Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատեց Իսրայէլը։ Իսրայէլ մեռած տեսաւ Եգիպտացիները ծովուն եզերքը։ 31Իսրայէլ տեսաւ այն մեծ #14:31 Եբր., ձեռքըգործը, որ Տէրը ըրաւ Եգիպտացիներուն վրայ։ Ժողովուրդը վախցաւ Տէրոջմէն ու հաւատաց Տէրոջը եւ անոր ծառային Մովսէսին։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 14: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.