YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 13

13
ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Սրբէ՛ ինծի ամէն անդրանիկ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացողը, մարդ կամ անասուն։ Ան իմս է»։
ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐԱՑ ՏՕՆԸ
3Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Յիշեցէ՛ք այն օրը, երբ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ ելաք, վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով ձեզ անկէ հանեց։ Խմորեալ հաց պիտի չուտէք։ 4Դուք այսօր ելաք, Ապիպ ամսուան մէջ։ 5Երբ Տէրը տանելու ըլլայ քեզ Քանանացիներու ու Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Խեւացիներու եւ Յեբուսացիներու երկիրը, որոնք քեզի տալու համար քու հայրերուդ երդում ըրաւ՝ այն երկիրը ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, այս ամսուան մէջ պիտի կատարես այս պաշտօնը։ 6Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես եւ եօթներորդ օրը տօն պիտի ըլլայ Տէրոջը։ 7Այն եօթը օրերուն մէջ բաղարջ պիտի ուտուի ու քովդ խմորեալ հաց պիտի չտեսնուի, ո՛չ ալ քու քովդ խմոր պիտի տեսնուի քու բոլոր սահմաններուդ մէջ։ 8Այն օրը քու որդիիդ պիտի պատմես՝ ‘Այս անոր համար է, որ Տէրը ըսաւ ինծի, երբ ես Եգիպտոսէն ելայ։ 9Ասիկա քեզի նշանի համար պիտի ըլլայ ձեռքիդ վրայ ու քու աչքերուդ մէջտեղ յիշատակի համար, որպէս զի Տէրոջը օրէնքը քու բերնիդ մէջ ըլլայ. վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով քեզ հանեց Եգիպտոսէն։ 10Ուստի դուն այս կանոնը տարիէ տարի իր ատենին պիտի պահես’։
ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ
11Երբ Տէրը քեզ Քանանացիներու երկիրը տանի, ինչպէս քեզի ու քու հայրերուդ երդում ըրաւ, որ զանիկա քեզի տայ, 12Այն ամէնը որ արգանդ կը բանայ, Տէրոջը համար պիտի զատես եւ քու ունեցած անասունիդ ամէն անդրանիկ արուները Տէրոջը պիտի ըլլան։ 13Եւ իշուն ամէն անդրանիկը ոչխարով մը փրկես եւ եթէ չփրկես, անոր վիզը կտրես։ Քու որդիներուդ մէջ մարդոց ամէն անդրանիկին փրկագին պիտի տաս։ 14Երբ քու որդիդ #13:14 Եբր., վաղըօր մը՝ ՝ քեզի հարցնէ՝ ‘Ի՞նչ է այս’, անոր պիտի ըսես թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ զօրաւոր ձեռքով հանեց։ 15Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակել չուզեց, Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ, մարդու կամ անասունի, մեռցուց, անոր համար եւ ամէն արգանդ բացող արուն Տէրոջը զոհ կ’ընեմ ու իմ որդիներուս ամէն անդրանիկի փրկագին կու տամ’։ 16Ասիկա քու ձեռքիդ վրայ նշանի համար ու աչքերուդ մէջտեղ ճակատնոցի համար ըլլայ, վասն զի Տէրը մեզ Եգիպտոսէն զօրաւոր ձեռքով հանեց»։
ԱՄՊԻ ՍԻՒՆԸ ԵՒ ԿՐԱԿԻ ՍԻՒՆԸ
17Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացիներուն երկրին ճամբայէն չտարաւ, թէեւ այն ճամբան մօտ էր, քանզի Աստուած ըսաւ. «Չըլլայ թէ ժողովուրդը զղջայ, երբ պատերազմը տեսնէ ու Եգիպտոս դառնայ»։ 18Հապա Աստուած ժողովուրդը Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն պտտցուց ու Իսրայէլի որդիները գունդ գունդ Եգիպտոսի երկրէն ելան։ 19Մովսէս Յովսէփին ոսկորները իրեն հետ առաւ. վասն զի անիկա Իսրայէլի որդիներուն հաստատ երդում ընել տուած էր՝ ըսելով. «Անշուշտ Աստուած ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ, այն ատեն իմ ոսկորներս ասկէ ձեզի հետ հանեցէք»։
20Սոկքովթէն չուեցին ու Ոթոմի մէջ անապատին ծայրը իջեւան ըրին։ 21Տէրը անոնց առջեւէն կ’երթար ցորեկը ամպի սիւնով՝ անոնց ճամբայ ցուցնելու համար ու գիշերը կրակի սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար, որպէս զի ցորեկ ու գիշեր երթան։ 22Ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը կրակի սիւնը ժողովուրդին առջեւէն չպակսեցուց։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 13: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in