YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 15

15
ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԵՐԳԸ
1Այն ատեն Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները այս երգը երգեցին Տէրոջը.
«Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է.
Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց։
2Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս
Եւ իմ փրկութիւնս եղաւ.
Անիկա է իմ Աստուածս ու պիտի փառաւորեմ զանիկա.
Իմ հօրս Աստուածն է ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա։
3Տէրը հզօր պատերազմող է.
Անոր անունը ԵՀՈՎԱ է։
4Փարաւոնին կառքերն ու անոր զօրքերը ծովը նետեց
Եւ անոր ընտիր ոստիկանները Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմեցան։
5Անդունդները ծածկեցին զանոնք.
Քարի պէս խորունկը իջան։
6Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, փառաւորեալ է զօրութեամբ.
Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, խորտակեց թշնամին։
7Քու փառքիդ մեծութիւնովը քեզի դէմ կեցողները կործանեցիր,
Քու բարկութիւնդ ղրկեցիր, որ զանոնք յարդի պէս կերաւ։
8Քու շունչիդ փչելովը ջուրերը հաւաքուեցան.
Հեղեղները դէզի պէս կայնեցան.
Ծովուն մէջտեղը անդունդները պաղեցան։
9Թշնամին ըսաւ. ‘Պիտի հալածեմ, պիտի հասնիմ,
Աւարը պիտի բաժնեմ.
Իմ անձս անոնցմէ պիտի կշտանայ.
Իմ սուրս պիտի քաշեմ,
Իմ ձեռքս զանոնք պիտի աւրէ’։
10Քու հովդ փչեցիր, ծովը զանոնք ծածկեց.
Զօրաւոր ջուրերուն մէջ կապարի պէս ընկղմեցան։
11Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։
Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի,
Հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման։
12Քու աջ ձեռքդ երկնցուցիր,
Երկիրը զանոնք կլլեց։
13Քու ողորմութիւնովդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդին որ դուն փրկեցիր.
Քու զօրութիւնովդ տարիր զանոնք քու սուրբ բնակութիւնդ։
14Ժողովուրդները պիտի լսեն ու սարսափին.
Փղշտացիներուն երկրին բնակիչները ցաւ պիտի բռնէ։
15Այն ատեն Եդովմին իշխանները պիտի տագնապին,
Մովաբին զօրաւորները պիտի դողան.
Քանանի բոլոր բնակիչները պիտի հալին։
16Անոնց վրայ վախ ու դող պիտի իյնայ.
Քու բազուկիդ մեծութենէն քար պիտի կտրին,
Մինչեւ անցնի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Տէր,
Մինչեւ անցնի այս ժողովուրդը, որ դուն ստացար։
17Պիտի բերես զանոնք ու քու ժառանգութեանդ լեռը պիտի տնկես զանոնք,
Ո՛վ Տէր, այն տեղը, որ քու բնակութեանդ համար շինեցիր.
Ո՛վ Տէր, այն սրբարանին մէջ, որ քու ձեռքերդ շինեցին։
18Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։
19Քանզի Փարաւոնին ձիերը իր կառքերովն ու ձիաւորներովը ծովը մտան եւ Տէրը ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց. բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով գացին։
ՄԱՐԻԱՄԻՆ ԵՐԳԸ
20Ահարոնին քոյրը՝ Մարիամ մարգարէուհին՝ թմբուկը իր ձեռքը առաւ ու բոլոր կիները թմբուկներով ու պարերով անոր ետեւէն ելան։ 21Եւ Մարիամ ըսաւ անոնց.
«Երգեցէ՛ք Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է.
Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց»։
ԴԱՌՆ ՋՈՒՐ
22Մովսէս Կարմիր ծովէն ճամբայ հանեց Իսրայէլը ու Սուրի անապատը ելան, երեք օրուան ճամբայ գացին անապատին մէջ, բայց ջուր չգտան։ 23Երբ Մեռա հասան, չէին կրնար խմել Մեռայի ջուրերէն, վասն զի դառն էին. անոր համար անոր անունը #15:23 Այսինքն, դառնութիւնՄեռա կոչուեցաւ։ 24Ժողովուրդը տրտնջեց Մովսէսին դէմ՝ ըսելով. «Ի՞նչ խմենք»։ 25Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը անոր փայտ մը ցուցուց, որ ջուրերուն մէջ դրածին պէս՝ ջուրերը անուշցան։ Հոն անոնց կարգ կանոն դրաւ եւ հոն փորձեց զանոնք 26Եւ ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը քու Աստուծոյդ ձայնին ուշադրութեամբ մտիկ ընես ու ինչ որ անոր առջեւ շիտակ է՝ ընես եւ անոր պատուիրանքներուն ականջ դնես ու անոր բոլոր կանոնները պահես, այն ախտերէն մէ՛կը քու վրադ պիտի չբերեմ, որոնք Եգիպտացիներուն վրայ բերի. քանզի ես եմ Տէրը, որ քեզ կը բժշկեմ»։
27Հասան Եղիմ, ուր տասներկու ջուրի աղբիւրներ ու եօթանասուն արմաւենիներ կային։ Հոն՝ ջուրերուն քով՝ բանակ դրին։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 15: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in